Չորքեշաբթի, 9 Մայիսի յետմիջօրէին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ազգ. Առաջնորդարանի »Սիւլահեան« դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը »Նոր Ջուղայի Բարեկամներ« յանձնախումբի վարչութեան, որ եկած էր Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորելու վերընտրութեան առիթով։ »Ն.Ջ.Բ. Յանձնախումբ«ը կը գործէ Ազգ. Առաջնորդարանի հովանիին տակ։
Ողջունելով հիւր վարչականները, Առաջնորդ Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց այս այցելութեան ու արտայայտուած բարեմաղթութեանց համար։
Հիւր վարչականները ընդհանուր գիծերու մէջ Առաջնորդ Սրբազանին հաղորդեցին այս միաւորի ծրագիրներուն մասին։ Առաջնորդ Սրբազանը, իր կարգին, բարձր գնահատեց Յանձնախումբին նուիրեալ աշխատանքը, որ նախկին նոր-ջուղայեցիները համախումբելու կողքին, տարբեր ձեռնարկներով ու նախաձեռնութիւններով կը կիրարկէ ազգային աւանդութեանց հաւատարմութիւնը։
Հրաժեշտի պահուն, Առաջնորդ Սրբազանը յուշանուէրներ յանձնեց յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն։
ՆԱԵՒ՝ CASPSԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ
Աւելի ուշ, Առաջնորդ Սրբազանը ընդունեց CASPSի (Հանրային Վարժարաններու Հայ Ուսանողներու Յատուկ Յանձնախումբ) ներկայացուցիչները, ընկերակցութեամբ Յանձնախումբին մօտ Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչ Տոքթ. Յակոբ Տէր Մկրտիչեանի։ Յանձնախումբը նմանապէս եկած էր Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորելու վերընտրութեան առիթով, որուն համար, Առաջնորդ Սրբազանը շնորհակալութեան խօսք ուղղեց ներկայացուցիչներուն։
Հանդիպումը առիթ եղաւ տեղեկութիւններ ու տեսակէտներ փոխանակելու CASPSի գործունէութեան ու անմիջական ծրագիրներուն մասին։ Անմիջական ծրագիրներուն շարքին է հանրային վարժարաններ յաճախող ու լաւ արդիւնքներ արձանագրող երկրորդականի աւարտական աշկերտներու գնահատանքի ձեռնարկը։ Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց CASPSի անդամներուն նուիրումն ու անսակարկ աշխատանքը, որ բարիք է հանրային վարժարաններու հայ ուսանողներուն։