Աւագ Ուրբաթ, 25 Մարտ 2016ի երեկոյեան, մեր Թեմի եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ Քրիստոսի թաղման յիշատակը նշող խորհրդաւոր արարողութիւնը:
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան նախագահեց Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ արարողութեան։ Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը վեր առաւ իմաստն ու խորհուրդը Յիսուսի թաղման, շեշտելով որ Յիսուսի թաղումը անհրաժեշտ էր որպէսզի ապացուցուէր Իր Յարութիւնը եւ թափուր գերեզմանը։ Հակառակ անոր, որ քահանայապետներն ու օրէնքի ուսուցիչները ճիգ ըրին որ Յիսուսի անշունչ մարմինը աւազակներու մարմիններուն հետ անթաղ նետուի, սակայն անոր փոխարէն, Յովսէփ Արիմաթացի եւ Նիկոդեմոս, Պիղատոսի իսկ արտօնութեամբ եւ հաւանութեամբ, պատուով Իր թաղումը կատարեցին։
Առաջնորդ Սրբազանը կոչ ուղղեց, որ երբ Յիսուսի գերեզմանին առջեւ ծնրադիր մեր յարգանքը պիտի մատուցենք, խնդրենք անմահութիւն պարգեւող Քրիստոսէն, որ մեզ մաքրէ մեր մեղքերէն, եւ Իր կամքին համաձայն Աստուածահաճոյ ծառայութիւն ընծայէ, Յարութեան յաղթական շունչը փչելով մեր վրայ։
Արարողութիւնը իր լրումին հասաւ «Խաչի Քո, Քրիստոս» շարականին երգեցողութեամբ: Աւարտին, հաւատացեալները խոնարհեցան Քրիստոսի գերեզմանը խորհրդանշող դագաղին առջեւ եւ անկէ ծաղիկներ առնելով, Քրիստոսի զոհագործութեան խորհուրդի պատգամով զօրացած վերադարձան տուն: