Քրիստոսի Թաղման Յիշատակի Արարողութիւն Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարին Մէջ

Աւագ Ուրբաթ, 30 Մարտ 2018-ի երեկոյեան, մեր Թեմի եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ Քրիստոսի թաղման յիշատակը մարմնաւորող խորհրդաւոր արարողութիւնը: Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի թաղման կարգի արարողութեան եւ ուղղեց իր պատգամը:

Առաջնորդ Սրբազանին աղօթակից էին եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչը՝ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան ու սարկաւագաց դասը։

Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամին մէջ, կանգ առաւ մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի թաղման խորհուրդին վրայ։ Մէջբերելով շարականագիրին բառերը՝ «Անմահութիւն պարգեւող Քրիստոս, այսօր Իր մահուամբ հողին խոնարհեցաւ եւ Ան, որ անհասանելի ու անմատչելի լոյսերուն մէջ կը բնակի, Իր մարմնով թաղուեցաւ երկրի մէջ», ան նշեց, որ իբրեւ քրիստոնեաներ ու Քրիստոսի Աստուածութեան հաւատացողներ, այսօր Քրիստոսի գերեզմանին մէջ միայն անմահութիւն, յաղթանակ, մահուան պարտութիւն, մեղքի զգետնում ու մանաւանդ անհատնում լոյս պէտք է տեսնենք, որովհետեւ անմահութիւն պարգեւող Քրիստոս, Իր մարդկային բնութեամբ, հնազանդեցաւ Հօր Աստուծոյ ու գերեզմանին մէջ դրուեցաւ, բայց Իր Յարութեամբ յաղթեց չարին ու մահուան, մեզի պարգեւելով յաւիտենական կեանքի խոստումը՝ փրկութեան ու յարութեան յոյսը։

Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամը եզրափակեց յորդորելով, որ մեր կեանքը արդարութեամբ, ճշմարտութեամբ եւ խղճմտանքով ապրինք, գերեզմանենք մեր մէջ բոլոր տեսակի թուլութիւնները, մոլութիւնները, մեղքն ու չարութիւնը եւ պատրաստուինք Քրիստոսի հրաշափառ յաղթական Ս. Յարութեան։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022