Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից Տօնին Թեմիս Հոգեւորականաց Համագումար եւ Ս. Պատարագ Ս. Խաչ Մայր Տաճարին Մէջ

Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին այս տարի 6 եւ 8 Փետրուար 2018-ին կը նշէ մեր եկեղեցական ու ազգային պատմութեան ամէնէն նուիրական ու յիշատակելի տօներէն՝ Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից եւ Ս. Վարդանանց Զօրավարաց տօները։

Երեքշաբթի, 6 Փետրուար 2018ին, նախագահութեամբ Թեմիս Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի, եւ մասնակցութեամբ Թեմիս հոգեւորական հայրերուն, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի յարկին տակ, հոգեւոր տեսուչին, հոգեւոր հովիւին եւ հոգաբարձութեան հիւրընկալութեամբ տեղի ունեցաւ Ս. Ղեւոնդեանց քահանայից տարեկան համագումարը, որուն մասնակից էր նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութեան երիցագոյն անդամներէն Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեան։

ԺԱՄԵՐԳՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆ
Համագումարը իր աշխատանքներուն սկսաւ կէսօրուան ժամը 12ին եւ շարունակուեցաւ մինչեւ երեկոյ։

Առաւօտուն, հոգեւորականաց դասը եկեղեցւոյ մէջ կատարեց Ս. Ղեւոնդեանց տօնին նուիրուած Գիշերային եւ Առաւօտեան Ժամերգութիւն: Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը փոխանցեց օրուան հոգեւոր խորհրդածութիւնը. ան ողջունեց այս աւանդական համագումարին մասնակից հոգեւոր դասու անդամները, որոնց համար առիթ մըն է լիցքաւորուելու վերանորոգութեան յոյսով եւ Ս. Հոգիի առաջնորդութեամբ։ Ան նշեց, որ վերանորոգումը անհրաժեշտ է մեր կեանքին մէջ, հոգեւոր ծառայութեան ու Աստուծոյ Ս. Սեղանի սպասարկութեան հաւատարիմ մնալու համար, անհրաժեշտ է միշտ պատասխանատուութեանց ու պարտականութեանց գիտակից ըլլալ՝ կոչումին տէր մնալով։ Սրբազան Հօր խորհրդածութեան բնաբանը առնուած էր Հին Կտակարանի Բ. Մնացորդաց գիրքի 29րդ գլուխէն, թէ ինչպէս Եզեկիա թագաւորը, իր հօր ընթացքին հակառակ, ուզեց վերականգնել Աստուծոյ փառքը, մաքրագործելով Աստուծոյ տաճարը եւ Քահանաները հրաւիրել վերանորոգութեան։ «Արդ, որդեակներս, անհոգութիւն մի՛ ընէք, վասն զի Տէրը ձեզ ընտրեց, որպէսզի իրեն ծառայութիւն ընելու համար իր առջեւ կանգնիք իրեն սպասաւորներ ըլլաք ու խունկ ծխէք…» (Բ. Մնացորդաց 29:11)։ Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ յորդորեց, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի կոչին ընդառաջ, եւ վերակազմակերպուելու ու վերանորոգուելու հրամայականով, հարկ է գիտակից առաքելութիւն մը ունենալ ու արժեւորել մեր ծառայութիւնը։ Վերանորոգութեամբ կը փոխուի կեանքի ընթացքը, եթէ անիկա ճիշտ հունի մէջ է։ Այս փոփոխութիւնը կը սկսի ներսէն, այլապէս անիմաստ կը դառնայ։ Ան կոչ ուղղեց Աստուծոյ պատուիրաններուն ենթարկուելու ու հոգեւորականի ուխտին հաւատարիմ մնալու, որպէսզի վերանորոգումը իրականացուի ներքնապէս։ Պարտականութիւնը պէտք չէ անտեսել, որովհետեւ առաքելութեան արժէքը պարտականութեան գիտակցութեան մէջ է, միշտ Աստուծոյ մօտ ըլլալով։ Եթէ կ’ուզենք վերակազմակերպուիլ, Աստուծոյ խօսքը պէտք է առաջնորդէ հոգեւորականը ըլլալու յանձնառու ու պատասխանատու։ Աստուծոյ ներկայութիւնը պէտք է խնդրել ու աղօթել, որպէսզի Աստուած եւս լսէ մեր խնդրանքներն ու աղօթքները։ Ղեւոնդեանք ու Վարդանանք յաւերժացուցին մեր ազգի ինքնութիւնը, ու մենք եւս պէտք է հետեւինք իրենց օրինակին ու մնանք վերակազմակերպման ու վերանորոգման ընթացքի մէջ։ Աւարտին, Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց հոգեւորականները քահանայից տօնին առթիւ ու մաղթեց արդիւնաւոր ծառայութիւն։

ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ
Ժամերգութենէն ետք տեղի ունեցաւ սիրոյ ճաշ, որ պատրաստուած էր Մայր Տաճարի Տիկնանց միութեան կողմէ։

Այնուհետեւ, համագումարը անցաւ ժողովական աշխատանքներուն: Յանուն հոգաբարձութեան Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան արտասանեց ողջոյնի խօսք, բարի գալուստ մաղթեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր ու հոգեւոր եղբայրներուն, մաղթելով արդիւնաբեր համագումար մը։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, համագումարի բացման իր պաշտօնական խօսքին մէջ, հրաւիրեց հոգեւորականները ըլլալու պատասխանատու ու կազմակերպուած՝ իրենց առաքելութեան մէջ, ուխտի վերանորոգութեան խոստումով՝ վերանորոգելու ու վերակազմակերպելու մեր թեմն ու ծխական համայնքները։ Ներքնապէս վերանորոգուելու կողքին, նաեւ կարեւոր է կազմակերպչական ծրագիրներ իրագործել։ Ան յորդորեց հոգեւոր հայրերը, որ աւելի բծախնդիր եւ անձնուէր կերպով նուիրուին իրենց առաքելութեան: Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց այն հոգեւորականները, որոնք տարեդարձներ ու ամեակներ ունէին, մասնաւորաբար՝ Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեանը, որուն կուսակրօն ձեռնադրութեան 55-ամեակն է , ինչպէս նաեւ մեր Թեմի չորս քահանայ հայրեր՝ Արժ. Տ. Խորէն Քհնյ. Պապօշեան, Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան, Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան եւ Արժ. Տ. Վահան Աւ. Քհնյ. Կոստանեան, որոնց քահանայութեան 25-ամեակն է այս տարի։ Կատարուեցաւ կարկանդակի հատում։

Ժողովը ընտրեց իր դիւանը. ատենապետ ընտրուեցաւ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, իսկ ատենադպիրներ՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան եւ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան: Հայր Միւռոն արտասանեց բացման խօսքը եւ ողջունեց ներկաները, ապա ժողովը անցաւ օրակարգի գործադրութեան:

Տեղի ունեցաւ Կրօնական Ժողովի նիստ։ Ընթացիկ աշխատանքներու ծիրին մէջ, հոգեւոր հովիւներ զեկուցեցին իրենց աշխատանքներուն եւ ծխական շրջաններու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին։ Ապա, ներկայացուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով Վեհափառ Հայրապետի Կոնդակը, որուն շուրջ հաւաքական խորհրդածութիւն տեղի ունեցաւ եւ համապատասխան ծրագիրներ մշակուեցան։

Ժողովը ապա անցաւ ծխական շրջաններուն ծրագիրներուն ծանօթացման։ Արձանագրուեցաւ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին առթով, իւրաքանչիւր ծուխ պէտք է կազմակերպէ ձեռնարկներ, նաեւ ունենալ միացեալ հաւաք մը, քոյր համայնքներու հոգեւորականներու մասնակցութեամբ։ Նոյն ծիրին մէջ, անհրաժեշտ նկատուեցաւ շրջաններու մէջ ազգային վաժարաններուն հետ գործակցաբար կազմակերպել ձեռնարկներ, կատարել Մաղթանք Հանրապետական, արձանագրել պատգամներ եւ հասանելի դարձնել հաւատացեալներուն։

Համագումարի Բ. նիստին, Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան ներկայացուց դասախօսութիւն մը, նիւթ ունենալով «Հայ Հոգեւորականը՝ այսօր»։ Հայր Սուրբը ներկայացուց հայ հոգեւորականը՝ իր դերով ու առաքելութեամբ, մեր եկեղեցւոյ ու ազգի ծառայութեան ճամբուն վրայ։ Ան խորհրդածեց թէ ո՞վ է հայ հոգեւորականը՝ իբրեւ ուսուցիչ եւ մտաւորական գործիչ, մէկ խօսքով՝ այն ամբողջականութիւնը, որ կը մարմնաւորուի հոգեւորականի նկարագիրով ու կեցուածքով։ Հայ հոգեւորականը զանազան հարցումներու պատասխան տալու կարողութիւն պէտք է ունենայ ու զայն ծաղկեցնէ, ինքզինք զարգացնելով եւ մտաւորական աշխատանքներ տանելով։ Հայր Սուրբը նաեւ մտածումներ բաժնեկցեցաւ, նշելով, որ իւրաքանչիւր հոգեւորական իր հովուական կեանքին մէջ նուիրական պահեր ու պատասխանատուութիւններ ունի։ Դասախօսութեան աւարտին, խորհրդակցութիւն տեղի ունեցաւ կարգ մը մտածումներու շուրջ. գնահատանք արձանագրուեցաւ Հայր Սուրբին՝ սպառիչ ու հոգեշահ դասախօսութեան համար։

Համագումարի վերջին բաժինը յատկացուած էր անմիջական հարցերու քննարկման, որոնց մասին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը տուաւ լուսաբանութիւններ ու կատարեց թելադրութիւններ։

Եզրափակիչ խօսքով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց համագումարի աշխատանքները, կատարեց յիշեցումներ ու ծրագիրներու մասին թելադրանքներ, հրաւիրելով հոգեւորականները աւելի գործօն մասնակցութիւն ունենալու իրենց առաքելութեան մէջ։

Ժողովը փակուեցաւ «Աշակերտք Քրիստոսի» շարականով եւ «Պահպանիչ» աղօթքով։

Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
Երեկոյեան, Ս. Խաչ Մայր Տաճարի մէջ մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ Պատարագ, նուիրուած Ս. Ղեւոնդեանց տօնին: Պատարագիչն էր Գերպ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան։ Հոգեւոր հայրերը կատարեցին Ս. Սեղանին սպասարկութիւնը եւ մասնակցեցան երգեցողութեան:

Քարոզէն առաջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ հոգեւորականաց դասը Ս. Ղեւոնդեանց շարականը երգեցին եւ օրուան յատուկ բարեխօսական մաղթանքը կատարուեցաւ։

Պատարագիչ Հայր Սուրբը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ հաւատացեալ անհատի առաքելութեան, թէ ան աղ եւ լոյս պէտք է ըլլայ իր կեանքին ընթացքին, հետեւելով Աւետարանի ճշմարտութեան։ Վեր առնելով օրուան տօնին խորհուրդը, շեշտեց Ղեւոնդեանց հոգեւորականաց փաղանգին դերը, ընդգծելով, որ անոնք իբրեւ մշտավառ լոյս ու համը չկորսնցնող աղ դարձան հայ իրականութեան մէջ։ Ղեւոնդեանք ու Վարդանանք իրենց հաւատքի տոկունութեամբ մեզի փոխանցեցին Քրիստոսի ու քրիստոնէական հաւատքի անմար ջահը։ Ան հրաւիրեց հաւատացեալ ժողովուրդը՝ աղօթելու հայ հոգեւորականին համար, որպէսզի իր առաքելութեան մէջ մնայ ամուր ու հաւատարիմ, շարունակելով այն ուղին, որ սկսաւ մեր Լուսաւորիչ Հայրապետով։ Վերջապէս, ան շնորհաւորեց հայ հոգեւորականները, մաղթելով ամենայն բարիք ու բեղուն ծառայութիւն։ Պատարագի աւարտին, հոգեւոր հայրերը երգեցին Վարդանանց եւ Ղեւոնդեանց յիշատակին նուիրուած շարականներ ու ազգային երգեր: Արարողութիւնը վերջ գտաւ «Կիլիկիա» մաղթերգով եւ «Մեր Հայրենիք» հիմներգով:

Ս. Պատարագէն ետք, հոգեւորականաց դասն ու ծխականները վայելեցին հոգաբարձութեան ու տիկնանց միութեան կազմակերպած պատշաճ հիւրասիրութիւնը։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022