Երեքշաբթի, 11 Փետրուար, 2014-ին Քալիֆորնիոյ նահանգի խորհրդարանի նախկին անդամ Էնթընի Փորթանթինօ բարեկամական այցելութիւն տուաւ Ազգային Առաջնորդարան, ուր ան մտերմիկ հանդիպում մը ունեցաւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հետ: Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանային Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան, Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան եւ Ազգային Վարչութեան անդամներ Տոքթ. Նաւասարդ Գազազեան եւ Տիար Թորոս Քէչէճեան:
Տիար Փորթանթինօ Փասատինայի Հայկական Ցեղասպանութեան Յուշարձանի Յանձնախումբի անդամ ըլլալով, Սրբազան Հօր տեղեկացուց վերջին զարգացումներուն մասին, նշելով թէ Փասատինայի քաղաքապետարանը միաձայնութեամբ վաւերացուցած է ծրագիրը եւ թէ յառաջիկայ շաբաթներուն վերջնական ճարտարապետական ձեւը պատրաստ պիտի ըլլայ: Տիար Փորթանթինօ նաեւ տեղեկացուց, թէ Յանձնախումբը ծրագրած է հիմնօրհնէք կատարել Ապրիլ 24-ի օրը:
Ցեղասպանութեան ոգեկոչական ձեռնարկներու մասին խօսելով, Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, թէ այսպիսի նախաձեռնութիւններ անհրաժեշտ է որ գաղութին մէջ միասնական ճիգերով իրագործուին, ինչպէս օրինակ Հայկական Ցեղասպանութեան Միացեալ Մարմինի աշխատանքները:
Տիար Փորթանթինօ շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազանին եւ Հայ համայնքին, իրենց մշտական աջակցութեան եւ ընդառաջումին համար: Առաջնորդ Սրբազանը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց պատուարժան հիւրին եւ յաջողութիւն մաղթեց իր ապագայ աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն, ապա անոր փոխանցեց յուշանուէր մը: