Շաբաթ, 22 Հոկտեմբեր 2022-ի երեկոյեան, Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի համալիրին մէջ, ձեռամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, ներկայութեամբ Մոնթեպելլոյի քաղաքապետին, Հոգեւոր հայրերու, Ազգ. վարչութեան եւ Խնամակալ մարմնի ներկայացուցիչներու, դպրոցի տնօրէնութեան եւ Ուսումնական խորհուրդի անդամներու, շինարարական պատասխանատուներու, բարերարներու, ծնողներու, աշակերտներու, բարեկամներու, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի Հոգաբարձութեան ներկայացուցիչներու, տեղի ունեցաւ նոր կառուցուելիք փակ մարզադաշտի հիմնօրհնէք, որուն ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը:
Ձեռնարկի ընթացքին յուզիչ երեւոյթ մը պարզուեցաւ, երբ շինարարական յանձնախումբի համաատենապետ Քրիս Կուրճեան Առաջնորդ Սրբազանին մատուցեց Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանէն իր կողմէ բերուած քարակտոր մը, որ Առաջնորդ Սրբազանին կողմէ օրհնուելէն ետք պիտի զետեղուէր իբրեւ խորհրդանշական ենթահող՝ կառուցուելիք փակ մարզադաշտին համար: Այս քարը կը խորհրդանշէ մեր պապերուն հաւատքը, եւս առաւել անոնց հայրական հսկողութիւնը՝ Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի համալիրին եւ անոր ազգային, կրթական, ընկերային, մարզական եւ մշակութային գործունէութեանց վրայ:
Արդարեւ, Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանը, մասնաւորաբար արեւելեան Լոս Անճելըսի եւ հարաւային բաժնի հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս կրթական եզակի կառոյց մըն է, ուր մանուկներ, պատանիներ, երիտասարդներ հայեցի քրիստոնէական առողջ ու ամբողջական կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն կը ստանան: Այս նոր մարզադաշտի շինութիւնը կու գայ յաւելեալ ուշադրութիւն մը պարգեւելու Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի յաղթական ծրագիրներուն: