Երեքշաբթի, 9 Օգոստոս 2016ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Կլենտէյլի «Memorial» հիւանդանոցի ներկայացուցիչներուն, հաստատութեան նախագահ՝ Տիար Ճէք Այվի, հիւանդանոցի անձնակազմի անդամ՝ Տիկ. Մէրի Ֆիլիփեան եւ հոգեւոր խորհրդատու՝ Գէսի Մըքարթի։
Այցելուները նախ շնորհաւորեցին Առաջնորդ Սրբազանը, թեմակալ Առաջնորդ վերընտրութեան առիթով, ապա մտերմիկ զրոյցի պահ մը ունեցան, որու ընթացքին արծարծուեցան Կլենտէյլի «Memorial» հիւանդանոցի աշխատանքներն ու ապագայ ծրագիրները եւ սերտ համագործակցութիւնը Ազգ. Առաջնորդարանին հետ։ Յատուկ կերպով արծարծուեցան Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առթիւ 1.5 միլիոն նահատակներուն սրբադասման հանգամանքն ու 101-ամեակի առթիւ Կլենտէյլի «Memorial» հիւանդանոցին մէջ Ցեղասպանութեան Սուրբ նահատակներուն նուիրուած իւրայատուկ եկեղեցական արարողութեան կարեւորութիւնը։
Աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում։