Կիրակի, 23 Սեպտեմբեր 2018-ին, Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցին հանդիսաւոր Ս. Պատարագով եւ յատուկ հանդիսութեամբ պիտի նշէ իր օծման 30-ամեակը։
Այս առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ իր պատգամը պիտի փոխանցէ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, վեր առնելով եկեղեցւոյ դերը՝ Օրէնճ Քաունթիի մեր գաղութի կեանքին մէջ։ Արդարեւ, Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցին շրջանի հայութեան կեանքին մէջ եղած է հոգեւոր ու հայրենի տուն, սերտ գործակցութիւն ունեցած է շրջանի հայկական միաւորներուն հետ, բարձր պահելու համար ազգի ու մշակոյթի ջահը, միաժամանակ զօրավիգ կանգնելով իր կողքին կանգնող Ազգ. Արի-Կիրակոս Մինասեան վարժարանին։
Ս. Պատարագի աւարտին, եւ կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին ու հոգաբարձութեան, «Ղուկասեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ 30-ամեակի պաշտօնական ճաշկերոյթը, որ պիտի համախմբէ եկեղեցւոյ ժողվականութիւնը, գաղութի միաւորներուն ներկայացուցիչները եւ եկեղեցւոյ խնամքը վայելող հաւատացեալները։