Շաբաթ, 23 Սեպտեմբեր 2022-ին, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի Բաղրամեան շքեղ սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, տեղի ունեցաւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ համայնքի հիմնադրման 100-ամեակին եւ Ս. Խաչ Մայր տաճարի կառուցման 40-ամեակին նուիրուած ճաշկերոյթ, որուն ներկայ եղան նախկին առաջնորդներ՝ Գերշ. Տ. Եփրեմ Ս. Արք. Թապագեան եւ Գերշ. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան, Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան եւ անդամներ, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տիար Կայծակ Զէյթլեան, Հոգեւոր հայրեր, ծխական շրջաններու Հոգաբարձական կազմեր եւ Ազգ. երեսփոխաններ, Մոնթեպելլոյի Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի Տնօրէնութիւնը, բարերարներ, նուիրատուներ, բարեկամներ եւ հիւրեր, թիւով աւելի քան հինգ հարիւր հոգի:
Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ հոգեւորականներու սրահ մուտքով: Հանդիսավար Նազարէթ Ծատորեանի հրաւէրով Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց սեղանները, ապա Ս. Խաչ Մայր տաճարի դպրուհիները հնչեցուցին Ամերիկայի եւ Հայաստանի քայլերգները, բարի գալուստի եւ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Արաքսիա Կարապետեան եւ Նազարէթ Ծատորեան՝ անդրադառնալով Ս. Խաչ ծխական համայնքի հարիւրամեայ իրագործումներուն եւ Ս. Խաչ Մայր տաճարի հիմնադրման հանգամանքներուն, ինչպէս նաեւ շրջանի նուիրեալ զաւակներու վաստակին ու յառաջիկայի համար նախատեսուած եկեղեցանուէր ծրագիրներու: Այնուհետեւ, Ս. Խաչ Մայր տաճարի Հոգաբարձութեան ատենապետ Համօ Գասպարեան ներկայացուց Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հակիրճ պատմականն ու Մայր տաճարի աստուածահաճոյ եւ ժողովրդանուէր առաքելութեան հիմնական գիծերը:
Ս. Խաչ Մայր տաճարի Հոգեւոր տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, իր խօսքին մէջ վեր առաւ Հայ Եկեղեցւոյ պատմական դերը՝ ազգի գոյութենական պայքարի ճամբուն վրայ եւ մինչեւ մեր օրերը՝ նշելով, որ Արարատի երկրէն հազարաւոր մղոններ հեռու՝ Խաղաղականի այս օտար ափերուն դար մը եւ աւելի տարիներ առաջ հասած գաղթական հայ բեկորներ, բազում զրկանքներով, աննկուն կամքով, բայց մանաւանդ անբեկանելի հաւատքով ու նիւթական եւ բարոյական մեծ զոհողութիւններով, 1922-ին կառուցեցին լոյսի ու հաւատքի խորան՝ Ս. Խաչ եկեղեցին, որուն կեանքը այսօր կը շարունակուի մեր բոլորին սիրելի Ս. Խաչ Մայր տաճարի եւ յարակից բոլոր մասերով, ապա հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը՝ փոխանցելու իր պատգամը:
Առաջնորդ Սրբազան Հօր խօսքը թաթաւուն էր Կիլիկիոյ Հայրապետական Աթոռի՝ գոյութենական դարաւոր մաքառումներու դէմ ցոյց տուած յաղթական շեշտով եւ քրիստոնէական հաւատքի աննկուն երկիւղածութեամբ: Ընդգծելով Ազգ-Հայրենիք-Եկեղեցի եռանկիւնի կարեւորութիւնը հայութեան կեանքին մէջ՝ իբրեւ պատկանելութեան կռուան ու ազգային խորհրդանիշ, Թորգոմ Եպիսկոպոս նաեւ անդրադարձաւ հայրենի եզերքի ներկայ վտանգաւոր դրութեան եւ թելադրեց միացեալ բռունցքով դիմագրաւել ազգին ու հայրենիքին սպառնացող ամէն տեսակի վտանգ, միշտ գործել զգօն, միասնական ու սթափ, որպէսզի կարելի ըլլայ անցեալէն եկող, ներկան իմաստաւորող եւ դէպի ապագայ խոյացող մեր հայկական ինքնութեան շնորհել ապրելու նոր կեանք, հզօրանալու նոր հնարաւորութիւններ՝ մաղթելով հաւատքի մէջ տոկունութիւն, յոյսի մէջ անդրդուելիութիւն, սիրոյ մէջ եղբայրութիւն:
Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ այս առիթով շնորհաւորական սրտագին խօսքեր ուղղեց Ս. Խաչ եկեղեցւոյ համայնքի զաւակներուն, բարերար սերունդի յաջորդներուն եւ Ս. Խաչ Մայր տաճարի մեծ ընտանիքին, որ նոր դարաշրջանի ընդառաջ՝ գիտէ արժեւորել հարիւրամեայ անցեալը եւ նորոգ կորովով քալել դէպի նոր ժամանակներ: Գնահատելով մեծն ու փոքրը, հոգեւորն ու աշխարհիկը, անցեալի բարերարներն ու ներկայի նուիրատուները՝ Առաջնորդ Սրբազանը միաժամանակ ուրախութիւն յայտնեց, որ Մոնթեպելլօ համայնքի երիտասարդ զաւակներ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն եկեղեցւոյ պայծառացման գործին, ապա, այս առիթով, գնահատանքի իր խօսքին առընթեր, ան երախտիքի յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց կալա-ճաշկերոյթի հիւրընկալ ամոլ՝ Տէր եւ Տիկին Ռոն եւ Գոհարիկ Կապրիէլի:
Յայտնենք, որ երեկոն խանդավառեց Ալէն եւ իր նուագախումբը, երաժշտական բարձրորակ կատարումներով: