ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ – ԹԱՐԳՄԱՆԻՉ ՀԱՅՐԵՐԸ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՕՐԻՆԱԿԵԼԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՆ ԷԻՆ, ՄԵՐ ՄԵԾ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին Շաբաթ, 13 Հոկտեմբերին, նշեց Ս. Թարգմանչաց տօնը, յարգանքի տուրք մատուցելով Հայ Գիրի գիւտարար Ս. Մեսրոպ Մաշտոց վարդապետին ու անոր աշխատանքը հովանաւորող Ս. Սահակ Պարթեւ կաթողիկոսին, Վռամշապուհ թագաւորին, ապա նաեւ հայ գիրերու ճամբով մեր գրաւոր մշակոյթը սկզբնաւորող թարգմանչաց սերունդին։

Թարգմանչաց նախատօնակին, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ արարողութիւն, հանդիսապետութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասու անդամներուն։ Այս առիթով իր արտասանած պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը վեր առաւ թարգմանիչ հայրերուն անփոխարինելի դերակատարութիւնը՝ Հայ ժողովուրդի պահպանման ու գոյատեւման մէջ։ Իբրեւ խօսքի բնաբան՝ Առաջնորդ Սրբազանը ընտրած էր թարգմանչաց տօնին նուիրուած շարականի հետեւեալ տողերը, ուր սրբազան շարականագիրը, պանծացնելով յիշատակը թարգմանիչ վարդապետներուն, առ Աստուած գոհութիւն եւ երախտանքի աղօթք կը վերառաքէր եղանակելով. »Տէր Աստուած, սուրբ թարգմանիչներու միջոցաւ երկնային գիտութիւնը եւ հոգեւոր իմաստութիւնը առատապէս տարածեցիր Հայաստանեայց եկեղեցւոյ մէջ, որով մեր ազգը աստուածգիտութեամբ լուսաւորուեցաւ«։ Ան աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որպէսզի օրհնէ յիշատակը թարգմանչաց սերունդին. »Այս տօնը միայն կրօնական խորքով տօն չէ, այլ ազգային տօն մըն է, տօնը մեր ինքնութեան ու հաւատքին«, շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը, վեր առնելով սքանչելի սերունդին դերակատարութիւնը՝ գիրի ու գրականութեան ճամբով մեր ազգային դիմագիծի կերտումին մէջ, ապա նաեւ անոնց թողած աւանդը, իրերայաջորդ սերունդներու պահպանման իմաստով։ Ան յիշեցուց, որ թարգմանիչ հայրերը, Աստուածաշունչը հայերէնի թարգմանելով, Աստուծոյ խօսքը փոխադրեցին հայութեան սրտին ու հոգիին մէջ։

Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ նաեւ այն իրողութեան, որ այս շաբաթավերջին, տեղի կþունենայ բացումը Ս. Աթոռոյս Դպրեվանքին։ Դպրեվանքի սաները յառաջիկայ շաբաթ դպրեվանք կը վերադառնան, կերտելու համար անոր ուսումնական 83րդ տարեշրջանը։ »Մեր Թեմին մէջ աւանդութիւն դարձած է, որ Թարգմանչաց տօնի օրերուն, յատուկ հանդիսութեամբ տօնախմբենք նաեւ Դպրեվանքի օրը։ Անցեալ տարի, մենք բախտը ունեցանք Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ներկայութեան տօնակատարելու Դպրեվանքի օրը, Վեհափառ Հայրապետին շնորհաբեր այցելութեան առիթով, ու վայելեցինք մեր հաւատացեալներուն զօրակցութիւնն ու առատաձեռն աջակցութիւնը՝ Դպրեվանքի առաքելութեան«, յիշեցուց Առաջնորդ Սրբազանը։

Խօսելով Թարգմանչաց Սերունդի արժանիքներուն մասին, Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ անոնք Աստուծոյ պատգամներուն հաւատարիմ ծառաներն ու կիրարկողներն էին, իրենց ծառայութեամբ, անոնք մարմնաւորեցին Աստուծոյ խօսքն ու կամքը։ »Ս. Մեսրոպ, Ս. Սահակ եւ Վռամշապուհ միայն Աստուծոյ հաւատարիմ աշակերտները չէին, այլ նաեւ եղան մեծ ուսուցիչներ, որպէսզի մենք եւս հետեւինք իրենց քայլերուն եւ օրինակին«, ընդգծեց Առաջնորդ Սրբազանը, յիշեցնելով, որ անոնք մեզի համար հերոսներ են, որոնք վերանորոգեցին ու յեղաշրջեցին մեր ազգային կեանքը, մեզ աւելի մօտեցուցին Աստուծոյ, որովհետեւ Հայ Գիրերու գիւտը առիթ տուաւ, որ Աստուած մեր ժողովուրդին հետ խօսի հայերէն։ »Այս երեկոն, շարունակեց Առաջնորդ Սրբազանը, առիթ մըն է վերանորոգելու մեր ուխտը, վերահաստատելու մեր հաւատարմութիւնը, թէ մեր կարգին պիտի մնանք նորահաս սերունդի ուսուցիչները եւ ուղղութիւն պիտի տանք անոնց հոգեւոր եւ ազգային կեանքին։ Եթէ կը ձգտինք փոփոխութիւններու, նախանձախնդիր ըլլանք, որ փոփոխութիւնները ըլլան դէպի բարին ու դրականը, ի շահ մեր հաւաքականութեան եւ եկեղեցւոյ, եւ ի փառս Աստուծոյ«, ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը, եւ իր խօսքը եզրափակեց աղօթելով առ Աստուած, որ մաքրէ մեր միտքերը, սիրտերը, մինչ մենք կը ծառայենք ի խնդիր մեր հաւատքին, եկեղեցւոյ եւ ի փառս Աստուծոյ։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022