Սուրիոյ Հայութեան Օժանդակութեան Մարմինը Հինգշաբթի, 4 Յունիսի երեկոյեան, հանգանակային ճաշկերոյթ մը կազմակերպած էր, ի խնդիր իր առաքելութեան շարունակականութեան պահպանման: Այս ձեռնարկը նաեւ առիթ էր ծանօթութիւն տալու «Օքսֆամ» կազմակերպութեան հետ SARFի գործակցութեան, որ ի գործ դրուած էր Հայաստան ապաստանած սուրիահայերու որոշ օգնութիւն տրամադրելու նպատակով:
Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ եղաւ ձեռնարկին եւ զօրակցութեան կոչ ուղղեց ներկաներուն։ Հանդիսավարութիւնը կատարեց Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան: Խօսք առաւ SARFի ատենապետ Տիար Ճան Թիթիզեան: Իբրեւ բանախօս հրաւիրուած էին Փրոֆ. Հրայր Տէօքմէճեան եւ Տիար Րաֆֆի Արտալճեան, որ մասնակից էր «Օքսֆամ»ին հետ SARFի գործակցութեան համակարգումին: Փրոֆ. Տէօքմէճեան խօսեցաւ Միջին Արեւելքի զարգացումներուն մասին եւ անդրադարձաւ հայութեան վիճակուած կացութեան: Խօսք առաւ նաեւ SARFի փոխ ատենապետ Տիար Րաֆֆի Քէնտիրճեան, որ ներկայացուց «Հզօր Հալէպ» խորագրեալ ծրագիրը:
Նշենք որ Ազգային Վարչութեան անդամներ ներկայ եղան ձեռնարկին եւ մասնակից՝ հանգանակութեան։ Յայտագիրը ունէր գեղարուեստական բաժին. նուագով ելոյթ ունեցան Սօսի եւ Սալբի Քերքոնեան: