Ազգ. Առաջնորդարանի Միջ-Դպրոցական Ասմունքի Մրցում


Ազգային Առաջնորդարանի նախաձեռնութեամբ, եւ Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի կազմակերպութեամբ, միջ-դպրոցական ասմունքի մրցումը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 11 Մարտ 2017ին, առաւօտեան ժամը 9-էն սկսեալ, գործնապէս ապացուցելով, որ մայրենիին հետ պատանի սերունդին մտերմութեան մէջ արտասանութիւնը ինչպիսի՛ բարերար ու անփոխարինելի դեր ունի:

Հայկական վարժարաններու աշակերտներուն միջեւ ասմունքի մրցումը կը կազմակերպուէր յաջորդաբար չորրորդ տարին ըլլալով եւ, մասնակիցներուն թէ ներկաներուն վկայութեամբ, տարուէ տարի բարելաւում կ’արձանագրէ տարբեր գիծերու վրայ: Այս տարուան մրցումը տեղի ունեցաւ Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանի սրահին մէջ, մասնակցութեամբ 48 աշակերտներու, որոնք կու գային Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան միջնակարգ, Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս, Մեսրոպեան ու Ֆերահեան երկրորդական վարժարաններէն, Մարի Գապայեան նախակրթարանէն, Հ.Բ.Ը.Մ.ի Մանուկեան-Տէմիրճեան ու Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան երկրդ. վարժարաններէն, Մոնթրոզի Հայ Քոյրերու եւ Փասատինայի Սահակ-Մեսրոպ վարժարաններէն: Հրաւիրեալ կարգ մը վարժարաններ մասնակցութիւն չբերին, որովհետեւ պետական քննութիւններու հետ խաչաձեւում ստեղծուած է:

Մրցումը նուիրուած էր Արցախի անկախութեան 25-րդ տարեդարձին եւ տեղի ունեցաւ երեք խմբակներու միջեւ. առաջին խմբակին մաս կը կազմէին 4րդ եւ 5րդ դասարաններու աշակերտներ, երկրորդ խումբին՝ 6էն 8րդ, իսկ երրորդ խումբին՝ 9էն 12րդ կարգի աշակերտներ: Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, ներկայ էին Արժ.
buy flexeril online www.mobleymd.com/wp-content/languages/new/flexeril.html no prescription

Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեանն ու Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան։ Ներկայ էին նաեւ Ազգ. Վարչութեան անդամներէն Տիար Ալեք Պաղտասարեան, Խնամակալ Մարմինի ատենապետուհին՝ Տիկին Լիզա Կապուտեան եւ անդամներ Տիկնայք Լենա Գորթոշեան եւ Վալենթինա Օկարեան, դաստիարակներ, ծնողներ եւ նկատառելի թիւով հանդիսականներ:

Բացման խօսքը արտասանեց Տիկին Լենա Գորթոշեան, որ հրաւիրեց Տ. Նարեկ Աւ. Քահանան՝ կատարելու բացման աղօթքը: Տէր Հայրը նաեւ փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազանին ողջոյնները եւ յաջողութեան մաղթանքները:

Ողջոյնի խօսք արտասանեց Տիկին Լիզա Կապուտեան. ան վեր առաւ նման մրցումներուն բարերար դերակատարութիւնը՝ հայ մանուկին ու պատանիին կեանքին մէջ, մանաւանդ այն օրերուն, երբ ամէնուր մտահոգութիւն կ’արձանագրուի հայերէնի նահանջին մասին: Ան մասնաւորապէս շնորհաւորեց ծնողները, որոնք իրենց զաւակներու հայեցի դաստիարակութիւնը կը վստահին Հայ Դպրոցին:

Հիւրընկալ վարժարանին կողմէ բարի գալուստի խօսք արտասանեց վարժարանի ուսուցիչներէն Տիար Վահան Մեհրապեան:

Յայտագիրը վարեց Տիար Միհրան Թումաճեան, որ այս նախաձեռնութեան առաջին օրէն ի վեր, քայլ պահած է կազմակերպչական աշխատանքներուն հետ եւ կարեւոր ներդրում կ’ունենայ ձեռնարկին իրականացման մէջ: Ան ծանօթացուց դատական կազմի անդամները՝ Տիկին Թագուհի Արզումանեան, Գրիգոր Օկարեան, Մարալ Վարժապետեան, Սայաթ Պապումեան եւ Տոքթ. Մանուկ Սերայտարեան:

Մրցումը շարունակուեցաւ մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 1:30: Մասնակցող աշակերտները իբրեւ նուէր ստացան «Սարդարապատ» եւ «Ապրիլ» գրախանութներուն կողմէ տրամադրուած որմազդներ, որոնք կը ներկայացնեն պատմական Հայաստանի քարտէսն ու Սայաթ Նովայի պատկերը: Խնամակալ Մարմինը, իր կարգին, աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն նուիրեց Արցախը խորհրդանշող գլխարկներ: Յիշեցնենք, որ այս մրցումներուն զօրակից է «Շուշի Փլազա» հաստատութիւնը, որ մրցանակ շահողներուն առիթ կ’ընծայէ մասնակցիլ Շուշիի մէջ ամրան ընթացքին տեղի ունեցող համագաղութային ասմունքի մրցումին:

Ներկաներուն թէ դատական կազմի անդամներուն վկայութեամբ, բոլոր աշակերտներն ալ ունեցան գեղեցիկ ելոյթներ եւ մրցակցութիւնը ուժեղ էր: Վստահաբար դատական կազմը դժուարութեան պիտի մատնուի՝ մրցանակաւորները որոշելու համար, սակայն մէկ բան յստակ է, բոլոր մասնակիցները արժանի են մրցանակի, իսկ մեծագոյն յաղթականը՝ Հայ Բանաստեղծութիւնն է ու մեր մանուկներուն ու պատանիներուն շուրթերուն վերապրող մեր մեծ գրողները:

Մրցանակաբաշխումի հանդէսին մանրամասնութիւնները պիտի հաղորդուին ատենին:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022