Ուրբաթ, 27 Սեպտեմբեր 2019-ին, հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ հիւրընկալութեամբ Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիար Կարօ Էշկիեանի եւ իր ազնիւ տիկնոջ Սօսիին, Էնսինոյի Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի «Տիգրանեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ զօրակցական ընթրիք մը, ի նպաստ Լիբանանի Թեմի Ազգ. Վարժարաններուն։
Ներկայ էին Լիբանանի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, Թեմիս նախկին առաջնորդերէն Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեան, Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Կրօնական Ժողովի ատենապետ Հոգշ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան եւ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի, Ազգային Վարչութեան, եկեղեցիներու Հոգաբարձութեանց, Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի ներկայացուցիչներ, ազգային գործիչներ եւ բարերարներ։
Սեղաններու օրհնութենէն ետք, բարի գալուստի խօսք արտասանեց Տիար Էշկիեան, որ ընդգծեց հայ դպրոցի կարեւորութիւնն ու գլխաւոր առաքելութիւնը նոր սերունդներու հայակերտումին մէջ, եւ վերահաստատեց Արեւմտեան Թեմի զօրակցութիւնը։ Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Նարեկ Սրբազանը, որ առաջին հերթին շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսք ուղղեց հիւրընկալութեան եւ զօրակցական արտայայտութեանց համար, յատկապէս նշելով Թեմիս Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու Ազգային Վարչութեան ատենապետը, որոնք դրականօրէն ընդառաջած էին իր փափաքին։ Ապա, ան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Լիբանանի Ազգ. վարժարաններու իրավիճակն ու դիմագրաւած դժուարութիւնները։
Այնուհետեւ, Թեմիս Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամը ուղղեց։ Ողջունելէ ետք Նարեկ Սրբազանն ու ներկաները, ան շեշտը դրաւ ձեռնարկի նպատակին՝ Լիբանանի մեր վարժարաններու աշակերտներուն զօրակցութեան վրայ։ Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ դիտել տուաւ երկար տարիներու վրայ տարածուած Արեւմտեան եւ Լիբանանի Թեմերու ջերմ յարաբերութիւնն ու գործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ Ազգային վարժարաններու զօրակցութիւնը, որոնք հիմնուած են եղբայրութեան եւ սիրոյ սկզբունքներու վրայ եւ առաջարկեց մեր Թեմի ազգային վարժարաններուն հետ քոյր վարժարաններու դրութիւն մը ստեղծել։ Ան բարձր գնահատեց երեկոյթի հիւրընկալ ամոլը եւ կոչ ուղղեց զօրակցիլ հայ դպրոցին, հայ գիրին ու դպրութեան տարածման, որ դարերէ ի վեր եղած է ու կը մնայ հայ ժողովուրդին ամէնէն վսեմ առաքելութիւններէն մէկը, որուն խօսուն ապացոյցն է այսօրուան ընթրիքը։
Նշենք, որ նախապէս խոստացուած հանգանակութեանց զուգահեռ, ճաշկերոյթի ընթացքին ներկաները շարունակեցին իրենց սրտաբուխ նուիրատուութիւնները։