Շաբաթ, 29 Մարտ 2014ին, Հայց. Առաք. Եկեղեցին յիշատակեց քրիստոնէութեան համար զոհուած քառասուն քաջարի զինուորներուն՝ Ս. Քառասնից Մանկանց տօնը, որ նաեւ Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնն է։ Այս առիթով, Կիրակի, 30 Մարտին, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցեց եւ մատաղօրհնէք կատարեց Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ։
Առաւօտեան ժամը 11։00-ին, Սրբազան Հայրը “Հրաշափառ”ի երգեցողութեամբ մուտք գործեց եկեղեցի. թափօրին մաս կը կազմէին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան եւ սարկաւագաց դասը, որոնք սպասարկեցին Ս. Խորանին։
Ներկայ էին եկեղեցւոյ երեսփոխաններն ու գաղութին մէջ գործող միութիւններու ներկայացուցիչներ։
“Հայր Մեր”էն առաջ, Հոգեւոր Հովիւը բարի գալուստ մաղթեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, իր օրհնաբեր ներկայութեան առիթով, ինչպէս նաեւ ներկայացուց եկեղեցւոյ մէջ զետեղուած նոր հեռատեսիլի դրութեամբ պաստառները, որոնց միջոցաւ Սուրբ Պատարագի բնագիրը պիտի սփռուի երկլեզու բացատրութեամբ։ Ապա, հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամը փոխանցելու եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առթիւ։ Սրբազանը ներկայ հաւատացեալներուն փոխանցեց իր պատգամը բնաբան ունենալով հետեւեալ Քառասնից Մանկանց հաստատումը, թէ.-“Մենք Քրիստոնեայ ենք, կը պաշտենք Քրիստոսը՝ մեր Տէրը”։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը վեր առնելով Սրբոց Քառասնից Մանկանց օրինակը, շեշտեց անոնց հաւատքի ու նահատակութեան գերագոյն արժէքը եւ հրաւիրեց հաւատացեալները ապրելու հաւատքի կեանք մը, հաւատարիմ մնալով Քրիստոսի։ Առաջնորդ Սրբազանը Սրբոց Քառասնից Մանկանց յիշատակումը շատ գեղեցիկ կերպով կապեց նոյն օրուան՝ Դատաւորի Կիրակիի պատգամին, թէ ինչպէս անարդար ու անգութ դատաւորը ի վերջոյ յօժարեցաւ այրի կնոջ դատը տեսնել, որովհետեւ այրի կինը առանց վհատելու ու յուսահատելու շարունակեց հետապնդել իր խնդիրը։ Սրբոց Քառասնից Մանկանց զօրաւոր ու քաջ նկարագիրը, ցոյց տուաւ թէ անոնք բոլոր պարագաներուն մէջ շարունակեցին իրենց հաւատքի կեանքը ապրիլ։ Անոնք այրի կնոջ անվհատ յոյսի օրինակով ապրեցան եւ ի վերջոյ արժանացան յաւիտենական պսակին։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եկեղեցւոյ պաշտպան սուրբերու տօնին առթիւ յիշեց բոլոր անոնք, որոնք իրենց ներդրումը ունեցած են եկեղեցւոյ պայծառացման ու բարեզարդման։ Ան յատուկ յարգանքով յիշեց բոլոր անոնք, որոնք այսօր մեզի հետ չեն, այլ կը հանգչին երկնքի արքայութեան մէջ։ Առաջնորդ Սրբազանը յիշեց հանգուցեալ Յովիկ Էքմէքճեանը, որուն ողբերգական արկածով մահուան քառասունքը պիտի կատարուէր ու մաղթեց ընտանիքին ու հարազատներուն Սուրբ Հոգիի մխիթարութիւնը։ Սրբազանը յատուկ կերպով յիշեց Քեսապի հայութիւնը, որ վերջին օրերուն կը գտնուին ծանր պայմաններու մէջ, պատերազմի ու անկայունութեան զոհ դառնալով, աղօթելով Աստուծոյ, որ շուտով անոնք վերադառնան իրենց պապենական հողերը եւ ապրին իրենց բնական կեանքը։ Սուրիահայ գաղութին համար յատուկ աղօթքի հրաւիրեց հաւատացեալները, որպէսզի ամէն միջոցաւ օգտակար դառնան իրենց քոյրերուն ու եղբայրներուն։
Տէր Ողորմեայի յատուկ աղօթք կատարուեցաւ Սուրիահայութեան ու մանաւանդ վերջին օրերու Քեսապահայութեան տեղահանութեան համար, ինչպէս նաեւ կատարուեցաւ յատուկ հանգանակութիւն Քեսապահայութեան շտապ օգնութեան համար։
Յաւարտ Ս. Պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ եկեղեցւոյ շինութեան ու ծաղկումին մասնակից եղած, ինչպէս նաեւ մատաղի նուիրատուներու ննջեցեալներուն հոգիներու խաղաղութեան համար, ի մասնաւորի նորոգ հանգուցեալ գաղութի երիտասարդներէն՝ Յովիկ Էքմէքճեանի հոգւոյն, որուն ծնողները իրենց զաւկին հոգւոյն համար նուիրած էին այս տարուան մատաղը։
Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ թափօրը ուղղուեցաւ “Ղուկասեան” սրահ, ուր եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան կողմէ պատրաստուած էր մատաղը։
Մատաղի ու սեղանի օրհնութիւնը տեղի ունեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողմէ, մասնակցութեամբ սարկաւագաց եւ դպրաց դասերուն։ Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ “Կիլիկիա”ի ու “Մեր Հայրենիք”ի հաւաքական երգեցողութեամբ
Ապա, Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր իր ներկայութեան համար եւ բարի ճանապարհ մաղթեց անոր, նկատի ունենալով որ Առաջնորդ Սրբազանը նոյն յետմիջօրէին Լիբանան պիտի ճամբորդէ մանակցելու համար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանական Ընդհանուր Ժողովին, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի յանձնախումբերու համագումարին։ Տէր Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր նուիրատուներուն, անոնց ուխտը կատար ըլլալու մաղթանքներ կատարելով։ Ան գնահատեց ու շնորհակալութիւն յայտնեց Տիկնանց Միութեան, իրենց տքնաջան աշխատանքին ու անոնց մատուցած ծառայութեանց համար։ Հաւատացեալները հաղորդուելով օրուան խորհուրդով՝ մեկնեցան իրենց բնակարանները, իրենց հետ տանելով Սրբոց Քառասնից Մանկանց օրհնութիւններն ու անխախտ հաւատքը։