Երկուշաբթի, 12 Փետրուարին կը սկսի Մեծ Պահոց քառասնօրեայ շրջանը։ Մեծ Պահքի շրջանին, մեր Թեմի եկեղեցիներուն մէջ, ամէն Չորեքշաբթի առաւօտ, տեղի կ’ունենայ Արեւագալի ժամերգութիւն, իսկ Ուրբաթ երեկոյ՝ Հսկումի արարողութիւն:
Տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, Չորեքշաբթի, 14 Փետրուարին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ պիտի գտնուի Էնսինոյի Ս.
buy temovate online www.mobleymd.com/wp-content/languages/new/temovate.html no prescription
Նահատակաց եկեղեցւոյ Արեւագալի առաջին ժամերգութեան եւ պիտի նախագահէ Տեառնընդառաջի արարողութեան։
Եկեղեցական արարողութիւններէն ետք, եւ նմանապէս տարիներու աւանդութեան համաձայն, տեղի պիտի ունենայ ՀՕՄ-ի «Անահիտ» մասնաճիւղի Մեծ Պահոց աւանդական ճաշկերոյթը «Տիգրանեան» սրահին մէջ։