Ուրբաթ, 2 Փետրուար 2018-ին, Ազգային Առաջնորդարան այցելեցին Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի երկորդական բաժնի 8-րդ դասարանի աշակերտները եւ հիւրընկալուեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ, հրամցուցին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը եւ լսեցին Առաջնորդ Սրբազանին պատգամը։ Այցելութիւնը նորագոյն օղակն էր Ազգ. վարժարաններու աշակերտներու կողմէ Ազգ. Առաջնորդարան աշակերտական ուխտագնացութիւններու շարքին։
42 աշակերտները, առաջնորդութեամբ վարժարանի տնօրէնուհի Տիկին Սօսի Շանլեանի եւ ընկերակցութեամբ դաստիարակներու, առաջին հերթին համախմբուեցան «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատրան մէջ։ Առաջնորդ Սրբազանը, իր կողքին ունենալով Առաջնորդական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեանը, Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեանն ու Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեանը, աշակերտներուն հետ ունեցաւ աղօթքի պահ մը. նկատի ունենալով, որ այցելութիւնը տեղի կ’ունենար Ս. Ղեւոնդեանց եւ Վարդանանց տօներու նախօրեակին, հոգեւոր հայրերը երգեցին Վարդանանց հերոսներու յիշատակին նուիրուած «Նորահրաշ» շարականը, ապա, Առաջնորդ Սրբազանը հակիրճ լուսաբանութիւններ տուաւ մատրան ու անոր պատերը զարդարող՝ Ս. Վարդանանց, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի ու Տրդատ Թագաւորին եւ Ս. Սահակ Կաթողիկոսի ու Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի սրբանկարներուն մասին։
«Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, աշակերտները հանդէս եկան երգերով, արտասանութիւններով, դաշնամուրի վրայ նուագներով ու պարային պատկերով մը։ Արտասանութիւններն ու երգերը նուիրուած էին վարդանանց հերոսամարտին ու Արցախին, նկատի ունենալով, որ Փետրուարը սերտօրէն կապուած է Աւարայրի ու Արցախեան հերոսամարտերուն։ Պարն ու երաժշտական կտորներն ալ հայկական էին ընդհանրապէս։
Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ աշակերտներուն պատրաստած յայտագիրին ու դաստիարակներուն հոգածու վերաբերմունքին մասին, ապա, իր պատգամը ուղղելէ առաջ, սեղմ ծանօթութիւններով՝ պատասխանեց աշակերտներու հարցումներուն, որոնք կ’ընդգրկէին Կաթողիկոսարանը, Ազգ. Առաջնորդարանը, Սիսի կաթողիկոսարանի դատն ու կրօնական հարցեր։
Լուսաբանական պատասխաններէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց աշակերտներուն հարցասիրութիւնը եւ նշեց, որ այս այցելութիւնը ազգի, հաւատքի ու մշակոյթի հաւատարմութեան ուխտի նորոգումի առիթ մըն է, ընդգծեց, որ Ազգ. Առաջնորդարանին ու շրջաններուն, նա՛եւ վարժարաններուն միջեւ նման հաղորդակցութիւններ կ’ամրապնդեն կապերը եւ կ’ունենան իրենց արդիւնքը, որոնց գնահատման ցուցանիշներէն մէկն ալ՝ աշակերտներուն արձանագրած յաջողութիւններն են ու անոնց մէջ բանալի դեր ունին տնօրէնն ու դաստիարակները։ Ան շեշտեց, որ մենք ակնկալութիւններ ունինք աշակերտներէն, որոնք հասակ առնելով ու հայկական վարժարանի միջավայրէն անդին անցնելով՝ պիտի կրեն բամաթիւ ազդեցութիւններ. անոնք պէտք է հոգեկան ամրութիւնը ունենան չենթարկուելու բացասական ազդեցութեանց, սակայն նաեւ այս երկրի ընձեռած բարիքներէն օգտուին ու օգտակար հանդիսանան նաեւ մեր հաւաքականութեան, իսկ մեր վարժարանները այդ նպատակին ծառայող՝ թրծումի օճախներ են։ Ան աշակերտները յորդորեց այժմէն իսկ ըմբռնել հայ եկեղեցւոյ ու հայ դպրոցի կենսատու արժէքը եւ պահպանել անոնց հաւատարմութեան ուխտը, եւ իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Բոլորիդ վարձքը կատար»։
Աշակերտները յուշանուէր մը բերած էին Առաջնորդ Սրբազանին, որ իր կարգին, աշակերտներուն նուիրեց Ազգ. Առաջնորդարանին հրատարակած Ս. Պատարագի արարողութեան գրքոյկէն օրինակներ։
Հանդիպումը վերջ գտաւ Առաջնորդ Սրբազանին «Պահպանիչ»ով, «Կիլիկիա»ի եւ «Մեր Հայրենիք»ի խմբերգումով։ Աշակերտները խումբ առ խումբ ծանօթացան Ազգ. Առաջնորդարանի բաժանմունքներուն, իսկ մեկնելէ առաջ, խմբանկար մը ունեցան Նահատակաց յուշակոթողին առջեւ։