Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու առաջին ամենօրեայ հայկական վարժարանին՝ Ազգ. Ս. Նահատակաց Մարի Գապայեան նախակրթարանի եւ Ֆերահեան Երկրորդական վարժարանին 50րդ տարեդարձին փառաշուք հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 6 Սեպտեմբեր 2014ի երեկոյեան, Հոլիվուտի “Տոլպի” սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի:
Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ռազմիկ Քհնյ. Խաչատուրեան։ Ներկայ էին նաեւ Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան եւ անդամներէն Տիար Վահրիճ Փիլաւճեան։
Պաշտօնական հիւրերուն շարքին էր Տիար Փօլ Գրիգորեան, որ յանուն Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանին, յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց Տիար Գաբրիէլ Ինճէճիկեանի, վեր առնելով անոր երախտիքը: Ողջոյնի եւ սրտի խօսք արտասանեց վարժարանին տնօրէնը՝ Տիար Ժան Գոսաքեան, որ ապա հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը՝ արտասանելու իր օրհնութեան ու սրտի խօսքը:
Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ վարժարանի հիմնադիրին, գործակիցներուն, բոլոր տնօրէններուն, բարերարներուն, նուիրեալներուն, շրջանաւարտներուն, ծնողներուն եւ մեծ ծնողներուն մասին, որոնք յարաճուն թափով շարունակեցին 50 տարի առաջ սկսած գործը եւ վարժարանը հասցուցին իր այժմու պերճ վիճակին, մաղթելով, որ երթը շարունակուի աննահանջ ընթացքով: Ան շեշտեց, որ ազգային այս վարժարանին հիմնադրութիւնը ոչ թէ ինքնին պարզ իրագործում էր, այն իմաստով, որ անիկա հայեցի կրթութեան ապահով օճախ մը կþապահովէր հայ աշակերտին համար, այլ նաեւ ճամբայ հարթեց նոր ուսումնարաններու բացման առջեւ: Այս իմաստով, Ֆերահեանը իւրայատուկ արժէք է նաեւ հայկական սփիւռքի դիտանկիւնէն:
Առաջնորդ Սրբազանը գեղեցիկ անակնկալ մը վերապահած էր այս պատմական հանդիսութեան առիթով: Ան յայտարարեց, որ Տէր եւ Տիկին Գրիգոր եւ Շաքէ Չագեան, բարձր գնահատելով Ֆերահեանի սերնդակերտ առաքելութիւնը, 200,000 տոլարի նուիրատուութեան խոստումով մը իրենց գործնական աջակցութիւնը կը տրամադրեն մեր ուսումնարանին, այսպէսով նոր հանգրուան մը կերտելով մեր եկեղեցւոյ ու ազգային միաւորներու իրենց կատարած բարերարութիւններու երթին մէջ: Նուիրատուութիւնը պիտի տրամադրուի վարժարանի Նորթ Հիլզի համալիրի շինարարութեան հիմնադրամին։