Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին Առիթով Խաղողօրհնէք Կլենտէյլի «Էտվենթիսթ» Հիւանդանոցին Մէջ

Յաջորդաբար 25-րդ տարին ըլլալով, Չորեքշաբթի, 9 Օգոստոս 2017-ին, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով, խաղողօրհնէք կատարուեցաւ Կլենտէյլի «Էտվենթիսթ» հիւանդանոցին մէջ։ Արարողութիւնը կատարեց Առաջնորդական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան, մասնակցութեամբ Ս.
buy female viagra online blackmenheal.org/wp-content/themes/twentytwentytwo/inc/patterns/en/female-viagra.html no prescription

Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներուն։ Ներկայ էին հիւանդանոցի անձնակազմի անդամներ, բժիշկներ եւ ամերիկեան ու հայկական լսատեսողական մամուլէն ներկայացուցիչներ։

Հիւանդանոցի վարչական խորհուրդի նախագահ Տոքթ. Քեւին Ռապըրթց ողջունեց հոգեւոր հայրերն ու կատարեց բացման խօսքը. ան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազանին, հոգեւոր հայրերուն ու Ազգ. Առաջնորդարանին, որոնք ամէն տարի այս արարողութիւնը կը կատարեն հիւանդանոցին յարկին տակ, տօնին խորհուրդով համակելով անձնակազմն ու անոնց խնամքը վայելող հիւանդները։

Յանուն Առաջնորդ Սրբազանին, խօսք առաւ Տ. Վազգէն Ա. Քահանայ, փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազանին ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները, ապա հրաւիրեց Հայր Թորգոմը, որպէսզի գլխաւորէ արարողութիւնը։ Հայր Սուրբը իր կարգին արտասանեց ողջոյնի խօսք մը եւ փոխանցեց իր օրհնութիւնները։ Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ խաղողօրհէնքի արարողութիւնը։ Նշենք, որ խաղողի տոպրակներուն վրայ հակիրճ բացատրութիւններ արձանագրուած էին այս տօնին խորհուրդին մասին։

Փակման աղօթքը կատարեց հիւանդանոցի հոգեւոր հարցերու պատասխանատու Չէփլըն Ալիս։ Ներկաները ստացան օրհնուած խաղող։

Արարողութենէն ետք, հոգեւոր հայրերը այցելեցին կարգ մը հիւանդներու սենեակները. Հայր Թորգոմ բժշկութեան աղօթք կարդաց հիւանդներուն համար, որոնք ստացան օրհնուած խաղող։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022