Ս. Պատարագ եւ Աւանդական Ճաշկերոյթ Համբարձման Տօնին Առիթով


Հինգշաբթի, 25 Մայիս 2017-ի առաւօտուն, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնին առիթով, հանդիսապետութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ Թեմիս հոգեւորականաց դասուն, Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ։ Օրուան պատարագիչն ու քարոզիչն էր Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան։ Իր քարոզին ընդմէջէն Հայր Սուրբը խօսեցաւ օրուան տօնի խորհուրդին ու պատգամին մասին, եւ հրաւիրեց ներկաները, որպէսզի բանան իրենց հոգեկան աչքերը, տեսնելու համար Քրիստոսի Աստուածային փառքը, որ կը յայտնուի մեզի յատկապէս Տէրունի տօներու տօնախմբութեանց ընդմէջէն, եւ այսօր՝ Համբարձման առիթին յիշատակութեան ճամբով։

Պատարագէն ետք, Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինը Համբարձման տօնին յատուկ աւանդական ճաշկերոյթը կազմակերպած էր Կլենտէյլի «Brandview» ճաշասրահին մէջ: Ձեռնարկը կը վայելէր Առաջնորդ Սրբազան Հօր հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը, իսկ հիւրընկալութիւնը յանձն առած էր Թեմիս բարերարուհիներէն՝ Տիկին Սիլվա Չաքմաքճան։ Աւանդական ճաշկերոյթին ներկայ էին նաեւ Ազգային Վարչութեան անդամուհի, վարչականներու տիկիններ, Հ.Օ.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչներ, Թեմիս եկեղեցիներու Տիկնանց միութեան անդամներ եւ բարերարներ։

Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը եւ փոխանցեց իր բարեմաղթութիւնները: Օրուան հանդիսավարն էր Տիկնանց Միութեան անդամ Տիկին Սօսի Կէօքկէօզեան։ Այս առիթով տօնին աւանդութիւններուն մասին իր խօսքը փոխանցեց Տիկնանց Միութեան անդամ Տիկին Վանիա Պապիկեան։ Իր խօսքին մէջ ան ըսաւ թէ Համբարձման տօնը սերտօրէն կապուած է մեր ազգային աւանդութեանց հետ. իսկ ազգային աւանդութիւնները մեր ինքնութեան մաս կը կազմեն, անոնք դարերու ընթացքին պահպանած են մեզ ու մենք ալ պարտինք պահպանել զանոնք: Ապա յաջորդեց գեղարուեստական խանդավառող յայտագիրը՝ կատարողութեամբ Սալբի Մայիլեանի, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ աւանդական վիճակաձգութիւն:

Առաջնորդ Սրբազանը, իր օրհնութեան խօսքին ընդմէջէն գնահատանք արձանագրեց Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի անդամներուն եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան հիւրընկալին ու բոլոր նուիրատուներուն եւ ներկաներուն։ Ան յատկապէս գնահատեց յիշեալ առիթներով կատարուած սրտաբուխ նուիրատուութիւնները, որոնք ըստ էութեան զօրակցական արտայայտութիւններ են բարի ծրագիրներու համար:

Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ նաեւ օրուան խորհուրդին: Ան ըսաւ. «Թէեւ Համբարձման տօնը սերտօրէն կապուած է մեր ազգային աւանդութեանց հետ, սակայն անոր յիշատակութիւնը առիթ մըն է իւրաքանչիւր հաւատացեալի համար, հաղորդակից դառնալու Քրիստոսի փառաւորման եւ պատրաստ ըլալու դիմաւորելու Ս. Հոգիին գալուստը, որուն տօնը Հայ Եկեղեցին անխափան կերպով կը յիշատակէ Համբարձումէն տասը օրեր ետք»։

Իր խօսքի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յատուկ յուշանուէր յանձնեց Տիկին Սիլվա Չաքմաքճանին, որ տասը հազար տոլարի նուիրատութեամբ ճաշկերոյթին հովանաւորութիւնը ստանձնած էր, եւ ուրախութեամբ ողջունեց յաջորդ տարուան Համբարձման տօնի ճաշկերոյթի հովանաւորները՝ Տիկին Քէթի Պետրոսեանը, եւ դուստրերը՝ Տիկին Լինտա Ապտուլեանը եւ Տիկին Ճէյն Ասմարը, որոնք յատկապէս Ֆրէզնոյէն ժամանած էին։

Յայտնենք, որ ներկաները ներշնչուած հայկական տոհմիկ մթնոլորտէն, կատարեցին սրտաբուխ նուիրատուութիւններ։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022