Կիրակի, 5 Յունիս 2016ի յետմիջօրէին, «Արարատ Տան» Միշըն Հիլզի համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ տարեցներու խնամատար այս հաստատութեան յաւելեալ կառոյցին հիմնարկէքի արարողութիւնը, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի: Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանային Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան եւ Բրշ. Մանուկ Սրկ. Չուլեան:
Նկատի ունենալով, որ բարեսիրական այս հաստատութեան այժմու համալիրը նեղ է պատսպարեալներու եւ նոր դիմորդներու համար, հոգաբարձութիւնը կալուածին հողաշերտին վրայ, այժմու շէնքերուն կողքին պիտի կառուցէ տարեցներու բնակավայր ծառայող շէնք մը: Այս բաժանմունքին հիմնարկէքն էր որ կը կատարուէր Կիրակի օր, ներկայութեամբ «Արարատ Տան» հոգաբարձու խորհուրդին, անձնակազմի անդամներու, բարերարներու, բարեկամներու եւ պատսպարեալներու:
Հիմնարկէքի արարողութենէն առաջ, ներկաները հաւաքուեցան հաստատութեան մատրան մէջ, ուր ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին հաստատութեան պատասխանատուներէն Տիար Տէրիք Ղուկասեան, Տիար Ռապըրթ Թէյլըր, Տիկին Ռիթա Նորավեան եւ հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Մայքըլ Սիւրմէեան:
Ապա, տեղի ունեցաւ հիմնարկէքի արարողութիւնը, որմէ ետք հոգեւոր հայրերը յաջողութիւն մաղթեցին հաստատութեան վարիչներուն, գնահատելով երէց սերունդին նկատմամբ անոնց հոգածու վերաբերմունքը: