Ֆերահեան Ազգ. Վարժարանի Աշակերտները Յիշատակելի Օր Մը Անցուցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր Հետ


Ազգային Ֆերահեան վարժարանի տնօրէնութեան հրաւէրով, Երեքշաբթի, 11 Մարտ 2014-ի առաւօտեան, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան այցելեց վարժարանի երկու համալիրները: Առաջնորդ Սրբազան Հօր կþընկերանային Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հովիւ Արժ. Տ. Ռազմիկ Քհնյ. Խաչատուրեան եւ Ազգային Վարչութեան անդամ Տիար Թորոս Քէչէճեան:

Առաջնորդ Սրբազանը առաջին հերթին այցելեց Ս. Նահատակաց ՀՕՄի Աշխէն Փիլաւճեան մանկամսուրի եւ Մարի Գապայեան նախակրթարանի համալիրը, ուր ան դիմաւորուեցաւ վարժարանի տնօրէն Տիար Ժան Գոսաքեանի, մանկամսուրի վարիչ Վեհիկ Գաբրիէլեանի, տնօրէնի օգնական Տիար Դրօ Չէքիճեանի եւ վարժարանի ուսումնական խորհուրդի անդամներուն կողմէ:

Առաջնորդ Սրբազանը նախ այցելեց մանկամսուրի բաժինը, ուր փոքրիկները արտասանութիւններ հրամցուցին, որմէ ետք Առաջնորդ Սրբազան Հայրը դիւրըմբռնելի ոճով խօսեցաւ մանուկներուն:

Ապա, Վարժարանի «Հայկ Մինասեան» սրահին մէջ հաւաքուած երրորդ, չորրորդ եւ հինգերորդ դասարանի աշակերտները, Տիկ. Ազատուհի Ղազարեանի հանդիսավարութեամբ, ներկայացուցին մշակութային յայտագիր մը, որ կը բաղկանար Հայերէն լեզուի եւ Վարդանանց նուիրուած բանաստեղծութիւններէ, երգերէ եւ պարէ: Ապա վարժարանի տնօրէն Պրն. Ժան Գոսաքեան Առաջնորդ Սրբազանը հրաւիրելէ առաջ, ողջունեց զինք, հիւրերն ու աշակերտները։ Առաջնորդ Սրբազանը աշակերտներուն հարցումներ ուղղելով եւ անոնցմէ գեղեցիկ պատասխաններ ստանալով մտերմիկ մթնոլորտ մը ստեղծեց, որմէ ետք իր խօսքը փոխանցեց, գնահատեց դպրոցի տնօրէնութեան ճիգերը, ինչպէս նաեւ բարձր գնահատեց աշակերտներուն ներկայացուցած յայտագիրը, շեշտելով, թէ Ս. Վարդանի եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի հոգիները ողջ կը մնան այնքան ատեն որ մենք Հայերէն կը խօսինք, հայերէն կþաղօթենք եւ մեր ինքնութեամբ հպարտ կը զգանք, որպէս մեր հերոսներուն եւ նախահայրերուն հաւատարիմ ժառանգորդները: Յայտագիրը իր աւարտին հասաւ Տէրունական աղօթքով եւ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ»ով:

Ապա, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ հիւրերը առիթը ունեցան վարժարանի ապագայ շինարարական ծրագիրներուն մասին խօսելու, ուր Պրն. Տնօրէնը հակիրճ ձեւով պարզեց ծրագրի հանգրուանները:

Օրուան այցելութիւնը շարունակուեցաւ Ֆերահեան Ազգային Վարժարանի համալիրէն ներս, ուր «Տիգրանեան» սրահին մէջ, երկրորդական բաժինի աշակերտները սիրալիր կերպով դիմաւորեցին Առաջնորդ Սրբազանը, ներկայացնելով ողջոյնի խօսքեր եւ արտասանութիւններ: Տնօրէնը աշակերտութեան խօսեցաւ առաւօտեան Նորթ Հիլզ համալիրի մէջ ունեցած իրենց մտերմիկ եւ անմոռանալի այցելութեան մասին ապա հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը: Այս համախմբումը եւս լաւագոյնս ծառայեց հաճելի պահ մը ստեղծելու աշակերտներուն եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր միջեւ: Աշակերտները ազատօրէն իրենց հարցումները ուղղեցին հաւատքի եւ եկեղեցւոյ կեանքի մասին, ինչպէս նաեւ երիտասարդութեան մասնակցութիւնը եկեղեցիէն եւ գաղութի կեանքէն ներս ունենալու եւ ցեղասպանութեան նահատակներուն սրբադասման վերաբերեալ: Հարցազրոյցը վարեց Վարժարանի ուսուցչուհիներէն Օր. Անի Պէրթիզլեանը։ Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը աշակերտներուն շեշտեց մայրենի լեզուով խօսելու, եւ իբրեւ հաւատացեալ Քրիստոնեայ Հայեր ապրելու կարեւորութիւնը, կառչած մնալով լեզուին, հաւատքին եւ ժառանգութեան, ինչպէս նաեւ երիտասարդ սերունդին եկեղեցիին կապուած ըլլալու անհրաժեշտութիւնը: Վարժարանի պատասխանատուներն ու աշակերտները ջերմ շնորհակալութիւն յայտնեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր տուած տեղեկութիւններուն եւ խրախուսիչ պատգամներուն համար եւ փափաք յայտնեցին ապագային կրկնելու նմանօրինակ այցելութիւնները:

Հանդիպումի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը աւարտական դասարանի աշակերտներուն հետ Պահքի ճաշ մը ունեցաւ, ուր ան աշակերտներուն խօսեցաւ Պահքի մասին, շեշտելով թէ անիկա ինքնասրբագրութեան, ինքնաքննութեան եւ հոգեպէս զօրանալու առիթ մըն է։

Այցելութեան այս օրը յատկանշական եւ յիշատակելի եղաւ թէ՚ տնօրէնութեան, թէ՚ աշակերտութեան, եւ թէ՛ Առաջնորդ Սրբազան Հօր համար:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022