Ազգային Առաջնորդարանին համար տարիներու բարի աւանդութիւն է, որ տօնական օրերու թէ այլապէս, Ազգային Վարժարաններու աշակերտներ այցելեն Ազգային Առաջնորդարան, հիւրընկալուին Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ, իրենց դաստիարակութեան մէկ մանրանկարը ներկայացնեն ու լսեն Առաջնորդ Սրբազանին պատգամը։
Այս ծիրին մէջ, Հինգշաբթի, 14 Փետրուար 2019-ին, Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի 8-րդ կարգի աշակերտները այցելեցին Ազգ.
buy aciphex generic https://buynoprescriptiononlinerxx.com/aciphex.html over the counter
Առաջնորդարան, ընկերակցութեամբ փոխ տնօրէն Տիար Վարդգէս Նալպանտեանի եւ դաստիարակներու։
Առաջին հերթին, աշակերտներն ու ուսուցիչները համախմբուեցան «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատրան մէջ եւ Առաջնորդ Սրբազանին հետ ունեցան աղօթքի պահ մը։ Առաջնորդ Սրբազանին կողքին էր Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ Փեհլիվանեան։ Նկատի ունենալով, որ կը գտնուինք Ս. Վարդանանց տօնի նախօրեակին, հոգեւոր հայրերը երգեցին նաեւ Վարդանանց զօրավարաց նուիրուած շարականը։
Աշակերտներուն պատրաստած գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրը ներկայացուեցաւ «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ։ Յայտագիրը հիմնականին մէջ կազմուած էր Վարդանանց տօնին նուիրուած բանաստեղծութիւններով եւ հայրենասիրական երգերով։ Հանդիսավարութիւնը կատարեց Սեռա Սելիմեան, որ ընկերներուն անունով շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազանին՝ հիրընկալութեան համար, նշելով, պիտի ներկայացնեն Աւարայրի պատմական հերոսամարտին յատուկ յայտագիր մը։
Այնուհետեւ, աշակերտները խումբ առ խումբ «սրահ բերին» բանաստեղծներ Ժագ Ս. Յակոբեանը, Վահան Թէքէեանը, Եղիշէ Չարենցն ու անմահ Կոմիտաս Վարդապետը. արտասանեցին «Վարդանական»ը, «Խորհուրդ Վարդանանց»ը, երգեցին «Արդեօք ովքեր են» եւ «Ես իմ անոյշ Հայաստանի»ն։ Երգերու բաժինը աւարտեցաւ «Աղբերս ու ես» հայրենասիրական երգով, յիշեցնելով, որ Փետրուարը նաեւ Արցախեան հերոսամարտերուն յիշատակման ամիսն է։ Վերջապէս, Ծովակ Սերայտարեան «սրահ բերաւ» Կոմիտասը, ջութակի վրայ նուագելով «Երկինքն ամպել ա» գոհարը։ Հանդիսավարը յիշեցուց, որ Փետրուարը նաեւ Փետրուարեան Ապստամբութեան ու Արցախի ազատագրական շարժումի յիշատակման ամիս է, հետեւաբար, յայտագիրը աւարտին հասաւ Արցախին նուիրուած «Ղարաբաղին» երգով։
Առաջնորդ Սրբազանը արտասանեց գնահատանքի խօսք եւ ուղղեց իր պատգամը։ Ան ողջունեց աշակերտներուն ներկայութիւնը, գոհունակութիւն յայտնեց, որ լաւապէս սորված կտորները համարձակօրէն ներկայացուցին ապրումով, ներկայացուած բանաստեղծութիւններուն ու երգերուն ճամբով՝ պահ մը վերապրեցաւ իր պատանութեան օրերը, որոնք հարստացած էին նմանօրինակ պահերով, ապա, հակիրճ ծանօթութիւններ տուաւ Ազգային Առաջնորդարանի աշխատանքի դաշտերուն մասին, նշելով, որ Ֆերահեան վարժարանն ալ, իբրեւ մեր կրթական համակարգին մէկ անդամը, կը գործէ Ազգ. Առաջնրոդարանի հովանիին տակ, եւ անոր աշխատանքներէն մէկն է հայերէնի ու պատմութեան դասագիրքեր տրամադրել մեր աշակերտներուն։ Մեր աշխատանքին հիմնական ուղին է դարերէն մեզի հասած քրիստոնէական ու ազգային ժառանգութիւնները պահպանելն ու փոխանցելը ձեզ նման աշակերտներու, ըսաւ Սրբազանը։ Ան նաեւ կանգ առաւ Փետրուարը յատկանշող կրօնական եւ ազգային տօներուն վրայ, նկատել տալով, որ այս օրը Տեառնընդառաջ է, Մանուկ Յիսուսի Տաճար ընծայման յիշատակի տօնը, որուն որոշ աւանդութիւններու մասին տուաւ հակիրճ բացատրութիւն մը։ Փետրուարը նաեւ Վարդանանց ու Ղեւոնդեանց պատգամներուն, ապա նաեւ Փետրուարեան Ապստամբութեան ու Արցախեան Շարժումի յիշատակման ամիս է. այս բոլորէն մեզի կը հասնին արժէքներ ու պատգամներ, թէ՝ հայը դարեր շարունակ կրած է տառապանքներ, համբերած է, սակայն երբ նկատած է, որ իր էութեան, հայու հոգիին ու ինքնութեան սպառնալիք կայ, վճռական ՈՉ ըսած է Վարդանանց, Ղեւոնդեանց եւ մեր օրերու նահատակներուն ու հերոսներուն ոգիով։ Ան աշակերտները յորդորեց, որ տոգորուին Յակոբեանէն ու Թէքէեանէն իրենց արտասանած բանաստեղծութիւններուն ոգիով, ընդգծելով, որ Վարդան Մամիկոնեան սպարապետին ու մեր բոլոր հերոսներուն հոգիները կ’ապրին աշակերտներուն ու բոլոր հայ սերունդներուն մէջ, անոնց նահատակութիւնը մահ չէր, այլ հայութեան քրիստոնէական ու ազգային երթի ամրագրում։ Վերջապէս, ան աշակերտները հրաւիրեց երախտագիտութեամբ գնահատելու իրենց ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն զոհաբերութիւնը, յատուկ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ նաեւ Ս. Ղեւոնդեանց նահատակութենէն բխած պատգամին, եւ իր խօսքը աւարտեց օրհնելով աշակերտներն ու դաստիարակները։
Առաջնորդ Սրբազանը աշակերտներուն նուիրեց Ազգ. Առաջնորդարանի հրատարակութիւններէն՝ Ժագ Ս. Յակոբեանի «Մեսրոպավէպ» հատորէն օրինակներ, խաչեր եւ կրօնական նկարներ, իսկ աշակերտները, իրենց կարգին, հայկական զարդերով յուշանուէր մը բերած էին Առաջնորդ Սրբազանին։
Հանդիպումը վերջ գտաւ «Կիլիկիա»ի եւ «Մեր հայրենիք»ի խմբերգումով։ Մեկնելէ առաջ, աշակերտները խումբ-խումբ այցելեցին Ազգ. Առաջնորդարանի գրասենեակներն ու այլ բաժինները եւ ծանօթացան Ազգի Տան յարկին տակ տարուող աշխատանքներու բնոյթին։