Ուրբաթ, 12 Հոկտեմբեր 2018-ին, Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնին առիթով, երեկոյեան ժամերգութիւն եւ նախատօնակի արարողութիւն տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ Թեմիս Հոգեւորականաց դասուն։
Արարողութեան հանդիսապետեց Թեմիս Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան։ Նշենք, որ Առաջնորդ Սրբազանը նոյն օրը Սան Ֆրանսիսքօ կը գտնուէր։ Կատարուեցաւ Թարգմանչաց վարդապետաց յիշատակի յատուկ արարողութիւն. Երգուեցան «Որք Զարդարեցին», «Որ զշնորհեայ աստուածային» շարականներն ու մատուցուեցան հետեւող աղօթքները։
Պատգամաբերն էր Թորգոմ Սրբազանը, որ առաջին հերթին կարեւորութեամբ վեր առաւ հայ գիրերու գիւտին կարեւորութիւնն ու Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի եւ աշակերտներուն անկրկնելի դերը՝ իբրեւ հիմնադիրները հայերէնով գրաւոր մշակոյթին, նշելով, որ անոնք կատարեցին Աստուծոյ կողմէ տնօրինուած պարտականութիւն մը։ Ան յատկապէս յիշատակեց Աստուածաշունչին հայերէնի թարգմանութեան կարեւորութիւնը, որովհետեւ այդ ու թարգմանչական հետեւող քայլերով, Աստուած հայուն հետ հայերէն խօսեցաւ, իսկ հայը սկսաւ հայերէն աղօթել, երգել, շարականներ եւ աղօթքներ յօրինել, մեր լեզուն դարձաւ հաստատուն կռուան հայուն ինքնութեան պահպանումին։ Սրբազան Հայրը շեշտեց որ հայերէնը մեզի համար սրբութիւն է ու նշխար, աստուածատուր պարգեւ, իսկ Թարգմանչաց տօնը՝ մեր ազգային ու քրիստոնէական ինքնութեան տօն։ Ան օրհնեց հայ մշակոյթի կերտիչներն ու բոլոր ծառայողները, անոնք ըլլան հոգեւորական թէ աշխարհական, ու հաւատացեալները հրաւիրեց այս տօնը վերածելու ուխտի եւ Թարգմանչաց սերունդին աւանդին հաւատարմութեան օրուան։