Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին Առիթով Առաջնորդ Սրբազանը Այցելեց Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Եղբայրակցութեան Կեդրոնը


Ս. Աստուածածնայ տօնի նախօրեակին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, ընդառաջելով Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Եղբայրակցութեան հրաւէրին, Ուրբաթ 12 Օգոստոս 2016-ին, նախագահեց Եղբայրակցութեան կազմակերպած աղօթքի հոգեպարար արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի կեդրոնին մէջ, ներկայութեանբ Թեմիս հոգեւորականաց դասու եւ եղբայրակցութեան անդամներուն։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր աւանդական այս այցելութեան կ’ընկերանային Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան, Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Թորոսեան, Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան եւ Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան։

«Տէրունական» աղօթքի հաւաքական երգեցողութենէն ետք, ողջոյնի խօսք արտասանեց Եղբայրակցութեան վարչութեան ատենապետ Աւօ Եղբայր Գապաքչուզեան, շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին, որ աւելի քան 20 տարիներ հոգածու վերաբերմունք կը ցուցաբերէ Եղբայրակցութեան, որ հաւատարիմ մնալով Հայաստանեաեց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ, կը գործէ անոր հովանիին տակ եւ կը սնանի անոր աւանդոյթներով եւ սկզբունքներով։

Եղբայրակցութեան փոքրիկ անդամները ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր մը. անոնք իրենց մանկունակ անմեղութեամբ՝ Սաղմոսներով, շարականներով եւ հոգեւոր երգերով հոգեպարար պահեր պարգեւեցին ներկաներուն։ Առաջնորդ Սրբազանը փոքրիկներուն եւ բոլոր ներկաներուն յանձնեց յուշանուէրներ եւ աղօթքի գրքոյկներ։

Հոգեւոր հայրերը այնուհետեւ ներկայացուցին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ գոհարներէն՝ Աստուածածնայ նուիրուած շարականներէն ծաղկաքաղ մը։

Իր հայրական պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը նախ գնահատեց Եղբայրակցութեան անդամներն ու վարչութիւնը, որոնք հաւատարիմ ժառանգորդներն են նոյն եւ մէկ Առաքելահիմն Ս. Եկեղեցւոյ, ապա օրուան խորհուրդը վեր առնելով՝ խօսեցաւ Աստուածամօր երկրային անարատ, անբիծ եւ մաքուր կեանքին մասին, որ իւրայատուկ է միայն ոգեղէն արարածներուն։ Սիրոյ, խոնարհութեան, նուիրումի եւ հնազանդութեան կերպար Աստուածամայրը, անսալով Աստուծոյ կամքին, սրբութեամբ ապրեցաւ այս աշխարհին մէջ։ «Իր Որդւոյն դառն չարչարանքներով տառապած մայրը այսօր բարեխօս է բոլորիս եւ մխիթարիչն է մեղքի տիղմին մէջ խորասուզուած մարդկութեան եւ տառապող ժողովուրդներուն», նշեց Առաջնորդ Սրբազանը, ապա մէջբերելով մեր եկեղեցւոյ հայրերէն՝ Յովնան Մանդակունի Հայրապետի մտածումները՝ թէ ինչպէս արմատներն ու դեղերը կը դարմանեն մարմնի հիւանդութիւնները, այնպէս ալ աղօթքն ու ապաշխարութիւնը կը փարատեն հոգիի ախտերը, Առաջնորդ Սրբազանը յորդորեց միշտ աղօթել եւ հեռու մնալ փորձութիւններէ, հայցելով Աստուածածնայ բարեխօսութիւնը։

Հոգեպարար երեկոն իր աւարտին հասաւ «Տէր Ողորմեա» շարականին երգեցողութեամբ եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ»ով: Ապա, ներկաները մտերմիկ պահ մը ունեցան սիրոյ սեղանի շուրջ, որ պատրաստուած էր վարչութեան կողմէ։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022