Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին Աոիթով Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ եւ Խաղողօրհնէք Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ


Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով, Կիրակի, 17 Օգոստոս 2014ին, Արեւմտեան մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ եւ աւանդական խաղողօրհնէքի արարողութիւն, հաւատացեալներուն հոգիները պարուրելով օրուան խորհուրդով ու տօնական օրուան ցնծութեամբ:

Այս տօնը նաեւ անուանակոչութեան տօնն է Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ: Այս առիթով, եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատուցեց Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, որ յաւարտ Ս. Պատարագի, կատարեց խաղողի եւ մատաղի օրհնութիւնը: Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Աթմաճեան եւ Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան: Հաւատացեալները, կանուխ առաւօտէն սկսեալ, իբրեւ ուխտաւոր եկեղեցի եկած էին, հաղորդակից ըլլալու համար օրուան խորհուրդին:

Արարողութեան ընթացքին, երգուեցան Աստուածամօր նուիրուած շարականներ եւ մեղեդիներ: Քարոզէն առաջ, երգուեցաւ “Խնկի ծառի նման ես” շարականը, որուն բառերը պատարագիչ Սրբազանը Հայրը իբրեւ բնաբան ընտրած էր իր պատգամին: Շարականը խորքին մէջ ներբողական մըն է Աստուածամօր, վեր կ’առնէ անոր յատկանիշներն ու առաքինութիւնները, որոնց անդրադարձաւ Առաջնորդ Սրբազանը: Ան յիշեց, որ Աստուածամայրը, Աստուածորդւոյն այս աշխարհէն մեկնումէն ետք 15 տարի ապրեցաւ Առաքեալներուն հետ, ապա առյաւէտ փակեց իր աչքերը: Բարթողոմէոս Առաքեալը ներկայ չէր անոր թաղման, որովհետեւ Հայաստան կը գտնուէր մեր ազգի լուսաւորութեան առաքելութեամբ: Վերադարձին, փափաքեցաւ վերջին անգամ մըն ալ տեսնել Աստուածամայրը. երբ գերեզման գացին, վկայեցին, որ գերեզմանը դատարկ էր. յիշեցին, որ Յիսուս խոստացած էր մայրը Իր մօտ առնել յետ մահու, հետեւաբար, աշակերտները հասկցան, որ Ան Իր խոստումը կատարած էր: Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ ինչպէս շարականագիրը կ’ըսէ, Աստուածամայրը երկրէն երկինք տեղափոխուած է իբրեւ հարս, ան փառաւորեալ եւ օրհնեալ Ս. Կոյսն է, որուն կը դիմէ քրիստոնեայ հաւատացեալը, խնդրելով, որ մեր աղաչանքները ներկայացնէ իր որդւոյն եւ մեր Աստուծոյ: “Քեզի կը դիմենք, ով մեր բոլորին մայրը, խնդրելով, որ բարեխօսես քու որդւոյդ եւ մեր Աստուծոյ մօտ, որպէսզի մեզ հեռու պահէ ամէն տեսակի փորձանքէ եւ վտանգէ”, շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը, ու խնդրամատոյց եղաւ Աստուածամօր ու Աստուծոյ, որպէսզի պատերազմները վերջ գտնեն, թշնամիի յարձակումները դադրին, աշխարհիս վրայ սէր ու խաղաղութիւն տիրեն, մասնաւորաբար Իրաքը, Սուրիան, Կազան ու Լիբանանը վերագտնեն իրենց բնականոն վիճակը:

Անդրադառնալով Աստուածամօր առաքինութիւններուն եւ անոր առաքելութեան խորհուրդին, Առաջնորդ Սրբազանը ըսաւ, որ Մարիամ Աստուածածին, իր հնազանդ ու առաքինի նկարագիրով, Աստուծոյ կողմէ շնորհքի արժանացաւ: Գաբրիէլ հրեշտակին կողմէ աւետումի պահուն, Աստուածամայրը ապացուցեց որ Աստուծոյ հնազանդ ու առաքինի աղախինն է, որ եղաւ Աստուածորդւոյն գուրգուրացող մայրն ու դաստիարակը, կեանքը կերտեց խոնարհութեամբ ու աղօթքով, ու իբրեւ վարձատրութիւն՝ արժանացաւ աստուածային շնորհքներու: Ան եղաւ Եւային յանցագործութեամբ դատապարտուած կինը բարձրացնողն ու դատապարտութիւնը լուծողը, ընդգծեց Առաջնորդ Սրբազանը, նշելով, որ այս բոլորով, Աստուածամայրը եղաւ կիներու մէջ օրհնեալ, եղաւ հայ մօր նկարագրի կերտման տիպար օրինակը, իսկ հայ մայրը սիւնն է մեր ընտանիքին, եւ ինչպէս որ Մարիամ Աստուածածին Յիսուսի ծնունդէն մինչեւ երկինք համբարձումը մնաց անոր կողքին, մեր մայրերն ալ, անոր օրինակին հետեւելով, իրենց զաւակները պէտք է առաջնորդեն Աստուծոյ երկիւղով, ազգային ոգի ներշնչեն անոնց, հոգ տանին անոնց առաքինի վարքով աճումին: Առաջնորդ Սրբազանը յիշեց, որ Աստուսածածինը կոչուած է լոյսի խորան, անթառամ ծաղիկ, մարմնատեսիլ քերովբէ, Աստուծոյ տաճար, որոնցմէ իւրաքանչիւրը խորհուրդ մը կþարտայայտէ եւ լոյս կը սփռէ անոր նկարագրային գիծերուն վրայ: Ան տիպար մըն է հնազանդութեան, խոնարհութեան, համբերութեան, ծառայութեան, ներողամտութեան ու մանաւանդ սիրոյ:

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց խաղողի օրհնութիւնն ու մատաղօրհնէք: Տեղի ունեցաւ հաւաքական խոստովանանք եւ մատուցուեցաւ Ս. Հաղորդութիւն: Ներկայ հաւատացեալները ապա բաժին առնելով օրհնուած խաղողէն ու մատաղէն, օրուան խորհուրդով լիցքաւորուած՝ վերադարձան իրենց տուները, իրենց յարկերը եւս համակելով օրուան խորհուրդով:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022