Կլենտէյլի Հայկական Գաղութի Կազմաւորման 40-ամեակ


Շաբաթ, 21 Նոյեմբեր 2015ի երեկոյեան, Կլենտէյլի պետական երկրորդական վարժարանի հանդիսասրահին մէջ յատուկ հանդիսութեամբ մը տօնախմբուեցաւ Կլենտէյլի հայկական գաղութի կազմաւորման 40րդ տարեդարձը:

Հանդիսութեան մասնակից էին Ս. Աստուածածին Եկեղեցին, Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Վարժարանն ու Րիչըրտ Թիւֆէնքեան Մանկամսուրը, ՀՕՄի «Սիփան», Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արարատ», Համազգայինի «Յովհաննէս Թումանեան», Հ.Ե.Դ.ի «Շանթ» եւ «Զաւարեան» մասնաճիւղերը: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Հ.Յ.Դ. «Ահարոնեան» կոմիտէին կողմէ:

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ հանդիսութեան եւ ուղղեց իր պատգամը, վեր առնելով սփիւռքի ամէնէն հայաշատ գաղութի մէկ կեդրոնական աւանը ըլլալու Կլենտէյլի հանգամանքն ու գնահատելով իւրաքանչիւր միաւորի ներդրումը՝ գաղութի ծաղկումին մէջ: Նկատի ունենալով, որ խումբ մը աշակերտներու պարզած պաստառի վրայ արձանագրուած էր «Պատուենք անցեալը, լուսաւորենք ներկան, կերտենք ապագան«, Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ աշակերտները վկայութիւն մը տուին գաղութի հիմնադիրներուն յարգարժան ծառայութեան մասին, թելադրելով, որ պէտք է պատուել անցեալը ու տօնախմբել իրագործումները, իսկ երբ գիտենք յարգել անցեալը, այդ ոգին պէտք է փոխանցել այսօրուան սերունդներուն, որպէսզի անոնք ըլլան մեր ապագան լուսաւորողները: Ու եթէ այս ընենք, կրնանք վստահ ըլլալ, որ մեր ապագան փայլուն է:

Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ Ս. Աստուածածին Եկեղեցին, Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան եւ Թիւֆէնքեան վարժարանները այս տարի տօնեցին իրենց հիմնադրութեան տարեդարձները, ապրող վկայութիւն ըլլալով գաղութի հայկական կեանքին: Ան գնահատանք արձանագրեց բոլոր նուիրեալներուն, որոնք ձեռք ձեռքի տուած՝ կը շարունակեն գաղութի կազմակերպման առաջին քայլերը առնողներուն առաքելութիւնը, եւ բարի երթ մաղթեց բոլորին:

Գործադրուեցաւ գեղարուեստական գեղեցիկ յայտագիր մը:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022