Չորեքշաբթի, 13 Փետրուար 2019-ին, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ նշուեցաւ Քրիստոսի քառասնօրեայ տաճար գալստեան եւ ընծայման՝ Տեառնընդառաջի նախատօնակը, օրուան արարողութեամբ ու խարոյկի հրավառումով։
Համաձայն տարիներու աւանդութեան, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան նախագահեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ նախատօնակի արարողութեան կատարեց անդաստանը եւ խարոյկի հրավառումը։ Արարողութեան մասնակից էին Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանն ու Թեմիս հոգեւորականաց դասու անդամներ։ Ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Կարօ Էշկիեան եւ անդամ Ճորճ Չորպաճեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան անդամներ, խմբապետներ ու սկաուտներ, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձուներ, Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներ եւ բազմահարիւր հաւատացեալներ։
Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամին մէջ յատկապէս վեր առաւ ընծայման տօնին խորհուրդը եւ մեր տիրոջ ընդառաջ երթալու պատգամը եւ ողջունեց, աւելի քան քսան տարիէ ի վեր աւանդոյթի վերածուած Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտներուն եւ արենոյշներուն մասնակցութիւնը, եւ կոչ ուղղեց, որ անոնք, իբրեւ հաւատարիմ զաւակները Աստուծոյ, եկեղեցւոյ եւ ազգին, անշեղ կերպով շարունակեն մեր ուխտաւորութիւնը, որպէսզի ոչ մէկ սպառնալիք կարենայ մեզ բաժնել մեր հաւատքէն ու եկեղեցիէն։
Առաջնորդ Սրբազանին պատգամը ունէր երեք հիմնական յորդորներ։ Առաջին հերթին, ան յիշեցուց Քրիստոսի երկրաւոր ծնողներուն՝ Յովսէփի եւ Մարիամի Աստուծոյ օրէնքին հաւատարմութիւնն ու հնազանդութիւնը, սկսելով Աստուծոյ հրեշտակին կողմէ աւետումէն ու այնուհետեւ Աստուծոյ կամքին հնազանդ ու հաւատարիմ իրենց կենցաղով, հետեւաբար, քրիստոնեան ալ կոչուած է հետեւելու անոնց հնազանդութեան ու Աստուծոյ պատուիրաններուն հաւատարմութեան օրինակին, որպէսզի իւրաքանչիւրս ապրինք մեր հայրերու հաւատքի հետեւողութեամբ։ Երկրորդ՝ Սիմէոն Ծերունին եւ Աննա Մարգարէուհին Ս. Հոգւոյ առաջնորդութեամբ, զգօնութեամբ, արթուն մտքով ու պատրաստ հոգիով ապրեցան, իրենց սեփական աչքերով Փրկիչը տեսնելու յոյսով։ Այս առաքինութիւններուն շնորհիւ, արժանի եղան Փրկիչին հանդիպելու։ Իրենց օրինակին հետեւելով մենք եւս հաւատքով ու հաւատարմութեամբ ապրինք մեր ընտանեկան եւ հաւաքական կեանքին մէջ արդարութեամբ, հնազանդութեամբ, զգօնութեամբ եւ զգուշանանք այն ընթացքէն, որ անյարիր է մեր հաւատքին եւ քրիստոնէական սկզբունքներուն։ Վերջապէս, Առաջնորդ Սրբազանը հաւատացեալները, Հ.Մ.Ը.Մ.-ական սկաուտներն ու արենոյշները հրաւիրեց տօնին պատգամով առաջնորդուելու եւ Տեառնընդառաջի տօնը Աստուծոյ, Եկեղեցիին եւ Ազգին ընծայումի տօնի վերածելու եւ յորդորեց հաւաքական ընծայումը յարատեւօրէն վերանորոգելու, հաւատքով նուիրուելու մեր առաքելութեանց, մաղթելով, որ բոլորին հոգիի լապտերները մնան ջերմ ու անմար։
Աւարտին, տեղի ունեցան Քրիստոսի լոյսը խորհրդանշող՝ խորանէն բերուած մոմի լուսաւորութիւնն ու մանուկներու Ս. Խորան ընծայման արարողութիւնը։
ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԽԱՐՈՅԿ ԵՒ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ
Այնուհետեւ, հոգեւոր հայրերն ու հաւատացեալները թափօրով դուրս եկան եկեղեցիէն եւ, հակառակ անձրեւաբեր եղանակին, համախմբուեցան բակին մէջ, ուր Սրբազանը Ս. խորանէն բերած լոյսով կատարեց հրավառութիւնը։ Երգուեցան «Զարթիր Որդեակ»ն ու Վարդանանցի տօնին նուիրուած «Հիմի էլ Լռենք» հայրենասիրական երգերը։ Հանդիսաւոր պահը աւարտին հասաւ «Կիլիկիա»ի ու «Մեր Հայրենիք»ի խմբերգումով։
Առաջնորդ Սրբազանին «Պահպանիչ» աղօթքէն ու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «Յառաջ Նահատակ» քայլերգի երգեցողութենէն ետք, տօնական պահը շարունակուեցաւ տոհմիկ երգերու ու պարերու խանդավառ մթնոլորտին մէջ։
Հաւատացեալները Ս. խորանէն վառուած մոմեր տարին իրենց հետ, Քրիստոսի լոյսով լուսաւորելու իրենց տուները։
ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ՝ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ
Արարողութենէն ետք, «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտներուն հետ Առաջնորդ Սրբազանին աւանդական ընթրիքի երեկոն, հիւրընկալութեամբ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան։
Նախատեսուած էր կոկիկ յայտագիր մը, զոր վարեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան։ Սրտի ու ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին Ազգային Վարչութեան անդամ Տիար Ճորճ Չորպաճեան, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Ռուբէն Գիւրջեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան անդամ Տիկ. Նորա Չափարեան, որոնք խրախուսական խօսքեր ուղղեցին երիտասարդ Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներուն գնահատեցին այս աւանդութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին Առաջնորդ Սրբազանին, որ ամէն տարի կը հովանաւորէ ու մասնակից կ’ըլլայ այս աւանդական հանդիպումին։
Առաջնորդ Սրբազանը խօսք առնելով, առանձին գնահատանքի արժանացուց մասնակից սկաուտներն ու արենոյշները, իւրայատուկ համարելով անոնց հայկական նկարագիրն ու մանաւանդ անոնց ազգային հպարտութիւնը, անգամ մը եւս յորդորելով, որ մնան հաւատարիմ՝ մեր եկեղեցական ու ազգային աւանդներուն։
Աւարտին, սկաուտներուն յանձնուեցան յուշանուէրներ։