Նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ նախաձեռնութեամբ ու հրաւէրով Ազգային Վարչութեան, Չորեքշաբթի, 10 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Ազգային Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում մը, որուն հրաւիրուած էին մեր եկեղեցիներու Հոգեւոր Հովիւները, Ազգ. Երեսփոխանական ժողովի անդամները, հոգաբարձութիւններն ու տիկնանց միութիւններու անդամները, ինչպէս նաեւ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինը։
Հանդիպումը, ինչպէս անցեալի նման ժողովներ՝ առիթ մըն էր խորհրդակցելու անմիջական ծրագիրներու, ծխական շրջանները յուզող հարցերու եւ Ազգային Վարչութեան հետ ծուխերու գործակցութիւնը աւելի եւս արդիւնաւորելու միջոցներուն շուրջ։
Նկատի ունենալով, որ 2018 տարին Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ Ս. Աթոռոյս հովանին վայելող Թեմի 60-ամեակն է ու Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ մեր Թեմի հաստատման 45-ամեակը, հանդիպումը նուիրուած էր այս զոյգ տարեդարձներուն։ Այս առթիւ ներկայացուեցաւ դասախօսութիւն մը, հակիրճ պատմականով մը լուսարձակի տակ բերելու համար երկու տարեդարձներն ու կերտուած ուղին։ Դասախօսն էր Ազգ. Վարչութեան նախկին անդամներէն Բարշ. Մարք Աւ. Սրկ. Շիրին։
Հանդիպումը սկսաւ Տէրունական Աղօթքով ու Առաջնորդ Սրբազանին ողջոյնի խօսքով։ Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, թէ «այսօր դարձեալ ի մի խմբուած են Թեմիս ծխական մարմիններու նուիրեալ ծառայողները, իբրեւ մէկ ընտանիքի անդամներու, նպատակ ունենալով բաժնեկցիլ մեր մտահգութիւններն ու ծրագիրները։ Յայտագիրը ունի երկու բաժին. առաջին բաժինով պիտի ներկայացուի մեր գործունէութիւնը վերաշխուժացնող գաղափարներ ու ծրագիրներ, իսկ երկրորդ բաժինով՝ բանախօսութիւն մը, նուիրուած զոյգ յոբելեաններուն»։ Առաջնորդ Սրբազանը մաղթեց, որ այս համախմբումը առիթ մը ըլլայ Ս. Աթոռոյս հանդէպ մեր ուխտի վերանորոգման եւ իբրեւ մէկ հաստատութիւն՝ Թեմ, եկեղեցի, վարժարան, մէկ ուղղութեամբ յառաջ ընթանալու։
Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիար Կարօ Էշկիեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, մասնաւորաբար հեռակայ շրջաններէ ժամանողներուն, յոյս յայտնելով որ ներկայացուելիք նիւթերն ու դասախօսութիւնը մեծապէս օգտակար ըլլան բոլորին։
Ազգային Վարչութեան անդամներէն Տիար Արա Շապանեան, յանուն Ազգային Վարչութեան, ներկայացուց մեր ծխական շրջաններու գործունէութիւնը վերաշխուժացնող գաղափարներ ու առաջարկեց ծրագիրներ. մեկնելով իբրեւ հոգաբարձու տարիներու ծառայական իր փորձառութենէն, ան մասնաւորաբար անդրադարձաւ երիտասարդութիւնը ներգրաւելու եւ մեր հաւատացեալ ժողովուրդը աւելի եւս եկեղեցւոյ մօտեցնելու միջոցներուն, ապա պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն։
Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, ատենապետ Կրօնական Ժողովի, ներկայացուց օրուան բանախօսը՝ իբրեւ դպրեվանեցի, երկար տարիներու նուիրեալ ծառայող, մասնաւորաբար Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ հոգաբարձու, երեսփոխան, նաեւ անդամ նախկին Ազգային վարչութեան։
Մարք Սարկաւագ առաջին հերթին ակնարկով մը ներկայացուց Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան 20-րդ դարու պատմութիւնը, յիշեցնելով, որ հայ ժողովուրդի արհաւիրքի օրերուն, լուսամիտ հայրապետ երջանկայիշատակ Տ. Սահակ Բ. Կաթողիկոս եւս դարձած էր տարագիր իր հօտին հետ, սակայն մնացած է յուսալից, գաղթականի ցուպը ձեռքին հզօր հաւատքով թափառած էր ու երբ Կիլիկեան միաբանութիւնը մնացած էր անտուն ու առանց Աթոռի, Վեհափառ Հայրապետը անցած էր իրագործումներու՝ Կաթողիկոսութեան նստավայրը հաստատելով Անթիլիասի մէջ 1929-ին, նաեւ կազմակերպելով Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նոր Թեմեր, եւ նախաձեռնած շինարարական ու կազմակերպական հսկայ աշխատանքի, հակառակ իր յառաջացած տարիքին։ Սահակ Բ. Կաթողիկոս կամրջած է հինը նորին, Արմաշը Անթիլիասի Դպրեվանքին եւ Սիսի Մայրավանքը Անթիլիասի նոր Աթոռանիստին։
Յաջորդ բաժինով, Մարք Սարկաւագ հակիրճ պատմական մը տուաւ Ամերիկայի մէջ Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի հաստատման պարագաներուն, նշելով, որ թէեւ անիկա պաշտօնական դեր չէ ունեցած ամերիկահայոց թեմի վաղեմի պատմութեան մէջ, սակայն կիլիկեան միաբանները ճակատագրական դեր ունեցած են անոր կազմաւորման մէջ։ 1911 թուականներէն ի վեր, կիլիկեան միաբաններ այցելած են Հիւսիսային Ամերիկայի Թեմը, օրինակ՝ Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ նաւակատիքին ու օծումին առիթով, 1914-ին, Պոսթընի մէջ առաջնորդական տեղապահներ ընտրուած են Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն. ան յիշեց որ ի պատասխան Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին միացած եկեղեցիներու երեսփոխանական ժողովի դիմումին, գումարուած 24 Փետրուար 1957-ին, Թեմի պաշտօնական հաստատումը եղած է 1957 Հոկտեմբերին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս երջանկայիշատակ Տ.Տ. Զարեհ Վեհափառի սրբատառ կոնդակով։ Ապրիլ 1959-ին, Ազգային երեսփոխանական Ժողովը իբրեւ Առաջնորդական տեղապահ ընտրած է Տ. Հրանդ Եպս. Խաչատուրեանը, որ այդ հանգամանքով ծառայած է մինչեւ 1961, երբ 11 Նոյեմբերին գումարուած երեսփոխանական Ժողովին կողմէ ընտրուած է իբրեւ առաջին լիազօր Առաջնորդ։
Այնուհետեւ, յարգելի դասախօսը մանրամասնօրէն խօսեցաւ Արեւմտեան Թեմի հաստատման տուն տուող պատճառներուն մասին, նշելով որ երբ 1970-ական թուականներէն սկսեալ, հայութեան թիւը մեծ աճ արձանագրած է մանաւանդ Լոս Անճելըսի մէջ, իբրեւ հետեւանք միջին արեւելքի ու Պարսկաստանի քաղաքական պայմաններու փոփոխութեան, եւ արեւելեան ափին հաստատուած Առաջնորդարանը այլեւս կարելիութիւն չունէր գործնապէս իր մատակարարութիւնն ու խնամքը տալու հեռակայ մեր եկեղեցիներուն, 1972-ին, Արեւմտեան շրջանին մէջ հաստատուած մեր եկեղեցիներու երեսփոխանները պաշտօնապէս դիմած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս երջանկայիշատակ Տ.Տ. Խորէն Ա. Կաթողիկոսին, արեւմտեան շրջանին մէջ առանձին Թեմ հաստատելու խնդրանքով։ Վեհափառ Հայրապետը ընդառաջած է եւ նոյն տարին, մեր Թեմի առաջնորդ ընտրուած է Տ. Սմբատ Ծ. Վրդ. Լափաճեան։
Վերջին բաժինով, դասախօսը հանգամանօրէն մանրամասնեց Թեմիս 45 տարիներու ուղին ու վեր առաւ նաեւ Թեմիս մէջ ծառայած իւրաքանչիւր Առաջնորդի գործունէութիւնն ու իրագործումները, շինարարական, հրատարակչական, կրթական եւ այլ մարզերու մէջ։
Տ. Սմբատ Ծ. Վրդ Լափաճեան (հետագային Արքեպիսկոպոս), (1972-1977)։ 1961-էն սկսեալ վարած է Ս. Խաչ Մայր Տաճարի հովիւի ու Հրանդ Սրբազանի Առաջնորդական փոխանորդի պաշտօնները։ Առաջնորդարանը իբրեւ կեդրոն ունեցած է վարձու գրասենեակ մը՝ Լոս Անճելըսի մէջ։ Իր օրով հաստատուած են Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եւ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ եկեղեցիները ու կազմակերպուած են Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին ծուխն ու ամէնօրայ դպրոցը։
Թեմի երկրորդ առաջնորդը եղած է Տ. Եփրեմ Ծ. Վրդ. Թապաքեան (1977-1985), այժմ արքեպիսկոպոս։ Նախաձեռնած է գնելու մեծ բնակարան մը Հոլիվուտի մէջ, որ վերանորոգուելէ ետք, իբրեւ Առաջնորդարան ծառայած է շուրջ քսանհինգ տարի, այդ օրերուն հետզհետէ բազմացող հայ գաղութին կարիքները հոգալու համար։ Իր օրով կառուցուած են Ֆերահեան Ազգ. Վարժարանի նոր համալիրը, Սան Ֆրանսիսքոյի Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական վարժարանն ու համալիրը, աւարտած է Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ շինութիւնը, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր եկեղեցին օժտուած է նոր տաճարով ու հանդիսասրահով, գնուած է Ս. Աստուածածին եկեղեցին։ Եփրեմ Սրբազանի օրով կատարուած է հիմնարկէքը Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ. ան իրականացուցած է դասագիրքերու եւ պարբերաթերթի հրատարակութիւններ։
Թեմի երրորդ Առաջնորդը եղած է Տաթեւ Արք. Սարգիսեան (1985-1995)։ Ան նախապէս եղած է Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ ու Դպրեվանքի տեսուչ։ Տաթեւ Սրբազանի տասնամեայ ծառայութեան շրջանին կատարուած են նաւակատիքն ու օծումը Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ եւ Ս. Աստուածածին նոր եկեղեցիին։ Բացումը կատարուած է Փասատինայի Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան եւ Կլենտէյլի Ռիչըրտ ԹիւՖէնքեան մանկամսուրներուն, մօտէն հետեւած է հայերէն դասագիրքերու մշակումին ու վարժարաններու վերելքին։
Թեմի չորրորդ առաջնորդն է Տ. Մուշեղ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան, ներկայիս արքեպիսկոպոս, (1991-1995) Առաջնորդական փոխանորդ, 1995-1996 Առաջնորդի տեղապահ եւ 1996-էն մինչեւ թուականս Առաջնորդ)։ Մուշեղ Ծ. վրդ. 1982-է ի վեր ծառայած է Թեմիս մէջ, իբրեւ Ս. Կարապետ եւ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցիներուն հովիւ. նախապէս վարած է վարչական պաշտօններ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, ինչպէս փոխ-լուսարարապետ եւ դիւանապետ, եղած է նաեւ հովիւ Սելանիկի հայոց-Յունաստան։ Ան Յունիս 1997-ին եպիսկոպոսական օծում ստացած է, իսկ Մայիս 2003-ին արքութեան տիտղոս։
Դասախօսը նշեց, թէ Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի գործունէութեան կարելի չէ լիովին անդրադառնալ սահմանափակ տողերով. աննախընթաց իրողութեամբ, ան 2016-ին, 6-րդ քառամեակի մը համար վերընտրուած է առաջնորդ։ Սրբազանին գլխաւոր իրագործումները նշելու համար միայն՝ յիշեց Ազգ. Առաջնորդարանի ներկայի գեղակերտ նոր շէնքի գնումն ու կառուցումը, Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ կալուածին գնումն ու կառուցումը, Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ գնումն ու կառուցումը, Առաջնորդարանի եւ Թեմիս եկեղեցներու մէջ յուշակոթողներու կանգնունը, Ֆերահեան Ազգ. Վարժարանի Էնսինոյի համալիրին նոր բաժինին կառուցումը, Ս. Նահատակաց ՀՕՄ-ի Ա. Փիլաւճեան մանկամսուրի վերանորոգումը եւ Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս Ազգ. Վարժարանը նոր գրադարանով ու փակ մարզադաշտով հարստացումը։ Մուշեղ Սրբազանի օրով իրականացած են նաեւ նոր շրջաններու կազմաւորումը, ան զարկ տուած է հրատարակչական աշխատանքին. իր օրով սկսած է Առաջնորդարանի «Հոգեւոր Պրիսմակ» պարբերաթերթը, ինչպէս նաեւ հրատարակուած են մեծաթիւ դասագիրքեր, կրօնական թէ գրական հատորներ։ Յիշեց նաեւ Թեմիս «Եկեղեցին Հայկական» պատկերասփիւռի ծրագիրը, Առաջնորդարանի կայքէջին ու դիմատետրին հաստատումը, «Լուսաւորիչ» երգչախումբը եւ վարած սերտ յարաբերութիւնները գաղութիս բազմերանգ զանգուածներուն հետ։ Մարտ 2017-ին, Մուշեղ Սրբազանի ու Ազգային Վարչութեան հրաւէրով Թեմս ժամանած է Հոգշ. Տ Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան, որ աւելի ետք նշանակուեցաւ Առաջնորդական փոխանորդ, եւ Ապրիլ 2018-ին արժանացաւ եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան։
Հանդիպումին եզրափակիչ խօսքով, Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանք արձանագրեց բանախօսին՝ տարած հսկայ աշխատանքին համար, ինչպէս նաեւ Կրօնական Ժողովին, Ազգային Վարչութեան ու ծխական մարմիններուն։ Ան յայտնեց, որ երկու տարեդարձներուն առթիւ, ծրագրուած է յուշամատեան մը, որուն համար արդէն իսկ տեղեկահաւաք եւ պատկերահաւաք կը կատարուի Թեմիս բոլոր եկեղեցիներէն ու վարժարաններէն. Առաջնորդ Սրբազանը յոյս յայտնեց որ համագործակցութեամբ մինչեւ տարւոյս աւարտը այս հատորը լոյս կը տեսնէ։ Ան անդրադարձաւ նաեւ վերոյիշեալ ամեակներուն նուիրուած այլ նախաձեռնութիններու, ինչպէս նոյն շաբաթավերջին Սան Ֆրանսիսքոյի մեր եկեղեցւոյ մէջ կայանալիք դասախօսական ձեռնարկը, հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մը եւ Դեկտեմբերի սկիզբը նկատի առնուած համերգ մը, նաեւ ծխական շրջաններու մէջ իրագործուող ծրագիրներ։
Սրբազանը շեշտեց, թէ Թեմս միշտ կը հետեւի «գործով խօսելու եւ համախոհութեամբ աշխատելու» սկզբունքին, իբրեւ դեսպանները Մեր Ս. Աթոռին ու հաւատաւոր ծառաներ Թեմիս առաքելութեան, իսկ նման հանդիպումներ պէտք է ծառայեն ինքնածանօթացման ու հաւաքական զարգացումի։
Երեկոն փակուեցաւ աղօթքով եւ «Կիլիկիա»ի խմբերգումով։