Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ ծխական համայնքին համար, Նոյեմբերի առաջին շաբաթավերջը եղաւ պատմական հանգրուան մը. արդարեւ, շրջանի հայութիւնը եպիսկոպոսական Ս. Պատարագով եւ պաշտօնական հանդիսութեամբ տօնեց եկեղեցւոյ օծման 100րդ տարեդարձը եւ վերանորոգեց քրիստոնէական մեր հաւատքին ու ազգային աւանդներուն հաւատարմութեան իր ուխտը:
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Շաբաթ, 1 Նոյեմբեր 2014ի յետմիջօրէին ժամանեց Ֆրեզնօ, նախագահելու 100ամեակի հանդիսութեան ու Ս. Պատարագ մատուցելու Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ մէջ: Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան եւ Բարշ. Խաչիկ Սրկ. Շաննագեան: Ներկայ եղան Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան եւ անդամներ Տիար Վահրիճ Փիլաւճեան եւ Մարք Սրկ. Շիրին:
Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ Կիրակի, 2 Նոյեմբերի առաւօտուն, Առաջնորդ Սրբազանը Եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Սուրբ Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։
Ս. Սեղանին կը սպասարկէին Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վահան Քհնյ. Կոստանեան եւ սարկաւագներ:
Քարոզի պահուն, Արժ. Տ. Վահան Քահանայ ողջոյնի խօսք արտասանեց, շնորհակալութիւն յայտնելով Առաջնորդ Սրբազանին, որ ընդառաջած էր 100ամեակի տօնախմբութիւնը հովանաւորելու ծխական համայքնի խնդրանքին, ու հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը, որ ուղղէ իր պատգամը:
Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց եկեղեցւոյ ծխական համայնքը՝ 100- ամեակին առիթով, բարձր գնահատելով բոլոր անդամներուն գործակցութիւնը: Ան ողջունեց ներկայութիւնը Ազգային Վարչութեան անդամներուն եւ զանազան գաղութներէ եկած եկեղեցւոյ զաւակներուն: Ան յիշեցուց, թէ նախորդ օրը, Հայց. Եկեղեցին նշած էր Ամենայն Սրբոց տօնը, որ նուիրուած է յայտնի կամ անյայտ բոլոր սուրբերուն յիշատակին, որոնք եկեղեցւոյ լուսաւոր հաւատքին պահպանութեան եւ զայն նոր սերունդներու փոխանցման համար նահատակուած են պատմութեան ընթացքին, միաժամանակ դառնալով բարի ու աստուածահաճոյ գործերու ներշնչման աղբիւր: “Սուրբերը սերմնացանին ցանած եւ լաւ հողի մէջ ինկած սերմերն են, որոնք Աստուծոյ խօսքը լսելով ընդունեցին եւ զայն տարածեցին ոչ թէ միայն խօսքով, այլ նաեւ իրենց վարքով ու նահատակութեամբ”, շեշտեց պատարագիչ Սրբազան Հայրը, յուշելով թէ ինչպիսի զոհողութիւններով իրերայաջորդ սերունդներ նպաստ բերած են Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ շինութեան, եւ որոնք նահատակներու նման իրենց ծառայութեամբ հաւատքի ջահը փոխանցեցին գալիք սերունդներուն: Ան փառք տուաւ Աստուծոյ, այս իրագործումները պարգեւելուն համար, յորդորեց նոր սերունդները, որ հաւատարիմ մնան նահատակ ու զոհաբերող սուրբերու ժառանգութեան, իրենց ֆիզիքական ու հոգեկան ականջները բաց պահեն Քրիստոսի պատգամներուն առջեւ, որպէսզի Տիրոջ ցանած սերմերը բազում արդիւնք տան:
Քրիստոսի աշակերտները, ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը, առաքելութիւնը ունէին Աստուածաշունչի բարի լուրը տարածելու ամէն տեղ ու մարդոց կեանքերը լուսաւորելու ճշմարտութեան ջահով: Սուրբերը հաւատարիմ եղան այս ուղիին եւ Աստուծոյ պատուիրաններուն ջահը դարձուցին իրենց կեանքի առանցքը, այդ լոյսով պայծառացուցին մեր ազգի ճանապարհը, գործնապէս ցոյց տալով, որ իրենք եւս ճշմարիտ հետեւորդներն էին առաքեալներուն: Մենք ալ հետեւինք մեր սուրբերուն օրինակին եւ Աստուծոյ խօսքը դարձնենք մեր կեանքերը հունաւորողը, մեր զաւակները առաջնորդենք այդ լոյսով, հոգածու ըլլանք անոնց հոգեւոր դաստիարակութեան եւ աճումին, որպէսզի Աստուծոյ պատուիրանները անոնց հոգիներուն մէջ արմատանան մանուկ հասակէն եւ օր մը պտղաբերում ապրին վասն մեր եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ ի ծառայութիւն մեր ազգին:
Առաջնորդ Սրբազանը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ օրհնէ յիշատակը եկեղեցւոյ հիմնադիրներուն ու ծառայողներուն, որոնք առյաւէտ ննջած են, ու անոնց ծառայական կեանքը օրինակելի դարձնէ նոր սերունդի զաւակներուն: Վերջապէս, ան մաղթեց, որ այս եկեղեցին շարունակէ մնալ Ֆրեզնոյի հայ համայնքին բաբախող սիրտը:
Հոգեհանգստեան արարողութեան ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազանը յիշեց եկեղեցւոյ ննջեցեալ հոգեւոր հովիւները, հոգաբարձութեան անդամները եւ բոլոր ծառայողները:
Ապա, թափօրով եւ “Ուրախ Լեր” շարականի երգեցողութեամբ, դպրաց դասը, սարկաւագները, ժողովուրդն ու հոգեւորականները դուրս եկան եւ համախմբուեցան եկեղեցւոյ հիմնաքարին դիմաց. հիմնաքարին վրայ հայերէնով ու անգլերէնով արձանագրուած են թէ եկեղեցին կառուցուած է 1914ին: Հոն եւս աղօթք բարձրացուեցաւ եկեղեցւոյ շինութեան 100-ամեակին առիթով եւ երգուեցան “Կիլիկիա” մաղթերգն ու “Մեր Հայրենիք” քայլերգը:
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ Շաբաթ, 1 Նոյեմբերի երեկոյեան, Fresno Convention Center-ի մէջ տեղի ունեցաւ Եկեղեցւոյ 100-ամեակի պաշտօնական ճաշկերոյթը, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազանին, որուն կ’ընկերանային Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան եւ Բարշ. Խաչիկ Սրկ. Շաննագեան: Ներկայ էին նաեւ Ազգային Վարչութեան անդամները:
Ա.Մ.Նահանգներու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգներու կատարումէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հօր աղօթքով ու սեղանի օրհնութեամբ երեկոն սկիզբ առաւ:
Օրուան հանդիսավարն էր Տիկ. Անի Յովհաննիսեան-Գէորգեան, որ բարի գալստեան եւ շնորհաւորական խօսքեր արտասանելէ ետք, ընթերցեց Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութենէն հասած շնորհաւորագիրը: Խօսք առին Միշէլ Ասատուրեան եւ Լեզլի Մինաս, որոնք իրենց ծնողներուն կամ մեծ ծնողներուն՝ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ առնչուած յուշերը բաժնեկցեցան, յիշեցնելու ներկաներուն, թէ ինչպէս եկեղեցին սերունդներու տունը դարձած է անցեալ հարիւր տարիներուն, եւ թէ՝ ան կը շարունակէ ընկալել նոր սերունդները նոյն ձեւով:
Ընթրիքի պահուն, Սան Ֆրանսիսքոյէն եկած Մազմանեան արուեստագէտ ընտանիքը դասական նուագարաններու վրայ երաժշտութեամբ նուագներով ճոխացուց մթնոլորտը:
Արուեստագէտ Արեւ Պետրոսեան այս ուրախ առիթով ապակիի վրայ կերտուած մեծ պաստառ մը նուիրած էր եկեղեցւոյ. ան խօսք առնելով, իր կարգին շնորհաւորեց եկեղեցւոյ 100- ամեակը:
Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Վարուժան Տէր Սիմոնեան բեմ հրաւիրուելով, ողջունեց բոլորին ներկայութիւնը եւ յիշեցուց անցեալ հարիւր տարիներուն եկեղեցւոյ ստացած օրհնութիւնները, շնորհքներն ու բախտաւորութիւնները՝ նման անդամներ եւ հովիւներ ունենալուն համար: Ան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Կաթողիկոսի խօսքը մէջբերեց, ու յիշեցուց ներկաներուն, թէ “Եկեղեցի շինելը բնականաբար կարեւոր է, սակայն եկեղեցի դառնալը շատ աւելի կարեւոր է”: Բոլորին տարիներու աջակցութեան եւ զօրակցութեան համար շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք, ան կարդաց Վահան Թէքէեանի Եկեղեցին Հայկական բանաստեղծութիւնը, նշելով, որ այս տողերուն մէջ պէտք է տեսնել զուգահեռ մը, թէ ինչպէս Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հիմնադիրները դէպի երկինք բարձրացող ճանապարհ մը կերտեցին 100 տարի առաջ: Ան կոչ ուղղեց հաւատարիմ մնալու սկսուած ճամբուն:
Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան խօսք առնելով, Ազգային Վարչութեան անունով շնորհաւորեց եկեղեցւոյ 100-ամեակը, եւ իր խօսքը եզրակացուց “Իր Յիսուսով յարուցեալ եւ հոգիով հայկական, դարերուն դէմ, հոգեղէն իբրեւ Մասիս, տակաւին կա՛յ, պիտի մնայ Հայ Եկեղեցին” բառերով, խրախուսելով ներկաները գոյատեւելու որպէս Հայ Եկեղեցի:
Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Վահան Քհնյ. Կոստանեան խօսք առնելով, իր կարգին գնահատեց սերունդներու աջակցութիւնը, գոհութիւն յայտնելով Աստուծոյ հարիւրամեայ օրհնութեանց եւ օրհնեալ սերունդներու համար, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր կարգին սատարած է Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ շինութեան եւ բարեզարդման: Ան նաեւ շնորհակալութեան յատուկ խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազանին, որ վերջին շաբաթներուն երեք առիթով այցելած է Ֆրեզնօ եւ եղած է ծխական այս համայնքի զաւակներուն հետ:
Առաջնորդ Սրբազանը բեմ հրաւիրուելով, ի սրտէ շնորհաւորեց Ֆրեզնոյի գաղութը, գնահատեց հարիւրամեակի կազմակերպիչ յանձնախումբը, հոգաբարձութիւնը եւ մասնակցութիւն բերած բոլոր անձնաւորութիւնները: Ան յիշեցուց, որ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու առաջին եկեղեցին է, որ նաեւ ներշնչման աղբիւր եղած է այլ համայնքներու, որպէսզի հետապնդեն սեփական եկեղեցի ունենալու իրենց երազները: Այսօր ալ անիկա ապացոյց է ու ապրող վկայութիւն է բոլորին, թէ կարելի է ո՛չ միայն իրագործում մը կատարել ու պահպանել, այլ նաեւ բարեզարդել զայն: Եկեղեցին պահպանելը շարունակական գործ է ու կը պահանջէ, որ նոր սերունդներ, նոր ձեռքեր միանան այս գործին, որպէսզի եկեղեցաշէն ու ազգանուէր իրագործումները փոխանցուին սերունդէ սերունդ, երաշխաւորուին մեր կրօնական ու ազգային դիմագիծն ու ժառանգութիւնները: “Եկեղեցւոյ 100ամեակը, ինչպէս նաեւ ծխական այս համայնքի կազմաւորման 114րդ տարեդարձի յառաջիկայ հանդիսութիւնները գործնական վկայութիւն են այս համայնքի կենսունակութեան: 20րդ դարու սկզբնաւորութեան, հիմնադիր սերունդին կողմէ վառուած ջահը մինչեւ այսօր ալ կը բոցավառի ապրող սերունդներու կեանքին ու ծառայութէեան մէջ, անոնց ձեռքով, ու պէտք է ամէն ճիգ ընենք, որպէսզի յաջորդ սերունդներն ալ շարունակեն վառ պահել այս եկեղեցւոյ լուսատու ջահը, որպէսզի կերտուին երկուհարիւրամեակն ու աւելին”, շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը, յորդորելով ներկաները, որ նոր ժամանակներուն հետ քայլ պահելով հանդերձ, կառչած մնան մեր արմատներուն, երիտասարդներն ալ տոգորելով նոյն ոգիով: Վերջապէս, ան օրհնեց յիշատակը եկեղեցւոյ հիմնադիր սերունդին ու առյաւէտ ննջած ծառայողներուն, ու կոչ ուղղեց շարունակելու անոնց գործը, առաջնորդներ հանդիսանալ եկեղեցաշէն ու ազգանուէր ծառայութեան:
Յայտնենք, որ 100-ամեակին առիթով, հոգաբարձութիւնն ու գործակիցները պատրաստած էին գեղատիպ յուշամատեան մը, որ կը բովանդակէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի, Առաջնորդ Սրբազանին շնորհաւորանքի ու օրհնութեան խօսքերը, պաշտօնական շնորհաւորագիրներ, եկեղեցւոյ մասին հակիրճ պատմական մը եւ հոգեւոր ծառայողներուն մասին տեղեկութիւններ եւայլն:
Սրբազան Հօր փակման աղօթքով իր աւարտին հասաւ ճաշկերոյթի պաշտօնական բաժինը, ու Մազմանեան ընտանիքի նուագի ընկերակցութեամբ հաւաքաբար երգուեցաւ “Կիլիկիա” մաղթերգը:
Պաշտօնական բաժնէն ետք երգերով ու պարերով մթնոլորտը ճոխացուց սիրուած երգիչ Յարութ Փամպուգճեան: