Կլենտէյլի «Adventist» Հիւանդանոցի Նախագահ Տիար Քեվըն Ռոպըրթսի Այցելութիւնը Ազգ. Առաջնորդարան


Երեքշաբթի, 18 Փետրուար 2014-ի յետ միջօրէին, Կլենտէյլի «Adventist» հիւանդանոցի նախագահ՝ Տիար Քեվըն Ռոպըրթս առաջին այցելութիւնը տուաւ Ազգային Առաջնորդարան, ուր մտերմիկ եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հետ: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւներէն՝ Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Աթմաճեան։

KevinRobertsVisit2Առաջնորդ Սրբազանը բարի գալուստ մաղթեց հիւրին, որմէ ետք խօսակցութիւնները ընդհանրապէս կեդրոնացան մեր գաղութը յուզող հարցերու շուրջ, յատկապէս հիւանդանոցին մատուցած ծառայութիւններուն եւ Ազգային Առաջնորդարանի ու հիւանդանոցի տարիներու գործակցութեան վրայ։

Տիար Քեվըն իր գոհունակութիւնը յայտնեց որ Առաջնորդ Սրբազանը մօտէն հետաքրքրուած է հիւանդանոցի աշխատանքներով եւ շնորհակալութիւն յայտնեց հիւանդանոցի նկատմամբ Ազգային Առաջնորդարանի գուրգուրանքին եւ մեր եկեղեցիներու մատուցած հոգեւոր խնամքին, յատկապէս հովիւներու մնայուն այցելութեանց եւ տարիներու աւանդութիւն դարձած խաղողօրհնէքի արարողութեանց համար։

Հանդիպման ընթացքին առաւել սերտ գործակցութեան հեռանկարով կարգ մը ծրագիրներու մասին մտքի փոխանակութիւն տեղի ունեցաւ, որմէ ետք Առաջնորդ Սրբազան Հայրը  յարգելի հիւրին յանձնեց յուշանուէր մը։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022