“Աւելի քան 30 տարի առաջ, այս գաղութին մէջ կարգ մը նուիրեալներ տեսիլքն ու երազը ունեցան Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցին, անոր կողքին Ազգ. Արի Կիրակոս Մինասեան Վարժարանը եւ “Ղուկասեան” սրահը կանգնեցնելու: Բարերարներու օժանդկաութեամբ եւ ժողովուրդին մասնակցութեամբ, ոտքի կանգնեցաւ “Յովնանեան” համալիրը: Հիմնադիրներէն ու բարերարներէն ոմանք արդէն առյաւէտ բաժնուած են մեզմէ, ուրիշներ մեզի հետ են, իսկ նորեր եկած են միանալու եկեղեցանուէր ու դպրոցաշէն գործին: Հիմնադիրները մնայուն գործ մը կատարեցին եւ ժառանգ թողուցին մեզի: Այս գաղութին կը մնայ նոր քարեր աւելցնել մնայուն գործին վրայ”, պատգամեց Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Կիրակի, 22 Մարտ 2015ի երեկոյեան, Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ եւ Ազգ. Արի Կիրակոս Միննասեան նախակրթարանի տարեկան միացեալ ձեռնարկին առիթով, միաժամանակ օրհնելով անցեալի ու ներկայի բոլոր բարերարները, նուիրեալ ծառայողներն ու Օրէնճ Քաունթիի ծխական մեր համայնքի ընտանիքը:
Հանգանակային ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Նիւփորթ Քաղաքի “Այլընտ” պանդոկին մէջ, ի նպաստ Ս. Քառասնից Մանկանց Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ վերանորոգութեան ծրագիրներուն եւ վարժարանի կրթական աշխատանքներուն: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Հոգաբարձութեան եւ Շինարարական յատուկ յանձնախումբին կողմէ, որ այս տարուան սկիզբը սկսած էր իր աշխատանքները, վերանորոգելու համար Եկեղեցւոյ համալիրը։ Աւելի քան 350 հայորդիներ ու համայնքի բարեկամներ մէկտեղուած էին այս կարեւոր ձեռնարկին առիթով, իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու եկեղեցւոյ ծրագիրներուն եւ առաքելութեան։ Ներկայ էր Ազգային Վարչութեան Ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան, եկեղեցւոյ յարակից մարմիններ, գաղութի մէջ գործող միութեանց ու կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ, բարերարներ ու բարեկամներ։ Նոյն ձեռնարկին, գաղութի Արի Կիրակոս Մինասեան Վարժարանը տօնախմբեց իր հիմնադրութեան 29րդ տարեդարձը: Վարժարանին մեծ ընտանիքը իր զգալի ներկայութեամբ մասնակցեցաւ այս ձեռնարկին։
Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան բարի գալստեան խօսք ուղղեց ներկաներուն ու կատարեց սեղանի օրհնութիւնը։ Վերանորոգութեան աշխատանքի յանձնախումբին կողմէ Տիար Գէորգ Քէշիշեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն ու շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին մասնակցութեան ու բարերարներու ներդրումին համար։ Ցուցադրուեցան տեսաերիզներ, որոնց ընդմէջէն վեր առնուեցան վերանորոգութեան աշխատանքներու կարեւորութիւնը, բարերարներուն դերը ու անցեալի հիմնադիրներու հանդէպ ցուցաբերուած երախտագիտութիւնը։ Ներկայ էր նաեւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի անդամ Էտ Ռոյս, որ հանդէս եկաւ իր խօսքով, գնահատելով հայ համայնքի տարած աշխատանքները այս նահանգէն ներս եւ ամէնուրեք, ինչպէս նաեւ յաջողութիւն մաղթեց ու շնորհաւորեց եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքներու ծրագիրը։ Խօսք առաւ նաեւ Տիկին Ալին Օհաննէսեան, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի առիթով գրուած Orhan’s Inheritance վէպին հեղինակն է։ Ձեռնարկի ընթացքին գնահատուեցաւ Արի Կիրակոս Մինասեան Վարժարանի Ծնողա-Ուսուցչական մարմինը իր տարած տարիներու աշխատանքին համար։
Յանձնախումբի անդամներէն տիար Քրիս Կիւլճեան փոխանցեց նորոգութեան աշխատանքներու ծրագիրը եւ վեր առաւ անոր կարեւորութիւնը գաղութի կեանքէն ներս։ Ան ներկայացուց աշխատանքներուն իրենց իւրայատուկ նիւթական ներդրումը բերած գլխաւոր բարերարները, յանձինս՝ Տէր եւ Տիկ. Լեւոն եւ Զարուհի Ղուկասեանի, Տէր եւ Տիկ. Ժուլիան եւ Ալին Մովսէսեանի, Տէր եւ Տիկ. Տիգօ եւ Բեկի Սուլահեանի, Տէր եւ Տիկ. Պետիկ եւ Մարօ Ֆէրմանեանի, Տէր եւ Տիկ. Ճորճ եւ Սիրուն Ժըմայէլի եւ Տէր եւ Տիկ. Րաֆֆի եւ Ալին Գրաճեանի (ձեռնարկին գլխաւոր հովանաւորը), որոնց յատուկ գնահատագիրներ յանձնուեցան։
Ձեռնարկի պաշտօնական յայտագրի աւարտին, բեմ հրաւիրուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, ուղղելու իր պատգամը։ Սրբազանը նախ շնորհաւորեց եկեղեցւոյ ընտանիքն ու ծառայողները, որոնց յաջող աշխատանքին մէկ արտայայտութիւնն է այս ձեռնարկը եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին:
“Հաւանաբար կը նկատէք, որ այս երեկոյ յուզուած եմ, որովհետեւ իբրեւ ձեր նախկին հովիւը եւ այժմու Առաջնորդը ձեզի հետ եմ դարձեալ եւ յիշողութեանս մէջ կը վերականգնին շուրջ 30 տարիներ առաջ արձանագրուած դէպքեր, երբ 1988ի Յունիսին այս եկեղեցին օծուեցաւ հոգելոյս Գարեգին Բ. Մեծի Տանն Կիլիկոյ Կաթողիկոսին ձեռամբ”, ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը նշելով, որ այդ օրերուն, տեսիլք եւ ազնիւ երազ ունեցող սերունդին երազներուն իրականացման պտուղներն են եկեղեցին, դպրոցն ու անոնց կողքին կանգնող սրահն ու համալիրին բաժինները: Առաջնորդ Սրբազանը երախտագիտութեան եւ օրհնութեան խօսքերով անդրադարձաւ եկեղեցւոյ հովանիին տակ արդէն ննջող բարերարներուն եւ ծառայողներուն մասին, նաեւ ողջունեց եւ օրհնեց սկսուած գործը շարունակողներն ու համալիրը բարելաւողները: “Հիմնադիրներէն ու բարերարներէն շատեր այսօր ա՛լ մեզի հետ չեն, սակայն վստահաբար հոգիի աչքերով ցնծութեամբ կը հետեւին իրենց գործը շարունակողներու իրագործումներուն, իսկ այսօր, ես կը տեսնեմ այդ սերունդէն ներկայացուցիչներ, որոնք կը մնան մեր կողքին, ներկայ են եկեղեցւոյ ու դպրոցին կեանքին մէջ”, շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը եւ նկատել տուաւ, որ այս երեկոն, գաղութին համար տօնախմբութեան օր է, որովհետեւ եկեղեցւոյ սրահին ու շրջափակին բարեզարդման եւ նորոգութեան աշխատանքները շարունակութիւնն են տասնամեակներու աշխատանքին ու ծառայութեանց, որոնց համար իր օրհնութիւնը եւ գնահատանքը բաշխեց այժմու նուիրեալներուն ու բարերարներուն:
Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքի արտայայտութիւններ ունեցաւ նաեւ այժմու հովիւին՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեանի, հոգաբարձութեան, Տիկնանց Միութեան, վարժարանին նուիրեալներուն ու շինարարական յանձնախումբին. ան յայտնեց, որ ինչպէս 30 տարի առաջ, եկեղեցւոյ ու դպրոցին հիմնադիրները յստակ նպատակով ճամբայ ելան եւ խօսքը գործի վերածեցին, այս ուղին շարունակողները եւս պարտին նոյն ոգիով ու մօտեցումով շարունակել երթը, որովհետեւ անոնք ականատես վկաներն են պտուղներուն տասնամեակներու աշխատանքի բարի պտուղներուն: Ան բարձր գնահատեց “մէկ համայնք, մէկ նպատակ” նշանախօսքով տարուող աշխատանքը, շեշտեց, որ գործին արդիւնքն է մնայունը եւ պատիւ կը բերէ զայն իրագործողներուն, հպարտութիւն՝ համայնքի բոլոր զաւակներուն, հետեւաբար նաեւ կոչ ուղղեց լիաբուռն նուիրաբերելու եւ մասնակից ըլլալու այսօրուան ծրագիրներուն իրականացման, աշխատիլ օրէնքով ու կարգ-կանոնով, այն ձգտումով, որ անցեալի իրագործումներուն վրայ նոր քարեր պիտի աւելցնենք: Ան յիշեցուց, որ 30 տարի առաջ, այս համայնքը յաջողեցաւ մէկ գիշերուան մէջ 800,000 տոլար հանգանակել ազնիւ նպատակին համար, այսօրուան սերունդը եւս կարողութիւնը պիտի ունենայ կատարելու նման սխրալի իրագործում:
Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքը եզրափակեց օրհնելով յիշատակը ննջեցեալներուն, գնահատեց եկեղեցւոյ բարերարներն ու նուիրեալ ծառայողները, յորդորելով, որ յաջողութեան հասնելու համար պէտք է գործել համեստութեամբ եւ հեզութեամբ:
Սրբազան Հօր օրհնութեան խօսքով, ձեռնարկի պաշտօնական բաժինը աւարտեցաւ, որմէ ետք պարահանդէսը շարունակուեցաւ։
Օրէնճ Քաունթիի հայ համայնքը ապրեցաւ իւրայատուկ օր մը, որ պիտի մնայ իւրաքանչիւրի յիշողութեան մէջ, որպէս գաղութակերտ առաքելութեան ու գնահատանքի օր։