Ա) «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈՒ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՄԱՐ ԱՇԽԱՏԻԼԸ
ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՍ Է»։
Բ) «ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴՄԷՋԷՆ
ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՈՒ ԱԶԳԻՆ ԾԱՌԱՅԵԼԸ
ԳՈՅՈՒԹԵԱՆՍ ՊԱՏՃԱՌՆ Է»։
Գ) «ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՃԱՄԲՈՎ
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴԻՆ ՀԱՅ-ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԿԵՐՏԵԼԸ
ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆՍ ԿԻԶԱԿԷՏՆ Է»։
Դ) «ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ ՔԱՐՈԶՈՒԹԻՒՆԸ
ԵՐԿՆԱՏՈՒՐ ՆՊԱՏԱԿՍ Է»։
Ուրբաթ, 16 Հոկտեմբեր 2020-ին, Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ համալիրի «Աւետիսեան» սրահին մէջ գումարուող Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Ազգային Երեսփոխանական 48-րդ ժողովի երկրորդ նիստին՝ Թեմիս Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան գաղտնի քուէարկութեամբ՝ միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ առաջնորդ յիշեալ Թեմին՝ յաջորդելով քսանհինգ տարիներ շարունակ սոյն Թեմին մեծ ծառայութիւններ մատուցած բազմավաստակ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին։
Ընտրութեան արդիւնքի յայտարարութենէն անմիջապէս ետք, շնորհաւորանքի յուսաբեր ողջոյններով սրահ հրաւիրուեցաւ նորընտիր Առաջնորդ Սրբազան հայրը: Այնուհետեւ, կազմուեցաւ եկեղեցական թափօրը, որ «Ուրախ լեր» եւ «Հրաշափառ» շարականներու երգեցողութեամբ Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանը առաջնորդեց դէպի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցի։
Նորընտիր Առաջնորդ Սրբազանը եկեղեցւոյ մէջ նախ կատարեց «կանոնական աղօթք»ը, ապա նախկին առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի ձեռքէն ստացաւ առաջնորդական գաւազանը, ողջագուրուեցաւ անոր հետ, յետոյ hոգեւորականներուն եւ աշխարհական երեսփոխաններուն իր առաջնորդական անդրանիկ խօսքը յղեց ըսելով.
«Աղօթքը կեանքիս մէջ մնայուն ներկայութիւն է: Հոգիի աճման, մտքի պայծառութեան եւ մարմնի առողջութեան համար ամենակարեւո՛րն է անիկա։ Ահա թէ ինչու, ինչպէս միշտ, այսօր եւս, ես կ՛աղօթեմ Աստուծոյ, այս անգամ՝ քիչ մը աւելի ուժգին եւ միաժամանակ խնդրանքոտ, այլեւ ամէնէն խորերէն՝ տկար, բայց Յիսուսի սիրով յորդուն իմ հոգւոյս՝ աղաչելով, որ Տէրս Իր շունչը անպակաս ընէ վրայէս, կեանքիս ամենապատասխանատու այս հանգրուանին, երբ Իր օրհնութեամբ եւ ձեր ընտրութեամբ կը կոչուիմ Արեւմտեան Թեմի առաջնորդական ծառայական այս ծանր պաշտօնին։ Կը հաւատամ ու կ՛ապաւինիմ Աստուածաշունչ խօսքին. ի քեզ, Տէ՜ր յուսացայ, մի՛ ամաչեցից յաւիտեան»։
«Որդիական ջերմ երախտագիտութեամբ եւ ակնածանօք կ՛ողջունեմ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Վեհափառ Հայրապետը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսը, որուն ուսուցչապետի կազմաւորող շունչին ներքեւ աճելու ուրախութիւնն ու պատիւը ունեցայ դպրեվանքեան իմ աշակերտական տարիներէն սկսեալ: Ամէնօրեայ իմ աղօթքն ու մաղթանքն է, որ Աստուած արեւշատ օրեր ու դալար տարիներ շնորհէ Արամ Ա. Կաթողիկոսին, որպէսզի ընդ երկայն աւուրս շարունակէ առաջնորդել՝ ի վերուստ իրեն յանձնուած հօտը դէպի կանաչ արօտավայրեր, դէպի հանգստարար ջուրեր»:
Շարունակելով իր խօսքը, նորընտիր Առաջնորդը շնորհակալութիւն յայտնեց Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին, որ անցնող տարիներուն իր բերած լայն ու ամբողջական ծառայութեամբ ու իմաստուն առաջնորդութեամբ ինքզինք արժեւորեց բարձրագոյն մակարդակով. «Ան բոլորիս համար հանդիսացաւ օրինակ բարի՝ աշխատասիրութեան, բծախնդրութեան ու հետեւողականութեան։ Ինչպէս ուրիշներ, ես եւս շատ բան սորվեցայ Մուշեղ Սրբազանէն։ Որպէս տոկունութեան եզակի օրինակ, ան իմ կեանքիս մէջ մնայուն ներկայութիւն եղաւ։ Իր ծառայութեամբ եւ փորձառութեամբ ան մեծ եղաւ։ Վստահ եմ, որ իր մեծութիւնը պիտի շարունակէ արտայայտել նաեւ յառաջիկայ տարիներուն»։ Ապա առողջ եւ խաղաղ տարիներ մաղթեց իր հոգեւոր եղբօր։
Իր խօսքը ուղղելով Ազգային Երեսփոխաններուն՝ Թորգոմ Եպս. ըսաւ. «Շնորհակալ եմ ձեր բոլորին վստահութեան։ Դուք այսօր միաձայնութեամբ ուսերուս վրայ դրիք ծանրագոյն, բայց քաղցրագոյն պարտաւորութիւն մը, զոր կը շալկեմ՝ վստահելով նաեւ ձեր զօրակցութեան, մեր հոգեւոր եղբայրներուն անմիջական լծակցութեան եւ Ազգային վարչութեան անվերապահ գործակցութեան։ Բոլորս միասին վերանորոգ հաւատքով, լուսառատ յոյսով, անմնացորդ սիրով եկէ՛ք ձեռք-ձեռքի տանք, միանանք, բռունցք դառնանք, մէկանանք եւ գործենք մեր եկեղեցւոյ առաւել պայծառութեան ու նոր սերունդի ապագային համար, վասն յաւերժութեան հայու տեսակին»։
Խօսելով մեր ներկան տագնապեցնող Արցախեան հակամարտութեան մասին՝ նորընտիր Առաջնորդը հաստատեց. «Հայաստանն ու Արցախը իւրաքանչիւր հայու աղօթքին, կեանքին եւ գործին մէջ տիրական ներկայութիւն են. գլխաւոր թեմա՝ պայքարի։ Պատերազմը թոյլ է հայու հաւատքին դիմաց, որուն վկան ինքը՝ յաղթական Արցախն է, որուն կերտիչը՝ իր ուժը հողէն ու ժողովուրդէն առնող Հայոց քաջարի բանակն է, աւիշը այս բոլորին՝ երկնայնացած յաղթականներն են եւ՝ վասն հաւատոյ ու վասն հայրենեաց դէպի անհունը ճախրող մերօրեայ նահատակները: Ահա թէ ինչու ինծի համար սրբազան պարտաւորութիւն է աշխատիլ Հայաստանի ու Արցախի համար»:
Այնուհետեւ նորընտիր առաջնորդը արտայայտուելով Հայ եկեղեցւոյ ու ազգին ծառայելու մասին՝ շեշտեց. «Ես ծառայել սորվեցայ Անթիլիասի ծառայական դարբնոցին մէջ: Իւրաքանչիւր Անթիլիասական հոգեւոր սպասաւոր ծառայ է Աստուծոյ ու ժողովուրդին: Անոր մեծութիւնը իր ծառայական կեանքի որակին մէջ է եւ անոր պարծանքը ծառայութեամբ ձեռք բերուած պտուղն է բոլորանուէր: Ես այսօր վերանորոգ պատրաստակամութեամբ, որպէս Կիլիկեան Ուխտի միաբան, իմ անձս կը դնեմ Աստուծոյ եւ ժողովուրդիս ծառայութեան զոհասեղանին: Ահա թէ ինչու Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ընդմէջէն Հայ Եկեղեցւոյ ու ազգին ծառայելը իմ գոյութեանս պատճառն է»:
Անդրադառնալով նոր սերունդի զաւակներուն հայեցի եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան՝ Սրբազան հայրը նշեց. «Արժան եւ իրաւ է յայտարարել, որ անցնող տասնամեակներուն Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանը ազգային դպրոցներու, կիրակնօրեայ վարժարաններու եւ Սուրբ գրոց սերտողութեանց ճամբով մեծ ներդրում ունեցաւ հայ-քրիստոնեայ մարդու կերտման ազգանուէր գործունէութեան մէջ: Այսօր եւս, կը հրաւիրուինք նոր շեշտ տալու մեր ծառայութեան: Ոչ մէկ բան այնքան կարեւոր է, որքան մեր համայնքի մանուկները, պատանիներն ու երիտասարդները իբրեւ հայ-քրիստոնեայ մարդ կազմաւորելը։ Ազգային Առաջնորդարանի ճամբով նոր սերունդին հայ-քրիստոնեայ կերտելը իմ առաքելութեան կիզակէտն է»:
Կարեւորութեամբ ընդգծելով քրիստոնէական հաւատքի տարածման հրամայականը մեր կեանքին մէջ, Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան հաստատեց. «Քրիստոսի անուան արձանագրուած դեսպան մըն եմ ես: Որեւէ բանէ առաջ կանչուած եմ Աստուծոյ մարդը դառնալու եւ ծառայութեանս ճամբով Գերագոյնին ձայնը ըլլալու: Ամէն բանէ վեր Կենաց Բանին քարոզիչ եմ ես։ Հայ եկեղեցւոյ առաքելաատիպ սպասաւորներ եւ պատգամաբերներ ու կրօնի եւ կիրակնօրեայ դպրոցներու նուիրեալ ուսուցիչներ եւ դաստիարակներ պատրաստելը ինծի համար ամէնէն անյետաձգելի պարտաւորութիւն կը նկատեմ։ Արդարեւ Քրիստոսի Աւետարանին քարոզութիւնը երկնատուր նպատակս է»:
Նորընտիր Առաջնորդը նաեւ մաղթեց, որ շուտով դադրին պատերազմները ու խաղաղութեան աստուածադիր ծիածանը երեւի աշխարհի երկնակամարին վրայ։ Փարատին հիւանդութիւնները եւ մասնաւորաբար պսակաւոր ժահրին դարմանը մօտագոյն ապագային գտնուի։ Բարիով լուծուին բոլոր տեսակի տագնապներ՝ տնտեսական, կենցաղային, ընկերային, ընտանեկան եւ անձնական։
Հուսկ, Սրբազան Տօնոյեան առաջնորդական իր անդրանիկ խօսքի վերջին մտածումը ներկաներուն ճամբով ուղղելով իր հօտին, ըսաւ. «Թոյլ տուէք, որ երիտասարդական աւիւնս ի սպաս դնեմ մեր համայնքի հաւաքական ՄԵՆՔին»:
Տէրունական աղօթքի երգեցողութենէն ետք ներկաները շնորհաւորական խօսքերով մօտեցան նորընտիր Առաջնորդ սրբազանին եւ իրենց ուրախութիւնը բաժնեցին ու պայծառ, խաղաղ երկնքի տակ բարձրակորով եւ անվհատ ծառայելու բարեմաղթութիւններ կատարեցին:
ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ ԳԻԾԵՐ
Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան ծնած է 1986-ին Պէյրութ, Լիբանան։ Նախնական կրթութիւն ստացած է Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլէճին մէջ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք մուտք գործած է 1997-ին։ Կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է 2006-ին։ Վարդապետական գաւազան ստացած է 2010-ին պաշտպանելով «Նզովքը Հայ եկեղեցւոյ մէջ» նիւթով թեզը։ Ապա, 2016-ին «Ատանայի հայոց թեմը» նիւթը ներկայացուցած եւ պաշտպանած է ստանալով Ծայրագնութեան աստիճան։ 2006-13 թուականներուն վարած է Անթիլիասի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքը։ 2010-14 եղած է Մայր Տաճարի դպրապետ եւ Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» եւ Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբերու խմբավար։ 2013-15 խմբագիր Կաթողիկոսութեան «Հասկ» պաշտօնական ամսագրի։ Մայրավանքէն ներս իր ստանձնած պաշտօններուն առընթեր ուսուցչական աշխատանք վարած է Դպրեվանքի, Անթիլիասի Հայագիտական ուսմանց կեդրոնի եւ ազգային վարժարաններու մէջ։ 2014-16 տեսուչ Դպրեվանուց։ Գրական աշխատանքներու ծիրէն ներս խմբագրած է գիրքեր, ունի յօդուածներ եւ հրատարակուած գրքոյկներ։ Դասախօսական ելոյթներով հանդէս եկած է Լիբանանի եւ տարբեր գաղութներու մէջ։ Երաժշտական ուսմանց հետեւած է Պէյրութի եւ Երեւանի մէջ, իսկ ձայնամարզութեան դասընթացքի (master class) Անգլիոյ մէջ։ 2016-ին մեկնած է Մեծն Բրիտանիա, եւ Ուէյլզի Սէյնթ Մայքըլ դպրեվանքին մէջ աստուածաբանական խտացեալ դասընթացքներու մասնակցած է, ուսումնասիրելով Անկլիքան եկեղեցւոյ ծէսն ու երաժշտութիւն։ 2017-ին ժամանելով Լոս Անճելըս, Առաջնորդին եւ Խառն ժողովին կողմէ նշանակուած է Առաջնորդական փոխանորդ։ 2018-ին ստացած է եպիսկոպոսական օծում, ձեռամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։
16 Հոկտեմբեր 2020-ի Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի 48-րդ Երեսփոխանական ժողովին միաձայնութեամբ կ՛ընտրուի Թեմի Առաջնորդ։