Միջ-Դպրոցական Ասմունքի Ե. Մրցումը՝ Մշակութային Նուաճում

Արեւմտեան մեր Թեմին մէջ գործող հայկական վարժարաններէ աշակերտներ, դաստիարակներ եւ ծնողներ Շաբաթ, 24 Փետրուար 2018-ին իւրայատուկ ժամադրութիւն մը ունէին Հայ Աւետ. Շ. եւ Է. Մերտինեան վարժարանի սրահին մէջ, միջ-դպրոցական ասմունքի տարեկան հինգերորդ մրցումին առիթով, որ սոսկական մրցումէ մը աւելի՝ եղաւ մեր գրաւոր մշակոյթի գանձերով ապրելու պահ մը, նուիրուած՝ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնը վայելող ասմունքի մրցումին՝ ութ վարժարաններ ընդառաջած էին կազմակերպիչ՝ Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի հրաւէրին, ժամադրավայր առաքելով շուրջ 60 աշակերտներ. ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան անդամներէն Տիար Ալեք Պաղտասարեան, Խնամակալ Մարմինի ատենապետուհի Տիկին Լիզա Կապուտեան, անդամներ՝ Տիկնայք Սօսի Յովսէփեան եւ Լենա Գորթոշեան, վարժարաններու տնօրէններ, դաստիարակներ եւ մեծ թիւով ծնողներ։ Ընդարձակ սրահին մէջ տեղադրուած բոլոր աթոռները գրաւուած էին մրցումին ազդանշանէն առաջ, շատեր ոտքի կանգնած էին…

Մասնակցութիւն բերին հիւրընկալ՝ Մերտինեան, Հ.Բ.Ը.Մ.ի Մարի Մանուկեան-Տեմիրճեան, Սահակ-Մեսրոպ, ինչպէս նաեւ Ազգային Ֆերահեան, Մարի Գապայեան, Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս, Վ. եւ Ա. Շամլեան, Մեսրոպեան եւ Արի Կիրակոս Մինասեան վարժարաններու աշակերտներ։ Ինչպէս նշեցինք, այս տարուան մրցումը նուիրուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին, հետեւաբար, թելադրուած էր որ ասմունքողները ներկայացնեն ազգային ու հայրենասիրական կտորներ։ Այս խնդրանքը յարգուած էր լիովին։ Բեմի խորքին, պարզուած էր Հայաստանի զինանշանը կրող լայն պաստառ մը։

Խնամակալ Մարմինի ատենապետուհի Տիկին Լ. Կապուտեան արտասանեց ողջոյնի խօսք, գոհունակութիւն արտայայտեց մասնակցութեան համար, ապա հրաւիրեց Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեանը, որպէսզի ընթերցէ Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութեան խօսքն ու պատգամը։ Գոհունակութիւն յայտնելով հինգերորդ տարեկան այս մրցումին համար, Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանք կ’արձանագրէր Խնամակալ Մարմինին, դաստիարակներուն, աշակերտներուն ու ծնողներուն, որոնք ընդառաջած են այս նախաձեռնութեան։ Խօսքը ուղղելով աշակերտներուն, ան կը շեշտէր, որ ասմունքներուն ճամբով, մեր տաղանդաւոր բանաստեղծները պիտի ապրին ու վերապրին այսօր, անոնց գրաւոր վաստակը իբրեւ ժառանգութիւն հասած է իրենց ու իրենք պարտին պահպանել այս գանձերը։ Աւելին, ան նկատել կու տար, որ «այսօրուան մրցումին, պիտի ըլլան մրցանակ շահողներ, սակայն ես ձեզի կ’ըսեմ, որ բոլո՛ր մասնակիցներդ յաղթող էք, այս սրահէն պարտուողներ պիտի չելլեն։ Ձեր հաւաքական յաղթանակը փոքր քայլ մը կ’աւելցնէ այն երթին, որ կերտած են Քաջն Վարդան Մամիկոնեան, Սարդարապատի ու Արցախի հերոսները. անոնց հոգիները իրենց արձագանգը կը գտնեն մեր լեզուի ու մշակութային արժէքներուն հանդէպ ձեր սիրոյն մէջ, մանաւանդ որ այս տարի կը տօնենք Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը», ու կ’եզրակացնէր գնահատելով բոլորին ճիգերը եւ մաղթելով, որ աշակերտները միշտ բարձր պահեն մեր մշակոյթին ու Հայ Դպրոցին ջահը։

Տիկին Լ. Գորթոշեան ներկայացուց դատական կազմը, որ կը բաղկանար հետեւեալ արուեստագէտներէն ու դաստիարակներէն. Գրիգոր Օկարեան, Թագուհի Արզումանեան, Սայաթ Պապումեան, Գէորգ Պետիկեան եւ Մարալ Վարժապետեան։

Առաջին հերթին բեմ հրաւիրուեցան նախակրթարանի 4-րդ եւ 5-րդ կարգի ասմունքողները, ապա՝ միջնակարգի 6-րդէն 8-րդ կարգի աշակերտները, իսկ կէսօրուան ճաշի կարճ դադարէն ետք՝ երկրորդականի 9-րդէն 12-րդ կարգերու աշակերտները։ Ակներեւ էր, որ աշակերտ, դաստիարակ ու ծնողներ լուռ դաշնութեամբ մը լաւապէս պատրաստուած էին այս մրցումին. արտասանողները արտայայտուեցան հայկական առոգանութեամբ եւ ներկայացուցած կտորները լաւապէս հասկցածի ապրումով։

Առաջին խմբակի մասնակիցներուն արտասանութիւններէն ետք, բեմ հրաւիրուեցաւ անցեալ տարուան մրցումին մրցանակաւորը՝ Վարանդ Չալըգեան, որ անցեալ ամառ մասնակցած էր Շուշիի մէջ տեղի ունեցած համագաղութային ասմունքի մրցումին ու շահած էր Բ. մրցանակը։ Ան արտայայտուեցաւ իր ապրումներուն մասին։

Իւրաքանչիւր խմբակի արտասանութեանց աւարտին, մասնակիցները բեմ հրաւիրուեցան եւ արժանացան երկուքական գնահատագիրի, առաջինը՝ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարին կողմէ, իսկ երկրորդը՝ Խնամակալ Մարմինին կողմէ։ Տիկին Լ. Կապուտեան յայտարարեց, որ Սփիւռքի նախարարութեան գնահատագիրները ապահովուած են Տիար Ալեք Պաղտասարեանի ճիգերուն շնորհիւ։

Բոլոր մասնակիցները իբրեւ նուէր ստացան Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանը կրող պայուսակներ, որոնց մէջ կային Ներսիկ Իսպիրեանէն ձայնապնակ մը եւ տեսաերիզ մը՝ հայկական հայրենասիրական ու ազգային երգերով։

Յառաջիկայ օրերուն, դատական կազմին գնահատականները պիտի համադրուին ու հաղորդուին վարժարաններուն։ Մրցանակաբաշխումը տեղի պիտի ունենայ ի մօտոյ, Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022