Ս. Թարգմանչաց եւ Հայ Մշակութային Ամսուան Տօնակատարութիւն Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ


Հոկտեմբեր ամիսը հայ ժողովուրդի մշակութային կեանքէն ներս կը յատկանշուի որպէս հայ մշակոյթի ու ազգային պատկանելիութեան պահպանումը խորհրդանշող ամիս մը։ Սրբոց Թարգմանչաց Տօնը, որ կը նշուի Հոկտեմբեր ամսուն, իր մէջ կը ներգրաւէ հայ ժողովուրդի պատմութեան գագաթնակէտ արժէք ունեցող՝ գիրերու գիւտն ու հայ դպրութեան սկիզբը։

Այս տօնը լաւագոյնս արժեւորելու միտումով, այս տարի եւս, տարիներու գեղեցիկ ու իմաստալից աւանդութեան համաձայն, Օրէնճ Քաունթիի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ ու համայնքին համար Թարգմանչաց տօնը յիշատակուեցաւ արժանավայել կերպով։ Կիրակի, 12 Հոկտեմբեր 2014ին, Եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ հանդիսապետութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։ Սուրբ Պատարագը մատուցեց եւ օրուան խորհուրդով լի պատգամը փոխանցեց Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։ Սուրբ Սեղանին սպասարկեցին Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան եւ եկեղեցւոյ սարկաւագաց դասը: Ներկայ էր նաեւ Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեան, որ հիւրաբար մեր Թեմը կը գտնուի:

Ս. Պատարագին ներկայ էին Ազգային Վարչութեան փոխ-ատենապետ Դոկտ. Տիգրան Պապիկեան, Արի Կիրակոս Մինասեան Ազգ. Վարժարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը, ծնողներն ու աշակերտները, գաղութի միութիւններու ու կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները եւ հոծ բազմութիւն մը։

Նախքան քարոզը, Թեմիս Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց եկեղեցւոյ հաւատացեալներն ու դպրոցի աշակերտները։ Յատուկ կերպով ողջունեց պատարագիչ Սրբազան Հայրը, ինչպէս նաեւ Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեանը։ Ան հանգամանօրէն անդրադարձաւ Սուրիոյ տագնապալի կացութեան, եւ ներկայացուց յառաջիկայ օրերու հանդիպումներն ու ձեռնարկները, որոնց ընթացքին Շահան Սրբազան մեր ժողովուրդը մօտէն տեղեակ պիտի պահէ Սուրիոյ հայութեան վիճակին եւ կարիքներուն։ Ապա, Առաջնորդ Սրբազանը քաջալերեց ներկայ հաւատացեալները որպէսզի ինչպէս անցնող երեք տարիներուն, այս անգամ եւս իրենց զօրակցութիւնը յայտնեն Սուրիահայ գաղութին։

Պատարագիչ Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ կարեւորութեամբ շեշտեց թարգմանիչ հայրերու աւանդը՝ այսօրուան մեր ազգային ու կրօնական կեանքէն ներս, ու օրուան Աւետարանի հատուածը մէջբերելով, այրի կնոջ լումային օրինակով (Մր 12.41-44) արժեւորեց մեր հայրերը, որոնք իրենց ամբողջ ունեցածը տուին հայ ժողովուրդին։ Ան անդրադարձաւ Սուրիոյ հայութեան ապրած դժուար կացութեան, հրաւիրելով հաւատացեալները՝ աղօթքի միութեան, որպէսզի Սուրիան վերագտնէ իր անդորրութիւնը։

Սուրբ Պատարագէն ետք, հաւատացեալները թափօրով առաջնորդուեցան եկեղեցւոյ “Ղուկասեան” սրահը, ուր Առաջնորդ Սրբազան Հօր նախագահութեամբ բացումը կատարուեցաւ գիրքերու աւանդական ցուցահանդէս-վաճառքին, որ շարունակուեցաւ մինչեւ երեկոյ։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանի տնօրէնուհին՝ Տիկին Գոհար Զահըր, բարի գալուստ մաղթելով բոլորին։ Ան շեշտեց այս տօնին կարեւորութիւնը Արի Կիրակոս Մինասեան Վարժարանին համար, եւ վեր առաւ հայ մշակոյթի արժէքը հայ սերունդներու սիրտերուն ու մտքերուն մէջ, վերստին հաստատելով Արի Կիրակոս Մինասեան Վարժարանի հաւատարմութիւնը հայ գիրքին ու գրականութեան հանդէպ։ Ան հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը, որպէսզի ցուցահանդէսի բացումը կատարէ։ Առաջնորդ Սրբազանը անգամ մը եւս իր գոհունակութիւնը յայտնեց եւ գնահատեց այս իւրայատուկ օրուան նախաձեռնութիւնները։ Ան հրաւիրեց ներկաները ունենալու բարձր գիտակցութիւն ու յարգանք, մեր ազգային ու եկեղեցական արժէքներուն նկատմամբ։

Խօսք առաւ նաեւ Ատրպատականի Թեմի Առաջնորդը, որ վեր առաւ տօնին խորհուրդը եւ կոչ ուղղեց գործնապէս օժանդակելու Սուրիահայ աշակերտին։ Հանդէսի ընթացքին խօսք առաւ նաեւ Ազգային Վարչութեան փոխ-ատենապետը, բարձր գնահատելով Արի Կիրակոս Մինասեան Վարժարանի Տնօրէնութիւնը, հոգաբարձական կազմն ու ուսուցիչները՝ իրենց ծառայութեան ու նուիրումին համար։

Արի Կիրակոս Մինասեան Վարժարանի աշակերտները պատրաստած էին օրուան խորհուրդը մարմնաւորող գեղարուեստական յայտագիր մը, որ բաղկացած էր երկու բաժիններէ։ Առաջին բաժնով, անոնք երգերու եւ արտասանութիւններու փունջերով ներկաները լիցքաւորեցին մեր մշակութային անգին հարստութեամբ, իսկ յայտագիրի երկրորդ բաժինը կը պարունակէր հայկական տարազներու ցուցադրութիւն։

Առաջնորդ Սրբազանը խօսք առնելով, անգամ մը եւս գնահատեց դպրոցի տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմն ու յատկապէս աշակերտները, որոնք օրինակ կը հանդիսանան հայապահպանման:

Հաւատացեալները այնուհետեւ մասնակցեցան գիրքերու ցուցահանդէս-վաճառքին։ Գաղութի հայորդիները առիթ ունեցան մտերմանալու հայ գիրքին հետ եւ իրենց տուները տանելով՝ հարստացուցին իրենց ընտանեկան օճախները հայ գիրքով ու մշակոյթի արժէքներով։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022