Շաբաթ, 3 Նոյեմբեր 2018-ի երեկոյեան, Համազգայինի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութիւնը Կլենտէյլի «Հիլթըն» պանդոկի սրահին մէջ կազմակերպած էր յոբելենական ձեռնարկ մը՝ Համազգայինի հիմնադրութեան 90-րդ տարեդարձին եւ Արեւմտեան մեր շրջանի միաւորին հիմնադրութեան 50-րդ տարեդարձներուն առիթով։
Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին, ձեռնարկին ներկայ եղաւ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան։ Ներկայ էին նաեւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամներէն Տիար Կայծակ Զէյթլեան եւ տիկինը ու Ազգ. Վարչութեան անդամներէն Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան եւ տիկինը։
Թորգոմ Սրբազանը կատարեց բացման աղօթքն ու սեղաններու օրհնութիւնը, իսկ աւելի ուշ՝ ուղղեց իր պատգամը եւ օրհնեց այս առիթով պարգեւատրեալները։ Արդարեւ, Շրջանային Վարչութիւնը յոբելենական այս հանդիսութեան առիթով պարգեւատրումի ճամբով յարգանք մատուցեց շուրջ 20 համազգայինականներու, որոնք բազմաթիւ տարիներ ծառայած են Համազգայինին ու Հայ Մշակոյթի պահպանման ու տարածման գործին։ Ցուցադրուեցաւ Համազգայինի գործունէութիւնը ամփոփող տեսաերիզի մը ցուցադրութիւնը, ապա նաեւ՝ մոմավառութիւն եւ տարեդարձի կարկանդակի հատում։
Գեղարուեստական յայտագիրին մասնակցութիւն բերին «Անի» պարախումբը, արուեստագէտ երգչուհիներ Անահիտ Ներսիսեան, Սալբի Մայիլեան եւ Աննա Պոյրազեան, ջութակի վրայ նուագով հանդէս եկան Անժելա Ամիրեան եւ Լուսին Ֆայլոն. երաժշտական բաժինին մասնակցութիւն բերին նաեւ Կրէկ Հօշարեան եւ իր նուագախումբը։