Քրիստոսի Թաղման Կարգը


Ուրբաթ, 3 Ապրիլ 2015ի երեկոյեան, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ յատուկ արարողութեամբ յիշատակուեցաւ Քրիստոսի թաղումը: Հաւատացեալ ժողովուրդը համախմբուած էր եկեղեցւոյ խորանին առջեւ, ուր զետեղուած էր Քրիստոսի գերեզմանը խորհրդանշող դագաղը, ծաղիկներով զարդարուած: Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան նախագահեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ արարողութեան, որուն ընթացքին, կատարուեցան Ս. Գրային ընթերցումներ եւ երգուեցան շարականներ, որոնք կը յիշեցնեն Քրիստոսի չարչարանքները, խաչելութիւնն ու թաղումը, խնդրանք են խաչի ճամբով մարդու փրկութեան:

Նախատօնակի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը թափօրի պահուն օրհնեց բոլոր հաւատացեալները, որմէ ետք արարողութեանց խորհուրդին անդրադարձող պատգամով մը հաւատացեալներուն ուշադրութեան յանձնեց, թէ յուզիչ շարականներուն ընդմէջէն մենք մեր երախտագիտութիւնը յայտնեցինք մեզի կեանք տուող, անմահութեան աղբիւր՝ Քրիստոսի, որ մեր մեղքերուն քաւութեան համար յանձն առաւ խաչը բարձրանալ, իր արիւնը նուիրաբերել եւ թաղուիլ, որպէսզի Իրեն հաւատացողը մաքրուի մեղքերէն եւ հասնի յաւիտենական կեանքի:

“Քրիստոսի աշխարհ առաքելութիւնը անակնկալ մը չէր մարդկութեան համար, այլ այդ մասին մարգարէութիւններ կատարուած էին դարեր առաջ, թէ՝ Մեսիան պիտի գար Իր թագաւորութիւնը հաստատելու մարդկութեան կեանքին մէջ: Յիսուս իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին բազմաթիւ օրինակներով ցոյց տուաւ աստուածահաճոյ կեանքի ուղին, մարդկութիւնը յորդորեց ըլլալու համեստ, ծառայասէր ու նուրիաբերող, իսկ խաչին վրայ իր արտասանած վերջին խօսքերով իսկ գործնական օրինակ մը տուաւ հաւատացեալին, երբ ներեց մինչեւ իսկ զինք չարչարողներուն ու մահուան մատնողներուն: Աւելին, մենք Յիսուս Քրիստոսը խաչին վրայ կը տեսնենք իր մարդկային բոլոր յատկութիւններով. ան կրեց ցաւ ու տառապանք, ծարաւը յագեցնելու համար ջուր խնդրեց, ապա նաեւ Իր մօրը հոգածութիւնը վստահեցաւ սիրելի աշակերտին, որմէ ետք հոգին յանձնեց Երկնաւոր Հօր ձեռքերուն: Ան այսպէսով իր լրումին հասցուց մարդուն փրկագործութեան առաքելութիւնը, եղաւ մարդուն մեղքերուն համար զոհաբերուող Զատկական գառնուկը, սակայն մահը վախճան մը չեղաւ անոր համար, այլ ան մահացաւ ու գերեզմանուեցաւ, որպէսզի ամբողջանային Իր մասին կատարուած մարգարէութիւնները, որոնց լրումը պիտի ըլլար երեք օր ետք՝ իր Ս. Յարութեամբ”, ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը։

Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, որ Քրիստոսի գերեզմանը, որուն շուրջ խմբուած են հաւատացեալները, խորքին մէջ աւարտ մը չէ, այլ կ’անցնի գերեզմանէն՝ մահէն անդին, որովհետեւ Ս. Յարութիւնը նոր սկիզբ մը կը բնորոշէ հաւատացեալին համար. “Քրիստոսի գերեզմանը հաւատացեալին համար միայն մահուան խորհրդանիշ չէ, այլ մահուան վրայ կեանքին յաղթանակը, որ գերագոյն պարգեւն է մարդկութեան: Քրիստոսի գերեզմանը, մեղքերու քաւութեան ճամբով, մարդը անմահութեա՛ն հասցնող խորհրդանիշ մըն է: Յովսէփ Արեմաթացին եւ Նիկոդեմոս, իրենց կեանքը վտանգի ենթարկեցին, որպէսզի խաչեալին պատշաճ թաղում մը կատարեն: Մեր նախահայրերը եւս իրենց կեանքերը վտանգի ենթարկեցին ու նոյնիսկ զոհաբերեցին Քրիստոսի համար, Ան՝ որ նախ Ի՛նք մեզի համար զոհուած էր։ Ու եթէ մենք պիտի ըլլանք անոնց արժանաւոր ժառանգորդները, ուրեմն պէտք է հաւատքով խոնարհինք այս գերեզմանին առջեւ եւ փառաւորենք Քրիստոսի խաչելութիւնն ու թաղումը, որ կենդանացուցիչ եղաւ հաւատացեալներուս համար։ Իր անմեղ արեան գնով փրկութիւն խնդրենք ու հետեւինք մեր սրբազան հայրերու կեանքերով կերտուած ուղիին, որպէսզի կարենանք բաց սրտով գոչել, թէ մենք եւս Քրիստոսի աշակերտներ ենք”, եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազանը:

Արարողութիւնը իր լրումին հասաւ “Խաչի Քո, Քրիստոս” շարականին ծնրադիր երգեցողութեամբ:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022