Կիրակի, 10 Մայիս 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ամերիկայի Արեւելեան Թեմին հովուապետական իր այցելութեան սկսաւ եւ այցելեց Ուաշինկթընի Ս. Խաչ եկեղեցին, ուր հանդիսապետեց Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին եւ Հայրապետական պատգամը փոխանցեց ներկայ ժողովուրդին: Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Մարտիրոսեան մաս կը կազմէր Վեհափառ Հայրապետին ընկերացող շքախումբին: Ծանօթ է, որ Առաջնորդ Սրբազանը գլխաւորած էր Արեւմտեան մեր Թեմի պատուիրակութիւնը, որ մասնակից եղաւ Վեհափառ Հայրապետներուն Ուաշինկթըն պատմական այցելութեան:
Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամին մէջ անդրադարձաւ հովուապետական այցելութեան ընդհանուր բնաբանին՝ հաւատարմութիւն մեր արմատներուն, որ սեղմուած է հետեւեալ խօսքին մէջ. “Եկեղեցիդ եւ ազգդ. մասնակցէ՛”: Ան ընդգծեց մեր ազգին հոգեւոր, մշակութային եւ ազգային արմատներուն կարեւորութիւնը եւ լուսարձակի տակ առաւ Հայ Եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը: Նորին Սրբութիւնը մեր մշակոյթը եւս նկատեց մեր ժողովուրդին մէկ կարեւոր արմատը: Անդրադառնալով ազգային պահանջատիրութեան, ան ըսաւ. “Մեզի համար մեր ազգային պահանջատիրութիւնը շրջագիծ, թուական եւ վայր չի ճանչնար: Մեր նպատակն է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ հատուցումը: Այնքան ատեն, որ մեր այս նուիրական նպատակը չէ իրականացուած մենք պիտի շարունակենք մեր հաւաքական ու ազգային պայքարը: Եթէ մենք մեր եկեղեցին, մշակոյթը եւ ազգային պահանջատիրութիւնը դուրս հանենք մեր ազգին կեանքէն՝ կը մնանք առանց արմատներու: Շնորհիւ այս արժէքներուն մեր ժողովուրդը մնաց կանգուն մեր պատմութեան փոթորիկներուն դիմաց”:
Պատարագի աւարտին, ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան: Ներկաները մեր եկեղեցւոյ եւ Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի դատին մասին զանազան հարցումներ ուղղեցին իրենց Հովուապետին, որ իր կարգին լուսաբանեց զիրենք:
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԻՆ Երկուշաբթի, 11 Մայիս 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իր շքախումբին ընկերակցութեամբ այցելեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ Լիբանանի Դեսպան Տիար Անթուան Շտիտի:
Նորին Սրբութեան եւ լիբանանցի դիւանագէտին միջեւ խօսակցութիւնները առաւելաբար կեդրոնացան Միջին Արեւելքի ներկայ կացութեան եւ Լիբանանի մէջ քաղաքական զարգացումներուն վրայ: Դեսպանը նաեւ մեծ գնահատանքով ու հպարտանքով արտայայտուեցաւ Ա. Մ. Նահանգներու հայ համայնքին մասին եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց 100-ամեակի ծիրէն ներս տեղի ունեցող ձեռնարկներուն յաջողութեան համար, եւ դեսպանատան ու Լիբանանի ժողովուրդին ամբողջական զօրակցութիւնը արտայայտեց: