Երեքշաբթի, 19 Յունուար 2016ի երեկոյեան, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ընդունեց «Նոր Ջուղայի Բարեկամներ» յանձնախումբին ներկայացուցիչները, որոնք Ազգ. Առաջնորդարան եկած էին ամանորի եւ Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով շնորհաւորելու Առաջնորդ Սրբազանը: Հանդիպումին ներկայ եղան Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան եւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան։
Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց հիւրերը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց բարեմաղթութեանց համար։ Ներկայացուցիչները ընդհանուր գիծերու մէջ տեղեկութիւններ հաղորդեցին յանձնախումբի աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն մասին: Նշենք, որ այս յանձնախումբը կազմուած է ու աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր կը գործէ Ազգային Առաջնորդարանի հովանիին տակ, իբրեւ գլխաւոր առաքելութիւն ունենալով պահպանել հայկական մշակոյթն ու Նոր Ջուղայի դարաւոր աւանդները:
Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ տարուած աշխատանքներուն մասին եւ կորով ու յաջողութիւն մաղթեց յանձնախումբին: