Մեծ Պահքի շրջանին, մեր Թեմի եկեղեցիներուն մէջ, ամէն Չորեքշաբթի առաւօտ, տեղի կ’ունենայ Արեւագալի ժամերգութիւն, իսկ Ուրբաթ երեկոյ՝ Հսկումի արարողութիւն:
Տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, Չորեքշաբթի, 6 Մարտին, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի հանդիսապետէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ առաջին Արեւագալի ժամերգութեան եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։
Արարողութենէն ետք, տարիներու աւանդութեան համաձայն, «Տիգրանեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ ՀՕՄ-ի «Անահիտ» մասնաճիւղի կազմակերպած Մեծ Պահոց աւանդական ճաշկերոյթը, որուն պիտի նախագահէ Առաջնորդ Սրբազանը եւ ուղղէ իր պատգամը։