ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ Ս. ՏՐԴԱՏ ԵՒ Ս. ԱՇԽԷՆ ՄԱՏՐԱՆ ՄԷՋ

Ուրախ ենք յայտնելու, որ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, շարունակելով տարիներու աւանդութիւնը, Շաբաթ, 30 Յունիսէն սկսեալ ու ամէն Շաբաթ երեկոյ, ժամը 6ին, Կիրակմուտքի արարողութիւն տեղի պիտի ունենայ Ազգ. Առաջնորդարանի Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն մատրան մէջ։

Յառաջիկայ Շաբաթ, 30 Յունիսը մեր եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, տօնն է Հայաստան աշխարհի առաջին քրիստոնեայ թագաւորին ու թագուհիի՝ Ս. Տրդատի եւ Ս. Աշխէնի, որ նաեւ տօնն է Ազգ. Առաջնորդարանի մատրան։

Կիրակմուտքի արարողութեանց պատասխանատուն է Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան։ Արարողութեանց հերթաբար ներկայ պիտի ըլլան Առաջնորդ Սրբազանն ու հոգեւոր հայրեր։ Արարողութեանց աւարտին, տեղի պիտի ունենայ հոգեւոր խորհրդածութիւն։ 30 Յունիսի խորհրդածութիւնը պիտի կատարէ Կրօնական Ժողովի ատենապետ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան։

Կոչ կþուղղենք մեր ժողովուրդին, ու յատկապէս երիտասարդութեան, որպէսզի ներկայ ըլլան այս արարողութիւններուն։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022