Մեր վարժարաններուն մէջ կիրարկուող հայեցի կրթութիւնը միայն դասարանային աշխատանքներով չէ սահմանափակուած, այլ նաեւ գործնական ու կենդանի ուսուցումով, որ պարբերաբար կը կատարուի ազգային հաստատութիւններ այցելութեամբ ու անոնց յարկին տակ տարուող աշխատանքներուն ծանօթացումով։ Այս ծիրին մէջ, բարի աւանդութիւն դարձած է, որ աշակերտներ այցելեն Ազգային Առաջնորդարան, ծանօթանան անոր յարկին ու հովանիին տակ տարուող աշխատանքներուն, մանաւանդ, որ մեր վարժարանները կը վայելեն ազգային այս հաստատութեան անմիջական հոգածութիւնն ու գուրգուրանքը։
Ուրբաթ, 10 Փետրուարին, Ազգային Ֆերահեան վարժարանի 10րդ կարգի աշակերտները, ընկերակցութեամբ իրենց ուսուցիչներուն՝ Տեարք Արա Գազանճեանի եւ Րաֆֆի Յակոբեանի, այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան, դիմաւորուեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի ու հոգեւոր հայրերու կողմէ, աղօթեցին »Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն« մատրան մէջ, եւ հաղորդակից դարձան »Ազգի Տան« գործունէութեան ծիրին։ Առաջնորդ Սրբազանին կողքին էին Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան վարիչ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան եւ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան։
Խումբը Ազգ. Առաջնորդարան ժամանեց ժամը 11ին եւ առաջնորդուեցաւ մատուռ, ուր տեղի ունեցաւ աղօթքի պահը։ Տէրունական Աղօթքէն ու »Առաւօտ Լուսոյ«ի միասնաբար երգեցողութենէն ետք, Հոգեւոր Հայրերը երգեցին Վարդանանց նուիրուած »Նորահրաշ« շարականը։ Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց աշակերտներն ու դաստիարակները եւ վեր առաւ այս այցելութեան կարեւորութիւնը։ Ան նաեւ անդրադարձաւ յառաջիկայ տօնական օրերուն՝ Տեառնընդառաջին, Ս. Ղեւոնդեանց ու Վարդանանց տօներուն ու անոնց խորհուրդին, նշելով, որ անոնք մաս կը կազմեն մեր ազգային կեանքի հարստութեանց։
Այնուհետեւ, աշակերտները այցելեցին Առաջնորդարանի բաժանմունքները եւ ծանօթութիւններ ստացան ծառայական այն տարաբնոյթ աշխատանքներուն մասին, որոնք կը կատարուին մէկ կողմէ՝ եկեղեցիներուն, ու միւս կողմէ՝ մեր վարժարաններուն հետ գործակցութեան ճամբով։ Անոնց իբրեւ նուէր տրուեցաւ աղօթագիրք մը։
»Շրջապտոյտ«ի աւարտին, աշակերտները խմբուեցան »Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան« սրահին մէջ, ուր հիւրընկալուեցան Առաջնորդ Սրբազանին ու հոգեւոր հայրերուն կողմէ։ Աշակերտներէն ներկայացուցիչ մը՝ Հայկ Թրթռեան շնորհակալութեան ու երախտագիտութեան արտայայտութիւն մը ունեցաւ այս հիւրընկալութեան համար, նաեւ յիշեցուց, որ նոյն դասարանը երկու տարի առաջ, երբ 8րդ կարգ էր, այցելած էր Առաջնորդարան։
Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան, խօսք առնելով, աշակերտներուն բացատրեց Վարդանանց տօնին իմաստն ու պատգամը, որ կը սեղմուի հաւատքի ու հայրենիքի համար պայքարի ելած հերոսներուն նահատակութեամբ ու անմահացումով։ Ան կանգ առաւ Վարդանանց ու Ղեւոնդեանց հերոսներու անժամանցելի պատգամին վրայ, ընդգծեց, որ 451ին տեղի ունեցած Աւարայրի ճակատամարտը հայրենիքի ու հաւատքի համար պայքարի սկիզբն էր, որ յաղթանակով պսակուեցաւ 484ին, Նուարսակի դաշնագիրին ճամբով։ Տէր Հայրը նաեւ շեշտեց, որ Վարդանանց պայքարի՝ սեփական դիմագիծի պահպանման ու գոյատեւման պայքարի ոգին հայութեան մէջ անմար մնաց դարեր շարունակ, անգամ մը եւս ուժեղ արտայայտութիւն գտաւ Սարդարապատի ճակատամարտին թէ մօտիկ անցեալին՝ Արցախի բարձունքներուն վրայ։ Ան յորդորեց, որ մեր աշակերտներն ու նորահաս սերունդները այդ ոգիով հարստանալու ու իրենց կարգին, պահապան կանգնելու հաւատքին ու հայրենական ժառանգութիւններուն։
Առաջնորդ Սրբազանը արտասանեց եզրափակիչ խօսքը։ Ան անգամ մը եւս ողջունեց աշակերտները՝ իրենց այս այցելութեան համար, գոհունակութիւն յայտնեց, որ այսօր, իրենց առաջին այցելութենէն երկու տարի ետք, իբրեւ աւելի չափահաս պատանիներ, Վարդանանց տօնի նախօրեակին եկած են Առաջնորդարան, որ մեր եկեղեցական ու կրթական կեանքերու գլխաւոր կեդրոնն է։ Առաջնորդ Սրբազանը անդադարձաւ Վարդանանց հերոսամարտի անժամանցելի պատգամներուն, շեշտելով, որ Վարդան Մամիկոնեան ու իր զինակիցները, հրաժարելով հանգիստ կեանքէ ու պարսից թագաւորին կողմէ իրենց տրուած խոստումներէն, նախընտրեցին պաշտպան կանգնիլ ազգային իւրայատկութեան ու քրիստոնէական հաւատքին, ի հարկին զոհաբերելով իրենց կեանքը։ Անոնց պայքարը ազգին ու հաւատքին հանդէպ հաւատարմութեան արտայայտութիւն էր, անձնական հաճոյքներն ու բարօրութիւնը հաւաքականին զոհաբերելու գիտակցութեան արտայայտութիւն։ Մենք ալ, ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը, պէտք է տոգորուինք անձնականէն անդին, մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին համար զոհաբերելու ոգիով, հետեւելով Մամիկոնեան Սպարապետին ու գաղափարակից նահատակներուն օրինակին։ Ան նշեց, որ այսօրուան աշխարհը յաճախ մեզ հեռու կը տանի նման մտածելակերպէ ու ոգիէ, սակայն Վարդանանց ու նման հերոսներու կեանքի ու զոհաբերութեան օրինակը յուշարար է, որ մեր ազգի գոյատեւման ճամբան կը կերտուի այս ոգիով ու մօտեցումով։ Ան կոչ ուղղեց աշակերտներուն, որ յառաջիկայ շաբաթ, երբ կը տօնակատարեն Վարդանանց հերոսամարտի յիշատակը, վերանորոգեն մեր հերոսներուն ուխտը եւ դառնան անոնց ուղին պահպանող երիտասարդներ։
Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանին ու Հայր Միւռոնի առաջնորդութեամբ, աշակերտները աղօթագիրքէն երիտասարդին նուիրուած աղօթքի մը ընթերցումը կատարեցին ու խոստացան իրենց կեանքերուն մէջ կիրարկել այդ աղօթքին թելադրանքները։
Հանդիպումը վերջ գտաւ »Կիլիկիա«ի ու Հայաստանի Քայլերգին խմբերգումով։