Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժամանեց Լոս Անճելըս


Հինգշաբթի, 29 Սեպտեմբեր 2016-ի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ արժանընտիր գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ժամանեց Լոս Անճելըս՝ հանդիսապետելու համար իր ընտրութեան եւ գահակալութեան 20-ամեակի տօնախմբութիւններուն, որոնք տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ չորս օրերուն։ Ն. Ս. Օծութեան կ’ընկերանան Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական եւ Լրատուական բաժանմունքներու վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեանն ու Կաթողիկոսարանի Լսատեսողական բաժանմունքի վարիչ եւ Գաւազանակիր Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանը։

Վեհափառ Հայրապետը օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Թեմիս մէջ ծառայող Կիլիկեան աթոռի միաբանութեան անդամներուն, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ՝ Տիարք Խաժակ Տիքիճեանի եւ Վահէ Եագուպեանի, Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի եւ Ազգ. Վարչութեան անդամներու կողմէ։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022