Թարգմանչաց Տօնին Առիթով Նախատօնակի Արարողութիւն


Ս. Թարգմանչաց տօնին առիթով, Ուրբաթ, 9 Հոկտեմբեր 2015ի երեկոյեան, նախատօնակի արարողութիւն տեղի ունեցաւ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասուն: Առաջնորդ Սրբազանն ու հոգեւորականները նոր վերադարձած էին Արեւելեան Թեմէն, ուր շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցած էր Ամերիկայի երեք Թեմերու հոգեւորականաց միացեալ համագումարը նուիրուած՝ Թարգմանիչ Հայրերուն աւանդին, «Վերանորոգեալ Յանձնառութիւն` Նահատակներու Կտակով» նշանաբանով։

Այս առիթով իր ուղղած պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը առաջին հերթին գնահատանք արձանագրեց եկեղեցւոյ հովիւին եւ հոգարաձութեան, որոնք նոր ամբողջացուցած էին եկեղեցւոյ նորոգութեան ու բարեզարդման աշխատանքը, մաղթելով, որ սա առիթ ըլլայ նաեւ հոգեկան վերանորոգութեան, եւ ծխական համայնքը եկեղեցւոյ շուրջ բոլորուի՝ մեր սրբազան հայրերու ժառանգութիւնը հարստացնելու կամքով:

Առաջնորդ Սրբազանը փառք տուաւ Աստուծոյ, որ առիթը կ’ընծայէ հաւաքաբար նշելու Ս. Թարգմանչաց տօնը եւ վերանորոգելու անոնց ժառանգութեան հաւատարմութեան ուխտը՝ ծառայելու մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին: Ան ընդգծեց, որ այս տօնը վերակենսաւորման առիթ է նաեւ հոգեւորականներուն, որոնք անցեալ օրերուն, միացեալ համագումարին ընթացքին, աղօթքներու, խորհրդածութիւններու եւ խորհրդակցական հանդիպումներու ճամբով, վերանորոգեցին իրենց ծառայական կեանքն ու հայցեցին մեր սրբացեալ նահատակներուն աւանդին հաւատարմութեան ուխտը:

Առաջնորդ Սրբազանը կանգ առաւ թարգմանիչ հայրերու նուիրաբերումին եւ իրագործումներուն առջեւ, նշելով, որ անոնց զոհաբերութիւնը ունէր յստակ նպատակ՝ լուսաւորել մեր ազգը: Անոնք իրենց աստուածատուր շնորհքները ի սպաս դրին մեր ժողովուրդին, հնարեցին հայերէն գիրերը, որոնց ճամբով, մեր ժողովուրդը առիթը ունեցաւ սեփական լեզուով կարդալու Աստուծոյ խօսքը եւ այնուհետեւ, մեր հաւատքը խորապէս արմատացաւ մեր մէջ: Իբրեւ ժառանգորդները սքանչելի սրբազան հայրերուն, մենք ալ պարտականութիւնը ունինք օրինակելու անոնց հաւատքը, ջանասիրութիւնն ու ծառայութեան ոգին, ու ամէնէն կարեւորը՝ պէտք է դառնանք Քրիստոսի հաւատարիմ աշակերտները: Պէտք է մանաւանդ նոր սերունդին փոխանցել Թարգմանիչ հայրերու ոգեղէն ժառանգութիւնն ու աւանդները, շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը, եւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որպէսզի մեր Սրբազան Հայրերն ու սուրբերը առաջնորդ ըլլան մեր ուղիին:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022