Տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ու հոգեւորականաց դասու անդամներ Երեքշաբթի, 15 Օգոստոս 2017-ին այցելեցին «Արարատ Տան» Միշըն Հիլզի համալիրը եւ յատուկ արարողութիւններով տօնին խորհուրդը փոխանցեցին անձնակազմի անդամներուն եւ հաստատութեան բնակիչներուն։
Արարողութիւնը սկսաւ հաստատութեան հիւանդանոցի բաժինին մէջ. տեղի ունեցան Ս. Աստուածածնի տօնին յատուկ արարողութիւն եւ խաղողօրհնէք։ Արարողութեան ներկայ էին «Արարատ Տան» հոգաբարձութեան անդամները, տնօրէնութիւնը եւ պաշտօնէութիւնը։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր բարեմաղթութիւնները փոխանցելով՝ նախ հոգեկան ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը յայտնեց այս տօնին առիթով հաստատութեան բնակիչներուն հետ գտնուելուն համար, բացատրեց խաղողի օրհնութեան իմաստը հայ եկեղեցեւոյ կեանքին մէջ։ Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց որ Ս. Աստուածածնի տօնը այսօր ալ կարեւոր նշանակութիւն ունի մեզի համար, որովհետեւ Ս. Աստուածածինը ամէնէն բարի եւ գեղեցիկ տիպարն է իւրաքանչիւրիս համար։ Սրբազան Հայրը աղօթք բարձրացուց առ Աստուածամայր՝ յիշելով բոլոր անոնք, որոնք կարիքը ունին Աստուածամօր բարեխօսութեան, միջնորդութեան եւ գութին։ Ան գօտեպնդեց ներկաները, յորդորելով որ Ս. Աստուածածնի նման յոյսով, հաւատքով եւ սիրով ապրին եւ իրենց կեանքը զօրացնեն Աստուածամօր տիպարով։
Խօսք առին նաեւ հաստատութեան պատասխանատուներէն Ռապըրթ Թէյլըր եւ Տերիք Ղուկասեան։ Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին Սրբազան Հօր եւ հոգեւորականաց դասուն, որ այս տօնական առիթները օգտագործելով՝ կ՛այցելեն «Արարատ Տուն» եւ իրենց ներկայութեամբ կ՛ուրախացնեն տարեց բնակիչները։
Ապա, հաստատութեան մատրան մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ. պատարագիչն էր Առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան, որ ուղղեց օրուան խորհուրդը վեր առնող պատգամ մը։
Հայր Սուրբը իր քարոզին մէջ վեր առաւ երեք կէտ.
Ա) Աստուածամօր ներկայութեան կարեւորութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ։
Բ) Խաղողի իմաստն ու նշանակութիւնը հայ եկեղեցւոյ հայեցակէտին մէջ։
Գ) Աստուածամօր ապրած կեանքէն բխող օրինակներ։
Հայր Սուրբը շեշտեց Աստուածամօր ունեցած հզօր հաւատքը Աստուծոյ նկատմամբ եւ հրաւիրեց ներկաները ապրելու նոյն ոգիով եւ հաւատքով։
Ս. Պատարագի աւարտին, խորանին վրայ կատարուեցաւ Խաղողօրհնէքի հանդիսաւոր արարողութիւն։ Աղօթքներով եւ շարականերով օրհնուած խաղողը բաժնուեցաւ բնակիչներուն։
Պատարագէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանն ու հոգեւոր հայրերը վայելեցին հաստատութեան ճաշի հիւրընկալութիւնը։ Ողջոյնի խօսք արտասանեց հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Մայքըլ Սիւրմէեան, անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնելով այցելութեան եւ հոգեւոր մատակարարման համար։
ԻԿԸԼ ՌԱՔԻ ՄԷՋ
Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առիթով, յատուկ աղօթք եւ խաղողօրհնէք տեղի ունեցաւ նաեւ «Արարատ Տան» Իկըլ Ռաքի բաժինին մէջ։ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Արժ. Տ. Վազգէն Ա. Քհնյ. Աթմաճեան, ընկերակցութեամբ Բարշ. Րաֆֆի Սրկ. Քէշիշեանի, Հինգշաբթի, 10 Օգոստոսին այցելեց Իկըլ Ռաքի կեդրոնը եւ բնակիչներուն հետ միասին, ունեցաւ աղօթքի պահ մը ու կատարեց խաղողի օրհնութիւնը։