Չորեքշաբթի, 19 Յունիս 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս հիւրընկալեց Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան փոխ ատենապետ՝ Տիար Կարպիս Գարամարտեանը։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեանը։
Ինչպէս ծանօթ է, 17 Մայիսին, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի 47-րդ նիստի ընթացքին ի բացակայութեան Տիար Գարամարտեան յուշատախտակով մը պատուուած էր՝ ի գնահատութիւն Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ եւ համայնքին ցուցաբերած նիւթաբարոյական աջակցութեան։
Հանդիպման ընթացքին Առաջնորդ Սրբազանը յուշատախտակը յանձնեց Տիար Գարամարտեանին եւ դրուատեց անոր ազգանուէր ծառայութիւնը։ Իր կարգին, պարգեւատրեալը երախտիքի խօսքեր արտայայտեց Սրբազան Հօր, Կրօնական Ժողովին եւ Ազգային Վարչութեան։