Ուրբաթ, 12 Յունուար 2018-ի յետմիջօրէին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան Ազգային Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանի այցելութիւնը։ Հանդիպումին ներկայ էին Առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան, Ազգային Վարչութեան անդամ Դոկտ. Գալուստ Ակոբեան, Խնամակալ Մարմինի ու Ազգ. Առաջնորդարանի Հայերէնի վերաշխուժացման մարմինի անդամ Դոկտ. Յասմիկ Պարան եւ Հայերէնի վերաշխուժացման մարմինի անդամ Տիար Ժորա Մանուչարեան։
Յարգելի հիւրը Լոս Անճելըս կը գտնուէր, Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած եռօրեայ գիտաժողովի մը առիթով, որուն նպատակն էր հայկական վարժարաններու տնօրէններուն ծանօթացնել հայերէնի դասաւանդութիւնը աւելի յաջող դարձնելու միջոցները։ Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց Տիար Փանոսեանը եւ վեր առաւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան կարեւոր ներդրումը՝ ընդհանրապէս հայ կրթական մարզի զարգացման եւ հայերէն լեզուի պահպանութեան ճիգերուն մէջ։ Ան մօտէն ծանօթացուց Ազգ. Առաջնորդարանիս հրատարակութիւնները, որոնք կ’ընդգրկեն Հայերէն լեզուի, Հայոց պատմութեան ու Հայ Դատի դասագիրքերը, հոգեւոր ու մշակութային հատորներ, ապա նաեւ կանգ առաւ Հայերէնի Վերաշխուժացման մարմինին կազմութեան տուն տուող մտահոգութիւններուն, Մարմինին տարած աշխատանքին ու մշակած ծրագիրներուն վրայ։
Տիար Փանոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին, հանդիպումը կազմակերպելուն համար, եւ իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց սատար հանդիսանալու կրթական եւ հայերէն լեզուի պահպանութեան գծով Ազգային Առաջնորդարանի ծրագիրներուն։
Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումին, ներկաները ունեցան կարծիքներու փոխանակում եւ կարգ մը ծրագիրներու իրականացման մէջ նախնական համաձայնութիւն։