Ուրբաթ, 10 Հոկտեմբեր, 2014-ի երեկոյեան, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ աւանդական Ս. Թարգմանչաց տօնի նախատօնակը, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։ Արարողութեան ներկայ էին Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Շահան Արք. Սարգիսեան, որ հիւրաբար մեր Թեմը կը գտնուի, Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապաքեան եւ Թեմիս հոգեւորական դասը:
Երեկոյեան ժամերգութեամբ եւ Թարգմանչաց Սուրբերու նուիրուած շարականներու երգեցողութեամբ, ժողովուրդը հոգեպարար պահ մը ապրեցաւ:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ողջունեց հոգեւորականաց դասը, Ազգ. Վարչութեան անդամները, շրջանի միութեանց ներկայացուցիչներն ու հաւատացեալ ժողովուրդը, եւ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ տարիներու աւանդութիւն դարձած նախատօնակին եւ անոր իմաստին: Ան նշեց թէ Սուրիոյ մէջ տիրող տագնապի սկիզբէն, Արեւմտեան մեր Թեմը իր զօրակցութեամբ յատուկ դերակատարութիւն ունեցած է, եւ կոչ ուղղեց որ շարունակենք սրտակցիլ ու մասնաւորապէս աջակցիլ Սուրիոյ աշակերտութեան: Ապա, ներկայացնելով Բերիոյ Թեմի Առաջնորդը, հրաւիրեց իր պատգամը փոխանցելու։
Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ վեր առաւ Թարգմանիչ Սուրբերու տարած մշակութային անմոռաց նուաճումը: Ապա շեշտեց, թէ Հայ ժողովուրդը, ուր որ ալ ըլլայ, ինքզինք կը նկատէ ազգի ամբողջութեան մէկ անբաժանելի մասնիկը: Թէեւ տարբեր երկիրներու մէջ, սակայն միասնական ուժ կը ներկայացնէ: Խօսելով Սուրիոյ մէջ տիրող ահազանգային կացութեան մասին, Շահան Սրբազան հաւատաւոր ժողովուրդին աղօթակցութիւնը խնդրեց, շեշտելով թէ յուսահատութիւնը ընդունելի չէ քրիստոնեային համար, եւ թէ՝ որպէս Քրիստոնէութիւնը պետականօրէն ընդունող առաջին ազգի զաւակներ՝ Սուրիոյ հայութիւնը հաւատքով եւ յոյսին կառչած, կը տոկայ այս ծանր օրերուն:
Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, “Եղիա Սարաֆեան” դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին ժողովուրդը առիթը ունեցաւ զրուցելու զոյգ Առաջնորդերուն հետ, եւ յաւելեալ տեղեկութիւններ քաղելու Սուրիոյ տագնապին ու անոր հետեւանքներուն մասին: