Հինգշաբթի, 10 Մայիս 2018-ին, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնին առիթով, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 10-ին պիտի մատուցուի Ս. Պատարագ, հանդիսապետութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ Թեմիս հոգեւորականաց դասուն։ Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան։
Ժամը 11։30-ին, Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի կազմակերպած աւանդական ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի «Պրէնտվիու» ճաշասրահին մէջ։ Այս տարուան հիւրընկալներն են Տիկնայք Քաթրին Պետրոսեան, Լինտա Քէյ Ապտուլեան, Ճէյն Էլիզապէթ Ասմար եւ Սթեֆընի Փիթըրս-Պետրոսեան։
Մանրամասնութեանց եւ տեղ ապահովելու համար կարելի է հեռաձայնել Ազգ. Առաջնորդարանի գրասենեակը, 818-248-7737 թիւին։