Ֆեթհիէ Չեթին Ազգ. Առաջնորդարան Այցելեց


Ցեղասպանութեան 100-ամեակի յիշատակման մարմինին հրաւէրով Լոս Անճելըս իր այցելութեան առիթով, թուրք իրաւաբան, գրող եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան Ֆեթհիէ Չեթին Ուրբաթ, 14 Նոյեմբեր 2014ի կէսօրին այցելեց Ազգային Առաջնորդարան եւ հիւրընկալուեցաւ Թեմիս ժողովականութեան անդամներու կողմէ: Հիւր իրաւաբանին կ’ընկերանային իր գործակիցներէն Տիկին Պեղրին Էսա, Ցեղասպանութեան 100-ամեակի մարմինի ներկայացուցիչ Տիկին Ճէքի Թովմասեան, Պոլսահայ Միութեան ներկայացուցիչ Տոքթ. Յովհաննէս Գուլաք Աւետիքեան եւ այլ աշխատակիցներ: Անոնք դիմաւորուեցան Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տիար Վահէ Եագուպեանի, Թեմիս Կրօնական Ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան դիւանի անդամներու եւ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի ներկայացուցիչներու կողմէ:

Փոխադարձ ծանօթացումէ ետք, յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, ողջոյին խօսք արտասանեց Ցեղասպանութեան 100ամեակի մարմինին մօտ Ազգ. Առաջնորդարանիս ներկայացուցիչ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան: Ան յայտնեց, որ Առաջնորդ Սրբազանը այս օրերուն Հայաստան կը գտնուի, Ս. Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցող Եպիսկոպոսաց Ժողովին մասնակցելու համար, իսկ այդ ժողովին օրակարգի գլխաւոր նիւթերէն էին Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչումն ու հայութեան պահանջատիրութեան հետապնդումը: Ան նշեց, որ յարգելի հիւրը կ’ողջունէ Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ, որ կը գործէ Սիսէն արմատախիլ եղած եւ Անթիլիասի մէջ վերահաստատուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանիին տակ, այս Առաջնորդարանն ալ, ինչպէս Կաթողիկոսութիւնը, պահանջատէր կը մնայ հայութեան պատկանող կալուածներուն եւ այլ իրաւունքներուն նկատմամբ: Տէր Հայրը գնահատանքով արտայայտուեցաւ Հրանդ Տինքի եւ մարդկային իրաւունքներու վերաբերեալ դատերու պաշտպանի Ֆեթհիէ Չեթինի աշխատանքին մասին եւ վերջապէս, Առաջնորդ Սրբազանին կողմէ մակարգրուած գիրքեր իբրեւ յուշանուէր յանձնեց հիւրին:

Ողջոյնի խօսք արտասանեցին նաեւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան եւ Տիար Վահէ Եագուպեան:

Տիար Վահէ Յովակիմեան, բարի գալուստի իր խօսքին մէջ, նկատեց, որ անձի մը ու անոր աշխատանքին մասին երկարօրէն լսելէ ետք, անոր հետ ուղղակի հանդիպում ունենալը տարբեր հանգամանք կը ստանայ եւ առիթ է խօսակցելու մարդկային ու հասարակական հարցերու մասին: Ան յարգելի հիւրը ողջունեց Սիսի Կաթողիկոսութեան աւանդներուն ժառանգորդ Ազգ. Առաջնորդարանիս յարկին տակ եւ հաստատեց, որ երբ հայութիւնը կը պատրաստուի յիշատակել Ցեղասպանութեան 100ամեակը, այդ յիշատակումը նաեւ ընդհանուր արդարութեան հետամտութիւն է:

Տիար Վահէ Եագուպեան գոհունակութիւն արտայայտեց որ Տիկին Չեթին կը գտնուի Ազգ. Առաջնորդարանիս յարկին տակ, նկատելով, որ այս այցելութիւնը նաեւ խորհրդանշական իմաստ ունի. մեր մտքին մէջ եղող հարցը միայն հայու եւ թուրքի հարց չէ, այլ է նաեւ արդարատենչի ու իրաւազրկողի հարց, արդարութեան համար գործողներ քով քովի գալով՝ արդարութեան գործընթացը կրնան յառաջ տանիլ յարաճուն թափով: Ան նկատեց, որ Տիկին Չեթին արդարատենչութեան հարցերը իրաւական գետնի վրայ հետապնդող առաջիններէն է, ինք անձամբ ծանօթ է հիւր իրաւաբանին մօտիկ շրջանակի մարդոց, որոնք Թուրքիոյ մէջ քաջաբար յառաջ կը տանին արդարութեան եւ մարդկային իրաւուքներու պաշտպանութիւնը: Ան գնահատանք արձանագրեց Տիկին Չեթինի յանդուգն ու վտանգներ յանձն առնող աշխատանքներուն համար, եւ յոյս յայտնեց, որ Օսման Գաւալըի եւ ուրիշներու հետ գործակցութեան ճամբով այս առաջադրանքները յաջողութեան հասնին:

Խօսք առաւ Տիկին Ֆեթհիէ Չեթին եւ առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան, ինչպէս նաեւ Տոքթ. Յովհաննէս Գուլաք Աւետիքեանի կատարած թարգմանի աշխատանքին համար: Անդրադառնալով Ցեղասպանութեան ու անկէ բխող հարցերուն, ան հաստատեց, որ անոնք իրաւական հարցեր են, ինք կ’աշխատի անոնց լուծման ի խնդիր, ու ինք հանգիստ պիտի չընէ, եթէ անոնք լուծում չգտնեն: Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց գործակցելու բոլոր անոնց հետ, որոնք այս ծիրին մէջ կը դիմեն իրեն: Ակնարկելով Էրտողանի կողմէ հայութենէն ներողութիւն խնդրելու արտայայտութեան, ան նկատել տուաւ, որ ներողութիւն խնդրելը բաւարար չէ, ոչ ալ պէտք է այս հարցը քաղաքական գործիքի վերածուի, այլ անհրաժեշտ է, որ յանցաւորը ընդունի իր յանցանքը, ունենայ ամօթի զգացում, Թուրքիոյ դասագիրքերուն մէջ ցարդ արձանագրուած սխալ տեղեկութիւնները ճշդուին ու ճշմարտութիւնը տեղ գտնէ հոն, վերջապէս, Ցեղասպանութեան զոհերուն զաւակները, թոռներն ու ծոռները արդար հատուցում ստանան ստացուածքի եւ այլ կորուստներու դիմաց: Ան ըսաւ, որ այս առաջադրանքներուն իրականացման համար ինք կարելին պիտի ընէ, պէտք է իրականացնել ինչ որ կարելի է ու հասանելի:

Հետեւեցաւ մտերմիկ զրոյցի պահ մը: Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի ատենապետուհի Տիկին Ծովիկ Զէյթլեան, ողջունելով Տիկին Չեթինի այցելութիւնը, հպարտութիւն արտայայտեց, որ ծագումով հայ կին մը արդարութեան դատապաշտպան է, յատկապէս Հրանդ Տինքի դատին մէջ: Ազգ. Վարչութեան անդամներէն Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան բաղձանք արտայայտեց, որ յառաջիկայ տարի, Ցեղասպանութեան 100ամեակի յիշատակման օրերուն, մեծ թիւով թուրք մտաւորականներ, ականաւոր դէմքեր եւ ժողովուրդէն ներկայացուցիչներ միանան Թաքսիմ հրապարակին վրայ յիշատակումի հաւաքին: Տիկին Չեթին որոշ լուսաբանութիւններ տուաւ Թուրքիոյ քաղաքական կեանքին մէջ նկատուող դանդաղ բարելաւումներուն մասին, նշելով, որ կուսակցութիւն մը արդէն ընդունած է Ցեղասպանութեան պատմական ճշմարտութիւնը, տարակուսանքի ալիքը սկսած է նահանջել եւ աշխատանք կը տարուի, որ պատմական ճշմարտութիւնները աւելի յստակ կերպով ճանաչում գտնեն:

Հրաժեշտէն առաջ, յարգելի հիւրերը այցելեցին Ազգ. Առաջնորդարանի բաժանմունքները եւ ունեցան յիշատակի լուանկար մը:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022