Հանրաձին Գործիչ Ճորճ Մարտիկեանի Երախտագիտութեան Ձեռնարկ

Շաբաթ, 10 Փետրուար 2018-ի երեկոյեան, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի «Բաղրամեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի հանդիսութիւն մը, նուիրուած՝ հանրային գործիչ եւ բարերար Ճորճ Մարտիկեանի։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին, որ կազմակերպուած էր Հայ Տեղահանուածներու համայնքին եւ Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնութեան կողմէ, իսկ երեկոյթին հասոյթը տրամադրուած էր վարժարանին։

Ներկայ էին Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Տիար Տարօն Տէր Խաչատուրեան, շրջանի «Դրօ» կոմիտէի եւ հայկական միութեանց ներկայացուցիչներ, Ս. Խաչ Մայր Տաճարի հոգաբարձութեան ատենապետուհի Տիկին Գոհար Կապրիէլ ու անդամներ, ինչպէս նաեւ Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Տիար Դաւիթ Ղուկասեան, բարերարներ ու բազմաթիւ հայորդիներ։

Հանդիսութեան սկզբնաւորութեան, Առաջնորդ Սրբազանը, ներկայ հոգեւոր հայրերուն հետ սրահի մուտքին Ճ. Մարտիկեանի յիշատակին աղօթք մատուցեց, ապա կիսանդրիին օրհնութեան հետեւեցաւ քողազերծումը։ Նշենք, որ կիսանդրիին նուիրատուներն են Տէր եւ Տիկին Հայկ եւ Արկինէ Գլըճեանները։

Ներկայ հանդիսականներուն հետ սրահ անցնելով, Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց սեղանի օրհնութիւնը եւ արտասանեց իր սրտի խօսքը, դրուատիքով խօսեցաւ Ճորճ Մարտիկեանի վաստակին մասին, զայն որակելով «արտասովոր անհատականութիւն եւ մեծ հայրենասէր»։ Ան նկատեց, որ անոր մարդասիրութիւնն ու հայրենասիրութիւնը մարմնաւորուած էին «ԱՆՉԱ»ի (Անբնակարան հայերու օժանդակութեան ազգային խորհուրդ) հիմնադրութեամբ, ինչպէս նաեւ բարերարութիւններով ու Միջին Արեւելքի հայկական գաղութներուն ի նպաստ այլ նախաձեռնութիւններով։ Ան յիշեցուց, որ Մարտիկեան ունէր անվհատ կամք եւ հետեւողականութիւն, որուն շնորհիւ ոչ միայն անձնական յաջողութիւններու հասած էր, այլ նաեւ օգտակար եղած՝ որ հայորդիներ եւս յաջողութիւն արձանագրեն եւ իրենց համար աւելի լաւ կեանք կերտեն։ Ան գնահատանքով խօսեցաւ նաեւ սոյն երեկոյթի կազմակերպիչներուն մասին, որոնք այսպէսով յարգանք կը մատուցեն Մարտիկեանի յիշատակին ու աւանդներուն, նշելով, որ բարերարին կիսանդրին պիտի կանգնի իբրեւ մնայուն յուշարար՝ անոր բարի գործերուն ու ծառայութիւններուն։ Ան մաղթեց, որ Ճ. Մարտիկեանի կեանքի վաստակը օրինակ ծառայէ բոլոր անոնց, որոնք հոգուով ու սրտով պիտի լծուին մարդկութեան ու մեր ժողովուրդի ծառայութեան։

Խօսք առին Հ.Յ.Դ. Կ. Կոմիտէի անդամ Տիար Լեւոն Կիրակոսեան, վարժարանին տնօրէնը, յանուն Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանին՝ տեղի ունեցաւ պարգեւներու բաշխում, ապա նաեւ ցուցադրուեցաւ Ճորճ Մարտիկեանի մասին վաւերագրական ժապաւէն մը։

Իր ամբողջութեան մէջ, երեկոն վերածուեցաւ Բ. Աշխարհամարտին հետեւանքով հարկադրաբար տեղափոխուած հայորդիներու կողմէ Ճ. Մարտիկեանի հանդէպ երախտագիտութեան արտայայտութեան ձեռնարկի մը։ Ծանօթ է, որ Բ. Աշխարհամարտէն ետք, տեղահանուած ու «ԱՆՉԱ»ին միջոցով Միացեալ Նահանգներ հաստատուած հայորդիներ, բնակութիւն հաստատելով գլխաւորաբար Մոնթեպելլոյի շրջանին մէջ, դարձած են շրջանի հայ համայնքին ողնասիւնը եւ տասնամեակներ շարունակ, ու մինչեւ օրս, նիւթական ու բարոյական լայն զօրակցութիւն տրամադրած են Ս. Խաչ Մայր Տաճարին եւ Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանին։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022